Նորա Պարութճեան։ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՊԱՀԸ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ
զիս մոռնալդ լաւագոյն պահն էր պատմութեան
արեւներէն կարմրած արագաստներ
մեկնումովս բացուեցան
դունուեսը երբ չկար
լսուեցան ձայներ անջրպետի
որքան հեռու նաւարկեցի
չկային մէջ անսահման
փրկութեան
ցանկութիւններ սպանուած
աստղերու պէս լուսարձակիլ սկսան
ու
միւս կողմը կատաղօրէն այգաբացուիլ սկսաւ
կատաղօրէն առասպելները մարեցան
ցեխադաշտը պարպուեցաւ եդեմէն
ցեղադաշտը մաքրուեցաւ ինքզինքէն
ու բացուեցաւ չսպասուածը
չեղածին մէջ կարծուած
արձագանգը խորքերէն
դանդաղօրէն մակերեւոյթ բարձրացաւ
ու մերկանդամ յայտնուեցաւ
վեհափառ
առեղծուածը խորհուրդին
ուրեմն այսպէս
մեռելները յար կենդանի կը մնան
իսկ կենդանին
փայլատակում երբ չունի
նողկալի
միսի կտոր մ’ն է որդնոտ
գեհեններու բանալի
բերանի խոռոչ գարշահոտ
սեռային բաց գործարան
ու սողունի փսփսուք
աղերսագին
մորթերու համանուագ
ուրեմն այսպէս
պաղատանքի հաճոյքով
կը շինուին սանդուխները
դունեւեսի վայրէջքին
ձախողութեան կտղուցքի մէջ
կը թփռտայ վերացումը
պզտիկ եսին կծկտած
որ չէ կրցած
ինքնամոռաց թռվռալ
դէպի
կատաղօրէն բացուող այգաբաց
ուրեմն այսպէս
է պատկերը այն կողմին
ուր ամէն բան հակառակէն կը դրուի
դուն զիս մոռցիր
ես այս կողմէն վայելեմ
լաւագոյն պահը կատաղօրէն այգաբացուող պատմութեան