Նորա Պարութճեան։ ԱՍՏՈՒԱԾ ՔԵԶԻ ԱՅՑԵԼԵՑ
աստուած քեզի այցելեց
կատակեցիր անոր հետ
խաղի ելար ձայնին հետ
որ կաթեցուցած էր կուրծքիդ
իրմէ փախած հրեշտակին պատկերով
ծպտուեցար քարի պէս
ու քարի պէս քանդակուեցար
սրտիդ վերջին անկիւնը
ան վշտացաւ
իր ստեղծած հաւատքէն
չէր տեսած իր սխալը
քեզմէ ուզած էր մէկ բան
որ բանէիր մի՜միայն
քու եւ իր միջեւ
հաղորդելի
ներսլացքը շեշտի
ու դրած էր ձեռքերուդ մէջ իր կամքը
թելիկ- թելիկ հիւսելի
դուն ծաղրեցիր
ալիւրին մէջ նոր թաթխուած ձեռքերդ
ինչպէ՞ս կրցար անգոսնել
մասունքը դեռ չշաղուած
ու խոցոտել
ձեր միջեւի բանուածքը
ծլումին մէջ իր ճիչին
մանկասպանի մեղքն ահաւոր ուսերուդ
ատեն ատեն կ’ահագնանայ
ու կը սկսի խծբծել
տեսարանը պարոյկիդ
որ ինքնիր վրայ ոլորուելով
կը թնճուկէ երակը
քեզ ցանկացող աստուածային երազին
ան պարտուած է այժմ
չկրցաւ սլացքդ զսպել
իրմէ առաջ խոյացար
ձեռքին ջահը կոկորդիդ մէջ մարելու
հիմա մութ է ամէն կողմ
No comments:
Post a Comment