Saturday, January 19, 2019

Նորա Պարութճեան։ ՆՈՒԷՐ



նուէր մըն է
բայց այնպիսին
որ փաթթուելով ծրարի մէջ փայլփլուն
կը ծառայէ տրուելու
բացուելէ ետք՝
չեսգիտերուրդնես մը տրորուած
ուրիշի մը համար
ուրիշ թուղթով պարուրուելու
անոյժ հաճոյք դառնալու
հոսհոնետուած առարկայ
նուէր մըն է
նուիրուելու պաշտօնով
մտմտուքէ մտմտուք
պահարանէ պահարան
ու ձեռքէ ձեռք կը շրջի
հանդիսաւոր պահը տալու՝
փրկելու

բացուելէ առաջ՝ թագուհի
ետքը՝ երեսչնայուելիք Յունուար երկու
զոր կ’աշխատին ամէն գնով թօթափել
քաշքշելով ոտքին կառչած բեռան պէս
եւ յուսալով որ պէտք կ’ըլլայ
եթէ ոչ վաղը գոնէ գալ տարի

նուէր մըն է անունը
բայց ամէն ոք
մտածումէն ջերմանալու փոխարէն
զերթ հրագունդ բամբասանքի
կը շպրտէ ուրիշի

նուէր մըն է սիրտը խոց
փախստական մաղթանքներու համր վկայ
լեղի լեզուն երբ դառնայ, եթէ դառնայ
պիտի պատմէ
թէ սրբելու իր երեսը սկրթած
քուն թէ արթուն
չնուէր մը կ’երազէ




















No comments: