Showing posts with label Lebanon. Show all posts
Showing posts with label Lebanon. Show all posts

Saturday, January 17, 2015

Պետրոս Հերեան: Լոյս ... Լոյս ...

Երկնային կապոյտ եւ գորշ խաղերուն
Խիստ ծանօթ Տանդէն,
Եւ արաբներու մեծ Մութանէպպին,
Գինիի թասին մէջ զԱստուած դիտած
Մեր հարեւանի Խայամը գինով
Նոյն գիշերն իսկ քեզ այցի եկան...

Զքեզ դիտեցին, զիրար դիտեցին,
Եւ յոյժ զարմացան երբ ստուգեցին,
Թէ իրօք սիրտդ երկինք չես բերած...

Նոր դարու վերեւ մարգարէ մը նոր
_  Սուրբ Սեւակ անուն _
Լոյս եղիցի. _ մրմնջեց իր շրթներով պիրկ,
Եւ հսկաները այնժամ հասկցան,
Թէ սիրտդ, Երկրիդ
Ժայռերուն տակն ես կամովին դրած
Երկնային ճամբան _ արդէն գուշակած _ բռնելէն
առաջ
Դրեր ես սիրտդ
Ցեղին կարօտին ու տառապանքին քմայքին ներքեւ,
Եւ Տիեզերքի մէկ երեսին տակ լացող ու անոք
Որպէսզի չըլլայ մարդը Ափի մէջ,
Եւ որ չլռէ Զանգակի տունը սգաւոր ցեղին,
Որպէս յար հնչէ պատարագը մեր քու երեք ձայնով,
Որ եղիցի լոյս...

Թող լոյս եղիցի,
Ով առաւել մարդ, եւ առաւել հայ,
Եւ առաւել լոյս մեր մեծն Սեւակ...

ՊԵՏԻԿ ՀԵՐԵԱՆ

Tuesday, December 23, 2014

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ: ԳՆՉՈՒԻ ՎՐԱՆԸ

Այծի մազե վրանին տակ, թուխ և աղուոր գնչուհին
Շա՜տ գիշերներ երազեց լուռ, հոգին խռով, աչքը բաց`
Ապրիլ ինքն ալ հեքիաթային կեանքը ոսկի պալատին,
Կրել մանեակ, վառ ադամանդ, հագնիլ սնդուս և մետաքս:

Եւ երջանիկ օր մը յանկարծ ճամբաներեն հեռասոյզ,
Եկաւ իշխանն իր երազին` հրաշքի պէս դիւթական
Եւ հրեղէն ձիուն վրայ զինքը գրկեց ու թռցուց,
Դէպի սիրոյ, երանութեան աշխարհ մը նոր ու փարթամ:

Ան ունեցաւ ամէ՛ն պերճանք դղեակի ճոխ յարկին տակ.
Գտաւ հանդերձ ոսկեճամուկ, փետուրէ բարձ ու մահիճ,
Միշտ նաժիշտներ խօսքին հլու, միշտ խնկարկու մեծարանք,
Գտաւ սեղան վայելքներու և գորգապատ մեծ դահլիճ:

Բայց օրէ օր իջաւ թախիծ իր աչքերու գիշերին.
Սէրը շղթայ դարձավ իրեն, դղեակը` բանտ մը շատ նեղ,
Եւ իր աճող տաղտուկին մէջ՝ յանկարծ զգաց գնչուհին,
Որ իրենց պարզ վրանին պէս չկար ուրիշ անուշ տեղ:

Կեցած անշարժ իր մեծադիր հայելիին դէմ արծաթ,
Յիշեց տրտում` հին վրանին բարակ գմբէթն աստղավառ,
Խարոյկին շուրջ, իրենց ցեղի երգ ու պարերը զուարթ,
Յիշեց օրերն իր թափառիկ և արտասուեց դառնաբար:

Եւ մէկ գիշեր, լռութեան մեջ, երբ ամէն ինչ կը ննջէր,
Դղեակի մեծ դարպասէն դուրս անցաւ գաղտնի, առանձին
Եւ թողած գանձ, թողած վայելք, խենթի մը պէս անհամբեր`
Բռնեց ճամբան մութ ու մոլոր` այծի մազէ վրանին...

Tuesday, November 25, 2014

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ: Ո´Չ ՄԷԿ ԲԱՂՁԱՆՔ

Ոչ մէկ բաղձանք, հարց ու տագնապ,
Ոչ իսկ երազանք
Կը բերեմ ձեր սեղանին ես այսօր,
Որ չտարուիք ձեր վէճերով բիւզանդական.
Երեկոյեան նիստերուն ձեր քննարկման, թէ բամբասանքի,
Եկէք հարց տանք. ի՞նչ մնացին փուչիկներէն ուռճացուած,
Զոր անհատնում ձեր շունչերով յագեցուցիք,
Ու խօսքերէն անդին, ո՞ւր մնացին գործերն այն հրաշալի,
Զոր շեփորեցիք անդադար։
Դուք, որ սովոր էք կերպարանափոխել կինը,
Ու վերածել տգեղութիւնն անոր գրաւչութեան անմրցելի,
Կամ ցոփութեան տիպարի,
Գուցէ վերածէք ձեր կիրքերը՝ շինիչ գործի,
Որ կը շրջէ մարդուն ապիկառ տագնապը
Յուսադրող տեսիլքի, ու բաղձանքը՝ իրականութեան.
Բերէք ինծի դո՜ւք ձեր երազանքները ի´մ դատաստանին,
Ու ձեզ կշռադատեմ ե´ս, գէթ անգամի մը համար։
Բերէ´ք ինծի հանճարեղ վրձինը Տալիի
Ու ես նկարեմ ձեր կերպարները անճոռնի,
Որ կը ցցուին անկոչ ու ընդմիշտ,
Տխուր թէ ուրախ ամէն առիթի՝
Մեր մոլագար աչքերուն դիմաց.
Ես վարսայարդար չեմ, ո´չ ալ՝ դիմայարդար,
Որ կեղծամներէն յարդարեմ շքեղութիւն իւրօրինակ,
Կամ փոշիներով բազմերանգ՝
Շպարեմ դէմքեր՝ խորշոմած ու կնճռոտած.
Մի´ համոզէք որ ձեզ չպարսաւեմ,
Կամ բարեխօսեմ՝ իմ ու իմ միջեւ.
Ժողովներու թէ բամբասանքի նիստերուն ձեր
Ես տեղ չունիմ, ոչ ալ՝ հարց ու երազանք,
Բոլոր հարցերն ու տագնապները վերածեցիք քուրջի,
Այլեւ փանտորայի շքեղ տուփի՝ վիժած տեսիլքներով լի,
Մարդը դարձուցիք ցից հանուած հրէշի,
Ժամանակն ալ վերածեցիք ձեր խաղադաշտին՝
Օտարացող հրապարակներուն վրայ:

Հիմա գիտէ՜ք ի՞նչ կ᾿ուզեմ հրամցնել ե´ս ձեզի,
Որպէս հաճելի նիւթ քննարկումի,

Այդ ալ խելքի չեկող խելօք շանս ճակատագիրն է յիրաւի։

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ
ԱՐԾԻՒ Շաբաթաթերթ, 
Հոկտեմբեր 2014, ԻԱ. Տարի, Թիւ 15-16, էջ 7:

Saturday, October 25, 2014

Hamazkayin's PAKIN issues - redesigned website

A link for all to access past issues of PAKIN going back to 2008.


Enjoy!

Sunday, July 20, 2014

ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ: ԵՐԲ ԱՐԵՒՆԵՐ ԿԸ ԼԵՐԴԱՆԱՆ...ԿԸ ՏԻՐԷ ԿԱՄՔԸ ՄԱՀՈՒԱՆ

Ա
Ամէն անգամ երբ կը փորձեմ
դուրս գալ վայրէն այս մահաստուեր
անաչք դէմքեր կ՚երկարին տեսադաշտիս դէմ կրկին
եւ ոսկորներն ալ երկինքի կմախքներուն
աչքերուս մէջ փուլ կու գան

Մահուան ընծայ ուղիներն ու սեւ աստղը օրերուդ
– հաղորդակցութեան օ՜ գիծեր տարտամ –
սուր ճիչի մը պէս կ՚ընդհատուին յանկարծ
եւ ես կը դառնամ մեռած օրերու
եւ տառապանքի շիրիմ չարակամ
քու չգոյութեան վախէս զզուելի

Բ
Ինչո՞ւ բոցը կը լափէ պայծառ դէմքըդ ամէն օր
երμոր հեռու եմ քեզմէ ու քու կանչէդ ալ μոսոր
երμոր հեռու եմ նոյնիսկ անօթեւան իմ սրտէս
եւ մանկութեան տաղերուն քաղցր արեւէն սիրակէզ
Ո՞ւր պիտի տանի ճանապարհն այս զիս
խաւարներ սուլող բորենիներուն ու գայլերուն հետ
խօսքն ընդհատող բրտութեան կրկէսէն զատ
ո՞ւր պիտի տանի նենգ μաւիղն այս զիս
ուր վարագոյրը մեծ ողբերգութեան
արդ կ՚իջնէ հանդարտ
լոյծ ու անտարբեր

Գ
Մէն մի տառի եւ բառի միջեւ
մէն մի խօսքի եւ արձագանգի միջեւ
մելանը որ արիւնն է գիրին եւ հոգին լոյսին
մելանը որ եղբայրն է հողին եւ տենդը տեսիլին
գիշեր-գիշեր օ՜ կ՛երկարէ անաղարտ խօսքը մութին
որ յուշերու ջուրերուն մէջ կեանք լողացող շողերով
վեր կարկառեմ ժամանակը շարժումին
Բայց արեւները տակաւին կը լերդանան քարերուն
մողէզները կը դառնան դեսպանները շիրիմներուն
պահը կը կքի լռութեան ծաղկեպսակներուն
ձայները քար՝ քար կը կտրին օդին մէջ
նոճին կը յայտարարէ ժամը հանդիպման
եւ կը տիրէ կամքը մահուան

Դ
Ինչպէս շրջանները կը հեռանան իրարմէ
այնպէս ալ կը տարանջատուին մարմինները մեր
կը տարակուսին ցերեկ ու գիշեր
կը տարագրուին արեւ ու μեւեռ
կը դառնան անյայտը խուզարկող աստղանաւեր
եւ իբր թէ կեանք կ՚ապրին մահիճներուն խաւարի

Ինչպէս սիրածառը կ՚արտասուէ
կարօտի կանչեր ու հրաժեշտի ողբեր՝
իր ծաղիկներուն ու աշնանային միրգերուն համար
այնպէս ալ կորուստները կը խտանան մանուկին դէմքին
որ գարունէն իսկ առաջ փնտռեց միայն տաք ափեր
սայթաքեցաւ օրերու ծործորներուն մէջ մթաստուեր
եւ մնաց թափուր
եւ մնաց անտէր

Տէր իմ μարեգութ եւ ամենազօր
խօսքն իմ մեղաւոր դուն անշարժ պահեա՛
որովհետեւ ո՛չ զօրութիւնը կամաւոր աստղերուն
եւ ոչ ալ միգանոյշներն ու սատանաները վերին
կրնան մանուկին սուգը վերածել երկնային ովասիսի
իսկ հօր հոգիին հրդեհը՝ ազգային քայլերգի

Ե
Ըսի ես քեզի
– դեռ կանուխ է հայր
ըսի ես քեզի
– դեռ շատ կանուխ է այս կատակին ծանր
ըսի տակաւին
– ինչո՞ւ շտապել ու մեկնիլ անդարձ
երμ դեռ նոյնիսկ չես քաղած պտուղները ծառերուդ՝
աւելի հասուն սիրոյ արեգակէն
աւելի շքեղ անմահական խնձորէն
եւ աշխարհներու ուժը ամբարող մրջիւնին սրտէն

Ինչե՜ր չըսի ես քեզի
բայց դուն արիւն իմ չարքաշ
քեզի վայել հպարտութեամμ մեկնեցար այս աշխարհէն
դառնալու սպարապետը քեզմէ գերիվեր ուժերու
կտակելով մեզի բոցը պայքարին
եւ յայսմաւուրքը մերժումին

Հիմա կ՚անցնիմ փողոցներէն ամայի
եւ քայլերուս յանդիման հպարտ երթըդ կը փնտռեմ
ապշանքիդ հետ կը մեծնամ հանելուկներն որդիիս
կը μարμառիմ քու հունչով եւ ծիծաղով անսահման
եւ կը փորձեմ աւարտել անհոգ պատկերդ անթերի
μայց դուն հայր իմ միշտ μարի՝ արեւէն իսկ աւելի
ըսէ ինչո՛ւ խոյս կու տաս օրերէն ու լոյսէն
եւ կը դառնաս մթին փոս
եւ լռութեան սեւ ակօս
զարմանքին մէջ թոռնիկիդ
եւ ապշահար իմ սրտիս

Զ
Վերադարձար դուն հայր իմ
երμ վերադարձն ալ միայն տառապանքի սեւ վարդ էր
որ գիծերու մէջ մթին հազար յուշեր կը μարդէր
հազար վիշտեր կը թարթէր
եւ այլ երμեք չէր լռեր

Վերադարձար պատկեր իմ
թախիծներու թափանցիկ շողերուն հետ ու սուգին
երμ ափերուս տակաւին μիւր ուղիներ կ՚երկարին
եւ կ՚երկարեն անաւարտ ուղիները խաւարին
մինչ ճամբուս վրայ՝ կարօտի կանչեր
մինչ ճամբուս վրայ՝ կարօտի ճիչեր
կը կողոպտեն արիւնն իմ եւ բառերը քու վերջին
ինչպէս փոթորիկները՝ կալերը սրտին
տաղերը յոյսին
եւ խօսքը լոյսին

Է
Ո՜վ մտերմութիւնը վարդին
եւ ճենճերումը թաց հողին
μոլորը անմեղ են վարդին արիւնէն
որ գարունը չμացուած խաղաղ–խաղաղ զենեցին
Ծիծեռնակները նոյնիսկ հիմա այդպէս կը կարծեն
μայց կը մոռնան որ արիւնըդ զենեցին
մինչեւ անեզրը մահուան անջրպետին
ուր ճակտի գիրըդ μաժանման կանգառ է պարզապէս
կամ հանդիպման ստապատիր խոստում կարծես

Ո՜վ բարեկամութիւնը վարդին
եւ խաչելութիւնը արեգակին
դուն օդն ես նամակներուն եւ դողը համμոյրներուն
որոնք անդադար կը դառնան իրենց հարսանիքներուն
եւ քար առ քար կը փշրուին վաղվաղակի
ողμերգութեանց սալին վրայ մեր կեանքի

Ը
Փոշին եմ նստած շիրիմիդ վրայ
եւ լռութիւնն եմ քարին այլայլած
ուր իմ մահաշուք դէմքիս գիծերէն արիւն կը տեղայ
կեանքըս կողոպտած դամբանիդ վրայ

Փոշին եմ նստած փոշիին վրայ
որ իր շարժումէն սաստիկ կը սոսկայ
սաստիկ կը սոսկայ

Թ
Հայրըս ծառ էր մշտադալար
հեքիաթ մը տաք ու անμարμառ
որուն այμուμենը պատուիրանն էր չարքաշութեան
իսկ քերականը՝ կողմնացոյցը համեստութեան
Բարեկամն էր ան ծառին ու ամպին
մտերիմն էր ան կապոյտ թռչունին
հարազատն էր ան զուարթ մանուկին
հոգեղμայրն էր ան սէր արեգակին
եւ տրիբունը՝ հայոց աշխարհին
Բայց մեկնեցաւ
ճիշդ հեքիաթի պարիկին պէս
եւ մենք դատապարտուեցանք անաւարտ գաղթէ մը
դէպի նոր գաղթի մը
որ չունէր սկիզμ
եւ չունի վախճան

Ժ
Երկիրներու մէջ
ուր սպասումը սառցալեռն է մխիթարանքին
ուր մխիթարանքը կրկներեւոյթն է ժամանակին
ուր ժամանակը վախճանագիծն է անհեթեթին
ուր անհեթեթը վեջին խօսքն է ճակատագրին
ուր ճակատագիրը լուսապատճէնն է մեծ խաμկանքին
եւ ուր չենք կրնար զանազանել արեւը լուսինէն
եղայ տխրադալուկ լուսինը ողμերգութեան
լուսնին վրայ հանգչեցաւ խաւարումը մահին
իսկ դէմքիս՝ եղերերգը չգոյութեան
որ հեռաւոր երկինքներէ դաւաճան
տխուր–տխուր հօրս դէմքը աւերեց
եւ կ՚աւերէ ու կ՚արիւնէ տակաւին

Հալէպ, 27 Մարտ 1990

Tuesday, June 24, 2014

PAKIN meeting in Beirut, Lebanon

ԲԱԳԻՆ-Ի ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ 2014 Թիւ 2

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ կը ներկայացնէ

ԱՂՈՒԱՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ

(բանաստեղծ, խմբագիր, Ազգային Ժողովի անդամ, Նախկին նախարար)
ԵԼՔ ԵՐԿՐԻՑ
Բանաստեղծութիւններու հատորը (166 էջ)

Տեղի կ’ունենայ Չորեքշաբթի 25 Յունիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին,
ԲԱԳԻՆ-ի խմբագրատունը, Շաղզոյեան շէնք, 2-րդ յարկ

Կը խնդրուի ճշդապահ ըլլալ


Monday, March 31, 2014

Literary Quote for March 2014

Պատուհանէս ներս խոնարհ, ծաղիկներու բոյրի պէ'ս,
Կ'անցնի աղջիկն արեւին, կը համբուրէ ճակատէս
Կը բեկբեկի, կը շոյէ, յետոյ մարմնիս կը փարի,
Սիրոյ նըման ջերմագին՝ ու գթութեան պէս բարի:

Վահէ-Վահեան
Բանաստեղծին Սիրտը

Sunday, February 02, 2014

Նիկոլ Պեզճեան: Այսօր

Այսօր խունկ կը վարեմ լուռ եմ
Այսօր մոմ կը վարեմ սուգ եմ
Այսօր իր վերջին ժպիտը կրկին ...
կը տեսնեմ արցունք իմ աչքով
Սուրբ օր է այսօր, տօն է այսօր
Յաւերժ ՄԱՅՐՍ հողին կը հանցնեմ:


TODAY
Today I burn incense in silence
Today I light a candle in mourning
Today the last smile once more…
With my own eyes I see tears
Today is holy  today is Holyday
I hand my Mother to mother earth
For eternity…
…………………………. Nigol Bezjian
Translated by Tatul Sonentz

Tuesday, January 21, 2014

ԵԴՈՒԱՐԴ ՊՕՅԱՃԵԱՆ: ԵՐԳ՝ ԱՂՈՒՈՐ ԼՈՅՍԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Le ciel est par-dessus le toit,
si bleu, si calme!
P. VERLAINE


Դուն կը սիրես պայծառութի՜ւնն այս կապոյտ,
Որ կը յորդի ճամբաներէն ամայի,
Որ կ՛իջնէ լո՜ւռ, ջրկայքներու մէջ անքոյթ,
Կամ կը գրկէ զանգակատունը գիւղի։

Սի՛րտ, կը սիրես անդորրութի՜ւնն այս պայծառ,
Տանիքներուն ու ծառերուն ալ վրան,
Աշնան լոյսերն ու քաղցրութի՜ւնը անծայր,
Աստղերն յետոյ ա՛լ տրտմաշո՜ւք գիշերուան։

Նոճիներուն մութ հասակին շուրջ ապրող,
Ճառագայթներն որքան անո՜ւշ կը ժպտին,
Կը թրթըռան աշունին մէջ այս շէնշող,
Խունկ կը բուրեն շիրիմներուն ա՛լ չորս դին։

Աղօ՛թք է՝ լոյսն աշուններուն ու հեքիաթ՝
Պար է նաեւ քացրակշռոյթ, սրտիս մէջ
Նուրբ արձագանգ ու վերացում դաշնառատ,
Արծաթացած աղուոր տեսնչա՜նք մը անշէջ։



Ղըրրբիկ (անտիպ)

Thursday, November 14, 2013

«ԲԱԳԻՆ»Ի ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ



ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՆՑ 
Սփիւռքի հայ գրականութեան վաւերական դէմքերէն
(Թաւրիզ՝ 1925- Պոսթոն՝ 1994)

Կը ներկայացնէ

Արուեստագիտութեան դոկտ. ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ (ԵՐԵՒԱՆ)

Տեղի կ’ունենայ Չորեքշաբթի 27 Նոյեմբեր 2013-ին,
երեկոյեան ժամը ճիշդ 8-ին, «Բագին»ի խմբագրատունը, Շաղզոյեան շ
էնք
Ծանօթ. Նկատի ունենալով, որ բացառաբար
հանդիպման ժամը փոխուած է, կը խնդրենք որ ճշդապահ ըլլաք:
Կը խնդրուի նաեւ չխաչաձեւել:


Հրատարակուած երկեր. Վէպեր՝ ԿԱՐԹԱԳԵՆԻ ԴՈՒՍՏՐԸ (Պէյրութ, 1972), ԱԴԱՄԻ ԳԻՐՔԸ (Նիւ Եորք 1983): Պատմուածքներ՝ ԱՆԾԱՆՕԹ ՀՈԳԻՆԵՐ (Պէյրութ, 1970), ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԻ ՀԻՆ ՍԵՐՄՆԱՑԱՆՆԵՐԸ (Պէյրութ, 1975), ՄԻՋՆԱՐԱՐ (Նիւ Եորք, 1981), ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՇՈՒՐՋՊԱՐ (Նիւ Եորք, 1986), ԱՆԿԱՏԱՐ (Նիւ Եորք, 1987), ՄԻ ՄԱՐԴ ԵՒ ՄԻ ԵՐԿԻՐ ԵՒ ԱՅԼ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐ (Ուոթըրթաուն, 1994): Այլ գործեր՝ ԵՐԿՈՒ ԱՇԽԱՐՀ (Ուոթըրթաուն, 1992), ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ (Արլինկթըն, 2009):

Wednesday, November 06, 2013

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ: ՀԱՅ ՄԱՄԻԿԻՆ ԱՂՕԹՔԸ


Ալ կը բաւէ՛, Տէ՜ր Աստուած, մեր տունն ու տեղ դարձուր մեզ,
Թշնամիս իսկ մեզ նման ուրիշի դուռ չձգես:

Անասունին կու տաս որջ եւ թռչունին՝ տաքուկ բոյն,
Իսկ մարդոց ալ մեղաւոր՝ տո՜ւր ապաւէն մէկ անկիւն:

Թող պալատներ վայելեն մեծահարուստն ու արքան,
Մեզ արժանի ըրէ, Տէ՛ր, մեր խրճիթին աննշան:

Ո'չ հանգիստ կայ, ո՛չ ալ քուն ցուրտ յարկին տակ օտարին,
Ա՜խ, եօթն օրէն աւելի հիւր չպահես ո՛չ ոքին:

Քու օրհնութիւնդ իջնէ, Տէ՜ր, ամբարներուն մեր նորէն,
Եւ օտարներ կշտանան մեր լիառատ սեղանէն:

Մեր սրտերուն հետ կարօտ, հին աղօթքներն ալ չորցան,
Առանց տոհմիկ այն խունկին, որ կը ծխար քու անուան:

Ծիծաղն է լաց, երբ մարդուն չի տար իր տունն արձագանգ,
Եւ արցունքն ալ՝ դառն հեգնանք, երբ չկան երդ ու փականք:

Տո՜ւր որ, Աստուա՛ծ, ամէն սիրտ վառի իր սուրբ օճախէն,
Որ չմարի մոմի պէս կեանքի դաժան հովուն դէմ:

Տո՜ւր որ ամէն ուռճացող մատղաշ հասակ իր կարգին
Զգայ յանկարծ ուսերուն բեռն իր նուշ երդիքին:

Ծնող մանուկն առջի հեղ տեսնէ տնակն հայրական
Եւ ծերունին իր տան մէջ փակէ աչքերն յաւիտեան:

Tuesday, September 10, 2013

«ԲԱԳԻՆ»-Ի ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

 

Հրաւէր` ուղղուած ոչ միայն գրասէրներուն

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ` ԸՍՏ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ԱՐՏԵՄ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ «ՀԵՌՈՒՍՏԱՊՈԷՄՆԵՐ` «ՇՈՒՇԻ» ԵՒ «ԲԱԲԵԼՈՆ» ՀԻՒՐԱՆՈՑՆԵՐԻ ԱՇՏԱՐԱԿԻՑ» ՀԱՏՈՐԸ (2010, 640 էջ)

Կը ներկայացնէՅ. ՊԱԼԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին»-ի խմբագրատունը, «Շաղզոյեան» կեդրոն, Բ. յարկ:
Կը խնդրուի ճշդապահ ըլլալ:

Thursday, August 08, 2013

ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԼԻՔԵԱՆ: ՀԵՌԱՑՈՒՄՆԵՐ

Հեռանում են ամեն օր, հեռանում են ամենուր,
Հեռանում են մի առ մի, հեռանում են շար ի շար,
Հեռանում են աննշմար, թէեւ լեռ են ու բլուր,
Հեռանում են անմռունչ, կարծես լիճ չեն, գետաշխարհ։

Հեռանում են աշխարհից աւելի հեշտ ու յօժար,
Քան իրենց տուն ու ծխից պոկուել էին սրերով,
Հեռանում են կամակոր, դժուար, դանդաղ որպէս դար,
Իրենց յոյսից հողն իրենց անյոյս թողնել չուզելով։

Թէեւ աչքերը նրանց այլուրներում են շաղւում,
Բայց նո’յն երկրում են նրանք մարում մոմերը հսկիչ.
Ի՜նչ փոյթ, թէ ո’ւր է կորչում ճառագայթի պէս մեղուն՝
Նա միեւնոյն փեթակում մթագնում է մի բջիջ։

Հեռանում է սասունցին, եւ կոպերի հետ նրա
Մի նոր ստուեր է իջնում բարձրիկ սարին Մարաթուկ,
Աղօտանում են Դաւթայ աղբիւրները սառնորակ,
Վառօդի ծուխն է քամին Անդոքի շուրջ փարատում։

Հեռանում է մշեցին, եւ թուլացող, հոգեվարք
Զարկերակի հետ նրա Մեղրագետից մի ալիք,
Որ հայդուկի վէրք սրբել, ցոլացրել էր զէնք ու վարգ,
Ցամաքում է, չհասած Արածանուն, ձնհալին։

Մահանում է վանեցին իր երկրային դրախտի
Սիփանախտից, ծովախտից ու վարակից Վարագայ,
Եւ այդ պահին Աւանցում մի նորեկ թո’ւրք նաւաստի,
Ժպտում է, գոհ իր բախտից, բացում երկթեւ առագաստ։

Հեռանում են բազմանուն կիլիկեցին, ակնեցին,
Ձեռնուրագի պէս ճարտար ու քերթութեան պէս խոկուն.
Խլանում են գոռ վայրեր, զնգուն, ինչպէս սուր կացին,
Ու թօշնում է մի նշի հայրէնների պուրակում...

Հեռանում են ամեն օր, հեռանում են ամենուր,
Հեռանում են մի առ մի, հեռանում են շար ի շար,
Եւ մի երկիր, որ երբե’ք յուշանալ չի կամենում,
Պարպուելով աչքերից, հոսում է ողջ սի՜րտն ի վար։

Tuesday, June 11, 2013

Եդուարդ Պօյաճեան: ԳԱԳԱԹՆԱԿԷՏ` ԲԱՂՁԱՆՔԻ ՄԸ ՎԱՂԱՆՑՈՒԿ


Քովդ ըլլալ, նայիլ քեզ,
Քովդ ըլլալ, լսե՛լ քեզ,
Քովդ ըլլալ եւ խօսիլ
Քովդ ըլլալ ու լռել…:
Գալ լոյսէն առաջ, գալ մութէ՛ն առաջ,
Աստղերէն կանուխ,
Հովը դեռ չեկած`
Մտնել հոգիիդ կիսաբաց դռնէն…
Բոլորն երբ մեկնին.
Երբ որ քունը գայ ու դարձեա՛լ մեկնի,
Դեռ քեզ հե՛տ մնալ, սիրտ սրտի՛ մնալ:
Քո՛ւ երջանկութեան իտէալը մնալ:
Քու անունէդ աւելի քեզ մօ՛տ ըլլալ,
Սրտէդ աւելի քեզի պէտք ըլլալ,
Քու վրադ ցանուող ափ մը հող ըլլալ,
Եւ արցունք ըլլալ, լռութիւն ըլլալ,
Քեզի Աստծոյ տանող գի՜րկն ըլլալ:


Եդուարդ Պօյաճեան (1915-1966)

Բանաստեղծ, արձակագիր, հրապարակագիր, քննադատ, խմբագիր եւ ուսուցիչ Եդուարդ Պօյաճեան ծնած է Մուսա Լերան Խըտըր Պէկ գիւղը՝ 1915-ին, Մուսա Լերան հերոսամարտի օրերուն: Երեք ամսուայ երեխայ, ծնողներուն հետ փոխադրուած է Փոր Սայիտ, ուր մնացած է 4 տարի: Ծննդավայր վերադարձին, ուսման առաջին շրջանը անցուցած է գիւղական երկու վարժարաններուն մէջ. մէկը՝ Խըտըր Պէկ, միւսը՝ Եօղուն Օլուք. իսկ երկրորդ շրջանը՝ Պէյրութի Հայ Ճեմարանէն ներս, 15 տարեկանէն մինչեւ 20 տարեկան (1930 - 1935):

Գրել սկսած է փոքր տարիքէն, իսկ տպուիլ՝ 1932-ին: Աշխատակցած է Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագրին, Փարիզի «Յառաջ»-ին, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին եւ շաբաթաթերթին, «Նայիրի» ամսագրին եւ Պէյրութի նոյնանուն շաբաթաթերթին. նաեւ «Հասկ»-ին, «Ակօս»-ին, «Ազդարար» -ին եւ «Բագին» -ին: Գործածած ծածկանունները եղած են Ալպաթրոս, Վազգէն Տիրանեան, Ե. Սարենց եւ Ե. Ծովիկեան:

Գրականութեան առընթեր՝ Եդուարդ Պօյաճեան ամբողջ կեանքին ընթացքին զբաղած է կրթական գործով: Ուսուցչութիւն ըրած է Սուրիոյ Թել Ապեատ գիւղը, ապա ծննդավայր Խըտըր Պէկի մէջ, յետոյ՝ յաջորդաբար՝ Այնճար, Հալէպ, Քեսապ եւ Պէյրութ: Եղած է «Բագին» Ամսագրի հիմնադիր անդամներէն եւ խմբագիրներէն մէկը (1962 - 1966):

Եդուարդ Պօյաճեան լոյս ընծայած է 6 հատորներ՝ «Սէր եւ Վիշտ» (1944), «Հողը» (1948), «Պայքարողներ, Պայքարողներ դուք գազազած» (1958), «Թուղթ Զաւակներուս» (1961), «Տոմար Տարագրի» (1963) եւ «Երկու Նամակ» (1964):

Իսկ յետ մահու իր գործերէն լոյս տեսած են «Դէմքեր» (1967), «Երկեր Ա. հատոր» (1968), «Ծննդավայր Կորուսեալ» (1984), «Ընտրանի» (Երեւան 1994), «Կեանքի Ափերէն» (1995) , «Դուն» (Երեւան 2005) եւ «Միտք Պահէ»։


Monday, June 10, 2013

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ: ԵՍ ՊԱՏՐԱՆՔԸ ՍԻՐԵՑԻ


Շուրջիս նիւթի ցամքած կեանքէն զայրացկոտ`
Կանչեցի ես իտէալըս կենսածին.
Բայց ետեւէս կըծու ծաղրով անամօթ
«Է՜, ան միայն գրքի մէջն է» պոռացին,
Ես ալ գիրքը ինծի ընկեր ընտրեցի…
Ես պատրանքը սիրեցի:

Երբ գեղեցիկ, թարմ աղջիկը ժըպտեցաւ,
Սիրտըս դողաց յուզումով  մը ներդաշնակ.
Սիրեցի ալ, միայն ոչ այն որ անցաւ,
Այլ անոր նուրբ, յափշտակիչ դէմքին տակ
Նո՛ր էակ մը որ մըտքէս հոն անցուցի.
Ես պատրանքը սիրեցի:

Հայրենիքի հուր կարօտը բընածին
Երբ բըռընկցուց յուզուած լանջըս տենդօրէն,
«Դուն հայրենիք, դուն հող չունիս» հըծծեցին,
Ես դառնացայ, բայց ա՛լ ուժգին այդ օրէն
Իմս չեղող Հայրենիքըս պաշտեցի.
Ես պատրանքը սիրեցի:

Ինծի համար այն ժամերը թանկ եղան,
Երբ ներշընչուած ստեղծեցի, միշտ անգոյ,
Բայց անձնուրաց, վեհ էակներ սիրեկան.
Երբ իրական աշխարհին մէջ միշտ դժգոհ
Իտէալի կեանքը երգել ուզեցի.
Ես պատրանքը սիրեցի:

Tuesday, June 04, 2013

ԹԱԹՈՒԼ ԱՅՆԷՃԵԱՆ: Վերադարձի՛դ Կը Սպասեմ


Գացի՜ր անխօս, անկտակ,
Առանց վերջին համբոյրի,
Ո՛չ իսկ մէկ ցո՜ւրտ նայուածքի
Լուռ գիշերուան մէջ խաւար:

Ձմրան գիշեր մ՛էր այդ օր
Երբ հոգիովն իմ անզօր`
Տեսայ նաւը քեզ տանող,
Ծովուն վրայ հեռաւոր:

Սիրտըս հիւանդ էր արդէն,
Այդ ցայգային պատկերէն,
Նաւը արդէն մեկնե՜ր էր,
Վերջին ցոլքն իսկ կը շիջէր:

Գացի՜ր, գացիր դուն անդարձ,
Գիշերուան պէս լուռ, թախծոտ,
Հոն թողլով զիս քարացած`
Քարափին վրայ քու սիրոյդ:

Լոկ հո՛ն հիմա կը շնչեմ
Շունչըդ, յոգնած ու անյոյս,
Սա՛ գիշերուան մէջ անլոյս,
Վերադարձի՜դ կը սպասեմ…:

Wednesday, May 22, 2013

Մուշեղ ԻՇԽԱՆ։ Օրհնութիւն


Տարեդարձի սա սեղանիդ քով զուարթ,
Ուր երեք մոմ կեանքիդ գարունը երրեակ
Կ՛ընծայեն մեզ իբրեւ լուսէ պատարագ`
Այսօր կ՛օրհնեմ քեզ աղօթքով հնաւանդ:

Շուրջդ չկան վսեմ դէմքեր ալեւոր,
Ո՛չ ալ, աւա՜ղ, կ՛ըլլայ վրադ հովանի
Հայրենի տան մեր հին կաղնին վիթխարի,
Սակայն իմ մէջ` պապերուդ շո՛ւնչն է հզօր:

Եւ քեզ կ՛օրհնեմ բոլոր անոնց փոխարէն,
Որոնք կեանքէն աչքերնին բաց մեկնեցան,
Որոնց հոգին օրհնէքի տեղ հայրական`
Դարձաւ անէծք աշխարհի չար բախտին դէմ:

Օրերդ ըլլա՜ն ջուրի պէս ջինջ ու յորդուն,
Տանին կարկաչ, տանին ճաճանչ երկնային
Ծարաւահիւծ սրտերու մութ սափորին
Եւ ծաղիկներ սփռեն բոլո՜ր ափերուն:

Երբ հող բռնես` դառնայ ոսկի ափիդ մէջ
Եւ ոսկին պաղ` բուռ մը արեւ կենսատու,
Երբ դուն հպիս ատելութեան ժայռերուն`
Սիրոյ ակեր բխին մատնէդ քու անվերջ:

Քու ցաւերուդ, քու վէրքերուդ հրայրքէն
Թող ուրիշներ քամեն գինին խնդութեան
Եւ արցունքիդ շիթերն անգամ որ կ՛իյնան`
Գիշերն անյոյս թող աստղերով զարդարեն…

Երբ որ, տղա՛ս, իյնաս ճամբայ դուն մինակ`
Մեծ ամբոխներ շարժին խիզախ երթիդ հետ
Եւ ամէնուր քեզ սպասեն ակնդէտ,
Ինչպէս գարնան աւետաբեր ծիծեռնակ…

Monday, March 11, 2013

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ: Ե՞ՐԲ ԵՒ Ո՞ՒՐ


Ըսէ´ք ինծի՝ ե՞րբ եւ ո՞ւր
Հոգին մարդուն պիտի գտնէ
Իր անդորրը մնայուն.
Ե՞րբ պիտի խաղաղին ալիքները ծովուն,
Ե՞րբ պիտի լռեն շառաչները անհուն
Ի´ր ալեկոծ ծովուն:

Պճեղ մը սիրտ տրուած է մարդուն,
Բայց ան շալկած է հեղեղ մը ցաւ անհուն,
Տրուած են համրուած օրեր անկայուն,
Ու կը սպասուի որ գործէ հրաշք գերագոյն:

Ռոպոթի նման նետուած գիրկը աշխարհին,
Կը տարուբերի ճօճանակի նման մշտարթուն,
Կը ցատկռտէ, կը վազէ, կը քալէ ետ ու առաջ,
Ապա կը նետուի թափօնի նման ետեւը իր տան:

Ըսէ´ք ինծի՝ ինչո՞ւ այս խաղը անհրապոյր
Իր ճակատագի՜րն է եղած դարերէն հնագոյն,
Ի՞նչ նպատակի մը գերագոյն
Կը ծառայէ տուայտանքը հէ´ք մարդուն:

Ըսէ´ք ինծի՝ ե՞րբ եւ ո՞ւր
Կանգ պիտի առնէ այս զաւե՜շտը տխուր....

Sunday, March 10, 2013

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ: ԿԸ ՔԱԼԵՆ ԱՌԱՋ


Դաժան օրերուն այս,
Դաժան պահերուն մեր,
Երբ խաժամուժին մէջ նետուած
Վակոնները շոգեկառքին կը յառաջանան արագ,

Երբ գալիքի պահերը թուխպ
Երկունքի ցաւերով են յղի,

Երբ մարդը՝ երկնքի ու երկրի  
Ահեղ մարտին մէջ նետուած էակ մըն է անիծեալ,

Մինչ սեւն ու սպիտակը ձուլուած իրարու,
Անշունչ պատկեր են նկարիչին
Պաստառին վրայ.-
Կը քալեն ամբոխները առաջ
Յոյսի մը, ապաւէն լաստի մը պատրանքով,
Նոր ճանապարհի որոնումի 
Յորձանուտին մէջ նետուած ակամայ,

Երբ ճապաղ առօրեան իրենց օրագիրն է միանուագ,
Ու սերմը պտուղին՝ այլոց ձգուած բարիք մնայուն,
Կը նային ետեւ, կը նային առաջ,
Ու մշուշն է միշտ հորիզոնը ծածկած,
Բայց դեռ կը յուսան,
Դեռ կը տագնապին, 
Դեռ կը քալեն առաջ...


Saturday, March 09, 2013

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ։ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ



 I. ՔԱԼԷ՛ ԱՌԱՋ
Քալէ´, քալէ´, որդի,
Կիրճերէն վեհաշուք,
         անձաւներէն տամուկ,
Քալէ´ առաջ, դէպի հորիզոնը պայծառ,
Քալէ´ դէպի բարձունքը անհաս։
        
Ճեղքէ´ լեռները խրոխտ, սարերը հպարտ,
Դուն՝ անհունին կարեվէր,
Երկինքներուն անհպելի,
Քալէ´ անվերջ, տեսիլքներուդ հետամուտ,
Բայց յիշէ´ ճանապարհին, դադարի պահերուն,
Ինչքան սլանաս վե՜ր,
Եւ որքան յառաջանաս,
Դեռ հեռո՜ւ, շա՜տ հեռու է գագաթը նուիրական:

Բայց քալէ´, որդի, քալէ´ առանց հրաժեշտի,
                                        առանց խոնջէնքի,
Կանգ չառնես վայրկեան միսկ քու սլացքիդ ընթացքին,
Դադարը մահ է, ցաւերու վերյուշ է, եւ ունայնի տագնապ,
Կանգառը միջոցին, բզկտող լլկում է ու մահաքուն,
Դուն նայէ հեռուն ու քալէ առաջ,
Նայուածքդ յառած անհունին կապոյտ։

Բայց եւ գիտցիր - որպէս իրողութիւն պարզ -
Թէ՝ հեռո՜ւ, շա՜տ հեռու է հրաշք ափը պատրանքներուդ,
Գուցէ եւ անհասանելի՝ այս կեանքի ընթացքին:

Քալէ´, անցի՜ր, որդի, այս աշխարհէն, արագ...:

II. ՔՈՒ ՀԵՐԹԸ

Հիմա կանգ առ պահ մը միայն, որդի՛,
Ու դիտէ´ շուրջդ, կատղած ու ապստամբ,
Նայէ´ այն խենթ օրերուն, որոնք մերն են,
Տե´ս թէ ինչպէս կը կործանին կայսրութիւններ,
Ոտքի կոխան կըլլան բռնապետեր հնաւանդ,
Տե´ս թէ ինչպէս Նոր գարունի մը երազանքը
Կը ծնի կրկին ոտքերուդ առջեւ։
ՆայԷ´ ու հպարտացիր, որդի՛,
Վաղ թէ ուշ անկցի՜ն պիտի խորհրդանիշերը՝
Պիղծ, սնափառ ու վայրենի,
Ու ձմրան երկա՜ր գիշերները, խիստ ու կատաղի,
Պիտի փարատին. այդպէս է երգը ժամանակի,
Ու խորհուրդն այս աշխարհի:
Տե´ս թէ ինչպէս երամներ ծիծղուն
Կը սաւառնին կրկին երկնակամարին,
Ու երգերը գարնանային
Կը պարուրեն անդաստանները քու անեղծ հոգիին,
Տե´ս այս բոլորը եւ հրճուէ՜, սիրելիս,
Թող խինդն ու ծիծաղը ըլլան անբաժան
Քու ճանապարհին, քու երթին ակնթարթային,
Բայց եւ գիտցի´ր, որդի՛, գիտցի´ր հաստատ՝
Ա՜յն ինչ տեսար ու ապրեցար,
Այն ինչ կը վկայես քու անեղծ աչքերով,
Բազում ուրիշներ եղան նոյնին վկան,
Ապրեցան քեզ նման նոյն այդ պահերը՝
Սեւ եւ սպիտակ, ու հեռացան ընդմիշտ
Ձեռնունայն...

Քալէ´, քալէ´, որդի՛, այս աշխարհէն, արա՜գ...: