Tuesday, November 25, 2014

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ: Ո´Չ ՄԷԿ ԲԱՂՁԱՆՔ

Ոչ մէկ բաղձանք, հարց ու տագնապ,
Ոչ իսկ երազանք
Կը բերեմ ձեր սեղանին ես այսօր,
Որ չտարուիք ձեր վէճերով բիւզանդական.
Երեկոյեան նիստերուն ձեր քննարկման, թէ բամբասանքի,
Եկէք հարց տանք. ի՞նչ մնացին փուչիկներէն ուռճացուած,
Զոր անհատնում ձեր շունչերով յագեցուցիք,
Ու խօսքերէն անդին, ո՞ւր մնացին գործերն այն հրաշալի,
Զոր շեփորեցիք անդադար։
Դուք, որ սովոր էք կերպարանափոխել կինը,
Ու վերածել տգեղութիւնն անոր գրաւչութեան անմրցելի,
Կամ ցոփութեան տիպարի,
Գուցէ վերածէք ձեր կիրքերը՝ շինիչ գործի,
Որ կը շրջէ մարդուն ապիկառ տագնապը
Յուսադրող տեսիլքի, ու բաղձանքը՝ իրականութեան.
Բերէք ինծի դո՜ւք ձեր երազանքները ի´մ դատաստանին,
Ու ձեզ կշռադատեմ ե´ս, գէթ անգամի մը համար։
Բերէ´ք ինծի հանճարեղ վրձինը Տալիի
Ու ես նկարեմ ձեր կերպարները անճոռնի,
Որ կը ցցուին անկոչ ու ընդմիշտ,
Տխուր թէ ուրախ ամէն առիթի՝
Մեր մոլագար աչքերուն դիմաց.
Ես վարսայարդար չեմ, ո´չ ալ՝ դիմայարդար,
Որ կեղծամներէն յարդարեմ շքեղութիւն իւրօրինակ,
Կամ փոշիներով բազմերանգ՝
Շպարեմ դէմքեր՝ խորշոմած ու կնճռոտած.
Մի´ համոզէք որ ձեզ չպարսաւեմ,
Կամ բարեխօսեմ՝ իմ ու իմ միջեւ.
Ժողովներու թէ բամբասանքի նիստերուն ձեր
Ես տեղ չունիմ, ոչ ալ՝ հարց ու երազանք,
Բոլոր հարցերն ու տագնապները վերածեցիք քուրջի,
Այլեւ փանտորայի շքեղ տուփի՝ վիժած տեսիլքներով լի,
Մարդը դարձուցիք ցից հանուած հրէշի,
Ժամանակն ալ վերածեցիք ձեր խաղադաշտին՝
Օտարացող հրապարակներուն վրայ:

Հիմա գիտէ՜ք ի՞նչ կ᾿ուզեմ հրամցնել ե´ս ձեզի,
Որպէս հաճելի նիւթ քննարկումի,

Այդ ալ խելքի չեկող խելօք շանս ճակատագիրն է յիրաւի։

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ
ԱՐԾԻՒ Շաբաթաթերթ, 
Հոկտեմբեր 2014, ԻԱ. Տարի, Թիւ 15-16, էջ 7:

No comments: