Tuesday, November 11, 2014

Համաշխարհային ընթերցանութիւն նուիրուած հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին Ապրիլի 24-ին 2015 թ.


2015 թ. Ապրիլի 24-ին, Պեռլինի գրականութեան միջազգային փառատօնը եւ
Պոդստամի Լեփսիւսի տունը կոչ կ՛ուղղեն համաշխարհային ընթերցանութեան,
նուիրուած` հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին:

Հարիւրաւոր հայ մտաւորականներ` գրողներ, երաժիշտներ, երեսփոխաններ եւ
հոգեւորականներ 1915 թ. Ապրիլի 24-ին Կոստանդնուպոլսոյ (այժմ` Ստամպուլ) մէջ
ձերբակալուեցան ապա աքսորուեցան Թուրքիոյ ներքին շրջանները եւ մեծ մասամբ
սպաննուեցան: Այդ` սկիզբն էր մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութեան մը.
հայերու նկատմամբ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը Առաջին համաշխարհային
պատերազմի տարիներուն ծրագրուած ու իրագործուած առաջին ցեղասպանութիւնն
է ժամանակակից պատմութեան մեջ: Օսմանեան կայսրութեան մէջ
ցեղասպանութեան զոհ գնաց աւելի քան մէկ միլիոն հայ:

Դէպքերը տեղի ունեցան համաշխարհային հասարակութեան աչքին առջեւ եւ
միանշանակ ապացուցուեցան գերմանական, աւստրո-հունգարական, իտալական,
ամերիկեան, սկանդինաւեան, հայկական եւ օսմանեան աղբիւրներով, ինչպես նաեւ
բազմաթիւ պատմական հետազոտութիւններով: Արդէն 1915 թ. Օգոստոսին New
York Times-ը կը գրէր կանխամտածուած ու ծրագրուած զտումներու եւ ոչնչացման
ծրագիրի մը մասին, որուն նմանը պատմութիւնը տակաւին չէր տեսած: Օսմանեան
կայսրութեան դաշնակից գերմանական կայսերական կառավարութիւնը յանգեցաւ
միեւնոյն եզրակացութեան` առանց անոր դէմ որեւէ քայլ բան ձեռնարկելու:
Թրքական քաղաքականութիւնը մինչեւ այսօր տակաւին կը հերքէ հայերու դէմ
իրագործուած օսմանեան ցեղասպանութիւնը, հակառակ անոր որ փաստերը
ակնյայտ են ու ծանօթ` արդէն մօտաւորապէս հարիւր տարիէ ի վեր: Հնդիկ գրող
Արունդհաթի Ռոյը այս գայթակղութիւնը ի թիւս այլ հարցերու, զայն եւս 2009
թուականին Պեռլինի գրականութեան միջազգային փառատօնին հրապարակաւ
քննարկման նիւթ դարձուց:

1915 թ. ու անկէ ետք անթիւ հայկական ձայներ լռութեան դատապարտուեցան:
Միւս ձայները, ինչպէս նաեւ աւելի ու աւելի շատ ձայներ ժողովրդավարական
թրքական քաղաքացիական հասարակութենէն, անկէ ետք աւելի բարձր դարձան ու
հանդէս եկան մոռացութեան դէմ: Ի յիշատակ զոհերու եւ ցեղասպանութեան
միջազգային ճանաչման պահանջով պայմանաւորուած` կոչ կ՛ուղղենք 2015 թ.
Ապրիլի 24-ին հայ հեղինակներու, ընդ որում նաեւ Սիամանթոյի, Կոմիտասի, Եղիշէ
Չարենցի, Ուիլիեմ Սարոյեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Պարոյր Սեւակի, Յակոբ
Մնձուրիի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Հրանդ Տինքի գրական գործերու
համաշխարհային ընթերցանութեան:

Առաջին ստորագրողներ`
Ռոլֆ Հոսֆելդ, Կոնրադ Կուհն, Ուլրիխ Շրայբեր, Հասմիկ Պապիան

No comments: