Saturday, June 13, 2020

Vatché Demirdjian's contributions to our Call for Poems on the topic of epidemics, illness, medicine, death and healing

Vatché Demirdjian, an art teacher in Paris, France has shared these original works. APP thanks him.
Click here to hear the author reading his work.

գամանպեր 


Երեսիդ դիմակ
ձեռքիդ տոպրակ

փլասթիք ձեռնոցով
կ'իջնաս փողոց

աջ գրպանդ փաստագիր
ձախ գրպանդ անձնագիր

շուկայ-մուկայ չերթալէն
ոտքերս ժանգոտեր են

Քայլերս ծանրացած
ինձմէ ալ՝ շատ հոգնաց

թաղը դառցեր է ամայի
իսկապէս՝ սարսափելի

կամաց կամաց
վերջապէս

հասայ Քառ-ֆուռ մարքէթ
մաքարնա՞ ոչ մի փաքեդ՝

ալիւր-մալիւր՞
մի՜ երազէր

հաւկիթ եթէ գտնաս
բախտաւոր ես տղաս

պէտքարանի թուղթը ուր՞ է
ուզածիդ չափ փնտռէ

օճառը չի մոռնամ ծո՝
Գտայ՜ փառք աստուծոյ

ամա՜ն սուրճն ու շաքարը
սուրճը գտար շաքարը մոռցիր

գինին ու գամանպեր*
այնքան՜ կարեւոր էր

պակեթ* մըն ալ առի
շիտակ տուն գացի

վաչէ
12/4/20

սէն-մորիս

չի-մարիս

(գամանպեր*։ֆրանսական հոտած պանիր) (պակեթ*։Ֆրանսական համով հաց)






կէս-կէս

պատուհանս
կէս բաց կէս գոց

աչքերս
կէս քուն կէս արթուն

սիրտս
կէս սեւ կէս ճերմակ

սիկարէթս
կէս վառած կէս մարած

սուրճս
կէս տաք կէս պաղ

երկինքը
կէս արեւոտ կէս ամպոտ

ռատիօն
կէս բարձր կէս ցած

լուրերը
կէս իրաւ կէս սուտ

կատուն
կես ուրախ կես տխուր

մէկը դուռիս զանքը զարկաւ
սիրտ չունէի բանալու հարկաւ

վիրուս-միրուսի ատեն
գացող եկող չկար արդէն

երկար բարակ մտածեցի
բանամ նայիմ ո՞վ է ըսի

դուռը բանալուս պէս
կէս-կէսը* մտաւ ներս

սկիզբը չի ճանչցայ իրեն
դիմակին ետեւէն

-տունիդ արջեւէն կ'անցնէի
-բարեւ մը տամ ըսի

-օրերէ իվեր
-ձայնդ չեր ելլեր

-անցնիմ նայիմ տեսնեմ
-բանի՞ մը պէտք ունիս խնդրեմ

երբ որ բանի մը պէտքը ունենամ
քեզի անպայման լուր կուտամ

-յուսամ չի խանգարեցի քեզ
բարի եկեր ես կէս-կէս
եկուր անցնինք պարտէզ 

ծառին շուքին տակը նստանք
մէկս միւսին երկար լուր նայեցանք 

ոսկի վանդակի մէջ կորսուած
ծառին ճիւղին վրայ կախուած
վանդակին դուռը բաց էր արդէն
բայց մենք դուրս չէինք ուզեր ելլել
ժամանակը կախուած էր ճիւղէն
մենք խօսեցանք հինէն-նորէն
երկինքէն ինկած թռչուն է կէս-կէսը
երբ չորս պատի մէջն ես տունը
կարծես եկեր էր այցելելու
բանտարկեալ մը տեսնելու
երանի անոր որ կէս ընկեր մը ունի լաւ
քեզի կէս ճամբան չի ձգեր բնաւ
շուտով պիտը գայ ժամանակը
շարունակելու մեր երազանքը

վաչէ
10/5/20
սէն-մորիս
չի-բանտարկուիս

կէս-կէսը* իմ լաւագոյն արդիստ նկարիչ ընկերս է, իր անունը Լորան Նիսու է

իրեն անունը «կատակի» համար ես կէս-կէս դրած եմ, մայրը հայ եւ հայրը ֆրանսացի ըլլալուն համար

No comments: