Tuesday, June 11, 2013

Եդուարդ Պօյաճեան: ԳԱԳԱԹՆԱԿԷՏ` ԲԱՂՁԱՆՔԻ ՄԸ ՎԱՂԱՆՑՈՒԿ


Քովդ ըլլալ, նայիլ քեզ,
Քովդ ըլլալ, լսե՛լ քեզ,
Քովդ ըլլալ եւ խօսիլ
Քովդ ըլլալ ու լռել…:
Գալ լոյսէն առաջ, գալ մութէ՛ն առաջ,
Աստղերէն կանուխ,
Հովը դեռ չեկած`
Մտնել հոգիիդ կիսաբաց դռնէն…
Բոլորն երբ մեկնին.
Երբ որ քունը գայ ու դարձեա՛լ մեկնի,
Դեռ քեզ հե՛տ մնալ, սիրտ սրտի՛ մնալ:
Քո՛ւ երջանկութեան իտէալը մնալ:
Քու անունէդ աւելի քեզ մօ՛տ ըլլալ,
Սրտէդ աւելի քեզի պէտք ըլլալ,
Քու վրադ ցանուող ափ մը հող ըլլալ,
Եւ արցունք ըլլալ, լռութիւն ըլլալ,
Քեզի Աստծոյ տանող գի՜րկն ըլլալ:


Եդուարդ Պօյաճեան (1915-1966)

Բանաստեղծ, արձակագիր, հրապարակագիր, քննադատ, խմբագիր եւ ուսուցիչ Եդուարդ Պօյաճեան ծնած է Մուսա Լերան Խըտըր Պէկ գիւղը՝ 1915-ին, Մուսա Լերան հերոսամարտի օրերուն: Երեք ամսուայ երեխայ, ծնողներուն հետ փոխադրուած է Փոր Սայիտ, ուր մնացած է 4 տարի: Ծննդավայր վերադարձին, ուսման առաջին շրջանը անցուցած է գիւղական երկու վարժարաններուն մէջ. մէկը՝ Խըտըր Պէկ, միւսը՝ Եօղուն Օլուք. իսկ երկրորդ շրջանը՝ Պէյրութի Հայ Ճեմարանէն ներս, 15 տարեկանէն մինչեւ 20 տարեկան (1930 - 1935):

Գրել սկսած է փոքր տարիքէն, իսկ տպուիլ՝ 1932-ին: Աշխատակցած է Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագրին, Փարիզի «Յառաջ»-ին, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին եւ շաբաթաթերթին, «Նայիրի» ամսագրին եւ Պէյրութի նոյնանուն շաբաթաթերթին. նաեւ «Հասկ»-ին, «Ակօս»-ին, «Ազդարար» -ին եւ «Բագին» -ին: Գործածած ծածկանունները եղած են Ալպաթրոս, Վազգէն Տիրանեան, Ե. Սարենց եւ Ե. Ծովիկեան:

Գրականութեան առընթեր՝ Եդուարդ Պօյաճեան ամբողջ կեանքին ընթացքին զբաղած է կրթական գործով: Ուսուցչութիւն ըրած է Սուրիոյ Թել Ապեատ գիւղը, ապա ծննդավայր Խըտըր Պէկի մէջ, յետոյ՝ յաջորդաբար՝ Այնճար, Հալէպ, Քեսապ եւ Պէյրութ: Եղած է «Բագին» Ամսագրի հիմնադիր անդամներէն եւ խմբագիրներէն մէկը (1962 - 1966):

Եդուարդ Պօյաճեան լոյս ընծայած է 6 հատորներ՝ «Սէր եւ Վիշտ» (1944), «Հողը» (1948), «Պայքարողներ, Պայքարողներ դուք գազազած» (1958), «Թուղթ Զաւակներուս» (1961), «Տոմար Տարագրի» (1963) եւ «Երկու Նամակ» (1964):

Իսկ յետ մահու իր գործերէն լոյս տեսած են «Դէմքեր» (1967), «Երկեր Ա. հատոր» (1968), «Ծննդավայր Կորուսեալ» (1984), «Ընտրանի» (Երեւան 1994), «Կեանքի Ափերէն» (1995) , «Դուն» (Երեւան 2005) եւ «Միտք Պահէ»։


No comments: