Զարմինէ Պօղոսեան։ ԱՅՑ ՄԸ` ԱՐՇԻԼ ԿՈՐՔԻԻՆ.- Մահուան 70-ամեակին Առթիւ-1905-1948
Նիւ Եորք- Օգոստոս 5, 2018
Վաղինակ Մանուկ Ատոյեանն էիր երբ արհաւիրքները ետիդ
Կապոյտ Վանայ Լիճի ափին Խորգոմ քաղաքէն
Վերապրողի ցուպով մը մազապուրծ՝
Եկար հասար աւետեաց երկիրն այս
Հետդ բերելով կորուստներուդ արհաւիրքին հետ
Սեւաչեայ մօրդ՝ Շուշանիկին սիրով զեղուն գթառատ հոգին
Շատ-շատեր մինչեւ հիմա կը շփոթեն թէ
Ո՞վ է խորունկ աչքերով սա սեւաչուին…
Երկա՜ր դիտած էի քեզ գիրքերու էջերէն կամ՝
Թանգարաններու բազմամարդ սրահներուն մէջ
Երբ պաստառներուդ շարքը հիացմունքով կը դիտուէին
Մայր եւ Որդի հրաշք նկար-պաստառդ ուր. . .
. . . Ամբողջ պատմութիւն մը խտացուած ապրումներուդ
Կը վերակենդանացնէին հրէշային տարիները ազգիդ ..
Ի՜նչպէս, ինչպէ՛ս, ինչպէ՜՜ս կրցած էիր հասնիլ
Նիւ Եորք կոչուած լաբիւրինդոսին այս
Արուեստի անհոգի բոյնը ՔՈ՛Ւ իսկ գոյներովդ հմայելու
Փոխարինելով բոլոր այն ահաւորութիւնը
Որ քո՛ւկդ էր, եւ քու ժողովուրդի՛դ
Կեանքն էր գեհենային, որուն գոյն չէիր կրնար
Տալ պարզապէս…սակայն եւ այնպէս..
Բիւրեղացած ցաւիդ գոյներով կրցած էիր փոխարինել
Լիարդին դեղին մաղձը աքաղաղին երփներանգ
Գոյներովը պայծառ, կատարովը կարմիր
Մեր աչքերուն առաջ պարզելու
Բարդ ներաշխարհ մը՝ որ օրին հասկցող մ՛իսկ չունեցաւ:
Իսկ այժմ՝ հոս եմ ահա…
Քընէթիքէթ Նահանգի Շըրմըն Գոնկրիկէյշընըլ Եկեղեցւոյ
Շրջափակին գերեզմանատան մէջ համեստ ու լուռ…
Ովկիանոսէն ալ անդին, մղոններով հեռու
Ծննդավայր Խորքոմէն, կապուտակ Վանէն
Տասնամեակներ շարունակ. . . միս մինակ.. .
Այցելուի կարօտ… սրտիդ պէս ծակծկուած այս շիրմաքարին տակ…
* * *
. . .Ահա այսօր՝ այցի ենք քեզ սիրողներու փոքրիկ խումբով
Տարուան չորս եղանակներուն, ձիւնին բուքին,
Միս մինակ կանգնած այս համեստ, անշուք
Գունաթափ քարին առաջ, կը կարդամ կրկին ու կրկին
ԱՐՇԻԼ ԿՈՐՔԻ ԱՏՈՅԵԱՆ
1905-1948
Հոս թիւեր են միայն .. տասնամեակներ միմիայն
Ոչ ծննդավայր, ոչ մահուան վայր. . .
Ո՜վ այցելու, անպայման փորձէ ճանչնա՛լ զինք
Որ ձեր ալ սրտին խօսի այստեղ ննջող
Արուեստագէտը ճանաչումովը համաշխարային,
ՎԱՆԵՑԻ ՀԱ՛ՅԸ՝ որդի Սեդրակի եւ Շուշանի
Հոս ննջո՛ղը, ցուրտ շիրիմին տակ սա
Միայնակ, անշուք, ծակծկած քարի մը տակ. .
Քառասուներեք տարեկան էր միայն
Երբ հողին յանձնեցին հասուն երիտասարդն այս
Հայրը՝ երկու դուստրերու
Ներկայացուցիչը՝ ստեղծագործ, ջլատուած սերունդի մը անբախտ
Որուն տարիները գեհենային կեանքէն
Փոխադրուած էին մէկ այլ դժոխային ճակատագրի
Հրդե՛հ, հրոյ ճարակ դարձած գլուխ-գործոցները իր
Իր սիրած կինը, երկու դուստրերուն մա՛յրը,
Մտերիմ ընկերոջ գրկին մէջ գտնելու,
Դաւաճանութեան կանաչ մաղձէն ետք ,
Ինքնաշարժի վթար մը՝ որ վերջ կու տար ստեղծագործ իր աջ թեւին
Վրձինին ու երանգապնակին հետ իր մտերմութիւնը խափանելու . . .
Եւ հուսկ ապա՝
Քաղցկեղի հետ դէմ առ դէմ պայքարելու՝
Այս բոլորը՝ մի քանի տասնամեակի մէջ կը կատարուէր
Արագընթաց հեւքով մը շնչասպառ ու անյոյս՝ ի՜նչպէս ապրէր
Այս դաժան առօրեան որ ի՛րն էր,
Առանց նշոյլ մ՛իսկ յոյսի, զինք խաւարի մէջ ձգելով …
* * *
Որո՜ւն հոգն էր համբա՛ւը կամ՝ ցուցահանդէսներու յաջողութիւնը
Արուեստի աշխարհին շռայլ գովեստները
Երբ մինակ էր ան, ի՛նք իր մէջ,
Վերարկուէն փրթած կոճակը ձեռքին
Աչքերը հարազատ մը կ՛որոնէին որ միացնէին անջատուածը
Ո՜՜ւր էին անոնք, սովամահ մօրը հետ
Անգերեզման ու ցիրուցան…
Հեռու հեռուներէն զինք կը կանչէին .
Իր պատեանին քաշուած՝ հայրենի Լա՛ճն էր կրկին տնաւեր
Որ պարանը վզին ճօճուելով հանգչեցաւ ի վերջոյ հո՛ս
Սա անշուք ու սառն քարին տակ, մի՛ս մինակ……..
Առանց Ի Վերին Երուսաղէմի մ՛իսկ արժանացնելու զինք. . .
Մինչ սնափառ մարդիկ, թանգարաններու թէ իրենց
Ճոխ հիւրանոցներուն մէջ… գլուխ կը գովեն թէ՝
ԱՐՇԻԼ ԿՈՐՔԻ մը ունին
Առանց գիտնալու ողբերգութիւնը անոր կեանքին
Անունի մը համբաւաւոր աշխարհէն ներս արուեստի
Որ ո՛չ մէկ բան կը նշանակէ. . ոմանց. . . տակաւին . . .
* * *
Կը լսե՞ս արդեօք սիրելի տղայ մեր Վանեցի
Հրաշք որդին Ոստանիկ Մանուկ Ատոյեա՛նի
Մինուճարը համեստ Ատոյեան գերդաստանին
Աշխարհահռչակ նկարիչը՝ Արշիլ Կորքի
Հիմա տասնամեակներ ետք՝ մղոններ կտրելով
Ուխտ-այց մըն է այսօր որ կը փորձեմ իրագործել
ՀԱՅ աշխարհին անունով ականջիդ շշնչալու
Նաեւ շեփորելու աշխարհի չորս ծագերուն
Թէ ժողովուրդդ անսահման հպա՛րտ է քեզմով:
Լոյս տեսած է Հայրէնիք շաբաթաթերթին մէջ։
No comments:
Post a Comment