Սողոմոն Տարոնցի: Երգ Խնդութեան
Այս լաւ, այս լոյս օրերը կը շշնջեն սրտիս հետ
Ու կ՛ըսեն ինձ, երկի՛ր իմ, դուն միշտ կանաչ կը մընաս:
Իմ սրտիս մէջ` դու քաղցըր, գեղածիծաղ ու կայտառ,
Աղմկայոյզ, խայտացող ջուրի կարկաչ կը մնաս:
Աղմկայոյզ, խայտացող ջուրի կարկաչ կը մնաս:
Ինծի պէս դո՛ւն ալ կ՛ապրիս գարնան օրերը պայծառ,
Երկի՛ր իմ, դու բոցագեղ, կարմիր կակաչ կը մընաս:
Երկի՛ր իմ, դու բոցագեղ, կարմիր կակաչ կը մընաս:
Արեւելքի թանձրախիտ, լուռ խաւարը բզըկտող,
Յորդաբուխ ու հըրեղէն լոյսի ճաճանչ կը մընաս:
Յորդաբուխ ու հըրեղէն լոյսի ճաճանչ կը մընաս:
Սիրտերէ սիրտ արձակուած, մեր մտածման, մեր բազկին
Ու մեր ձուլուած շարքերուն կապ ու պահանջ կը մընաս:
Ու մեր ձուլուած շարքերուն կապ ու պահանջ կը մընաս:
Քու խնդութիւնդ կ՛ըսէ, կ՛ըսէ քու կամքդ ալ արդար,
Թէ հին ուխտէդ, տենչերէդ դու աննահանջ կը մընաս:
Թէ հին ուխտէդ, տենչերէդ դու աննահանջ կը մընաս:
Հպարտութեամբ ու խանդով կը բաբախէ սիրտդ հիմա,
Թող բոցկլտայ այդ սիրտը… դու միշտ կանաչ կը մընաս:
Թող բոցկլտայ այդ սիրտը… դու միշտ կանաչ կը մընաս:
Սողոմոն Տարոնցի (1904-1971)
No comments:
Post a Comment