Սագօ Արեան: ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ Վ. Օ.Շ.Ա.Կ.Ա.Ն.
Կիպրոսի մենութեան ահաւոր անձրեւը
Կը կաթկթի ականջներուս բլթակին վրայ,
Ու անձրեւէն ետք սոսկալի,
Կը կախուին հագուստներս արեւու խոնաւ հէքիաթներուն վրայ,
Միշտ յուշելով,
Որ ես հին-նոր բնակարանիս պատուհանէն պիտի նայիմ
Դիմացի ճեղքուած պատերուն ու առջեւս պատերու սահմանն է միայն…
Ու երազեմ որ գարնան, սար պիտի բարձրանամ նորէն սիրելու։
Նորէն ապրելու համար կանուխ պատանեկութեանս հանդիպումները
Եւ կարդալու վարպետին ապսուրտ բանաստեղծութիւնները։
Կեդծամ չունիմ ես,
Սուրճի բաժակներս չեն լուացուած...
Ու խոնաւ այս տան մէջ
Կիրակի մը կապոյտ, նստած եմ կարդալու վարպետին գործերը։
Ես կամչնամ ըսելու,
Որ բանաստեդծութիւններս չեն մերժուիր,
Չեմ հալածուիր գիշերով,
Թաղէ-թաղ բոլոը կը ժպտան երեսիս...
Ու ես շփացած բանաստեդծներուն պէս կանուխ անկողին կը մտնեմ,
Կանաչ թէյի տերեւները կը պատրաստուին իմ համար։
Զիս կը գրկեն ու պարեն իմ հետ մուսաներս...
Միայն թէ լաւ գրէ,
Գիրս չապրի հին օտարութիւնը եւ անէծքը։
Եւ ես շփացած երեխայի պէս ժպտամ, շոքոլաներեը կեղուելու պէս Ուալթ Ուիթմէնի հատորի դեդին էջերը բանամ...
Ու փառք տամ որ անօթի չեն զաւակներս,
Ու փառք տամ որ քաղաքի հին խոնաւ ակումբի պատերուն տակ, Պետիկ Հերկելեանին հետ նստած, հայերէն չեմ սրբագրեր
Ու փառք տամ,աղաչական աչուկներով,
Ու բացագանչեմ,
Հ՜էյ, դուք անօթի ձգեցիք բանաստեղծը։
Հին երգ մը,
Կը յուշէ Մելքոնեանի սենեակը
Ուր համակարգիչ մը կար հսկայ ու ծերունի,
Ուր կէսօրէ ետքերը Վահան Թէքեանի աչքերուն դիմաց,
Կը խմէի Պէյրութէն բերուած կարօտի սուրճերը,
Կ՛աղօթէի մուսային, մատներս ամրօրէն կը սեղմէի ստեղնաշարին,
Ուժգին կը զարնէի բառերուն...
Ու յանկարծ դուռը կը բանար դպրոցի շէֆը,
Ու զարմացած կը նայէր աչքերուս...
Կը պահէի բանաստեղծութեան դեղին տետրակներս,
Կը փակէի լիբանանեան լուրերուն կայանը,
Կը պատմէի, որ Պէյրութի մէջ խառն է նորէն,
Կէս կատակով կը հարցնէի իր կատուին մասին,
որուն անունը Պուպրիկ էր,կարծեմ...
Կը ժպտար ինծի,
Ու էրոթիք հայեացք մը ետին կը փակէր դուռը...
Ուրախ էր ընտանիքը Մելքոնեան վարժարանի,
Պուպրիկը կուշտ էր ինչպէս եւ միշտ,
Ուսուցչական ժողովներուն ներկայ էր,
Յղփացած անգլերէնով կը խօսէր ազգի ճակատագրէն.
ու ատամներս պռստելով կը յիշէի քաղցած քանի մը ընկերներ...
քանի մը մտաւորական ճակատագիր։
Գուրգէնս խանջեան. Հայաստանի արձակի վարպետները մէկ-մէկ
Երազիս կուգային աճաոական խաչապուրիի սեղաններուն շուրջ,
Զօրայրս Խալափեան, որ հիւանդ էր պառկած.
Եւ Վահանս Թամարեան որ կէս անօթի փորով կը թաղուէր ծալկայի գրկին...
Անիծեմ բախտիդ Վահան Թամարեան.
Յիշատակդ մնաց աչքերուս մէջ
ու բախտդ սաոեցաւ պատգշամբէդ կախուած սակառին մէջ
ուր դրած էիր հոդ մը նախնիներէդ.
Անիծեմ բախտիդ, բնակարանդ դատարկած էին ու որդիներդ հեռացած,
Անիծեմ շիրակուհիիդ որ քեզի անտէր ու որբ թողեց գնաց...
Մեռնում են ըսաւ.
երբ կանայք թողնում գնում են... պոէտները մեռնում են ըսաւ.
Անիծեմ ազգային թաղումիդ.
Անիծեմ որ Մահմուտ Տէրվիշի անունը լսած էիր միայն...
Լռութեամբ սնուած. լռութեամբ ծնուած
լռութեամբ առանձինն տան լռութեան մէջ
նահատակուած Վահան Թամարեան
.....
Բայց ո՞վ ըսաւ, որ ընտրեմ անէծքի սա վերջին ճամբան
Ու խօսիմ գրաբարեայ ծանօթութիւններուս մասին կամ ժամեր սառիմ
Գրասեղանիս առջեւ, որ պարոն մուսան հանդիպի ու բառբարենք Հայերէն։
Մատներս կը բառբարեն հայերէն.
Ու հէ՜յ, վարպետ, ես նորէն սփիւռքի հին պորտին վրայ
կեցած հայերէն կը պարեմ.
Աչքերուս թախիծը կը մաքրեմ երեխաներու ժպիտով ու կ՛երգեմ բարձրաձայն...
Հէ՜յ, վարպետ, ես եմ, ես.
Չես տեսներ գժութիւններս սառնարանին մէջ պահեցի
Կլոր իջլի քէօֆթէներու դարակին մէջ.
Ու սառած միսին տեղ ամէն երկուշաբթի ձաւարով փիլաւ կերանք ես
Ու ընտանիքս.
Մարդիկ հեռաձայնեցին ու ականջիս փսփսացին,
Որ բանաստեղծութիւններուս մէջ հոտդ կար վարպետ.զգոյշ ըլլամ.
Ե՞ս, թէ դո՞ւն վարպետ.
Կարծես այսօր այս ջերմ արեւին տակ.
Կիսաքանդ պատերուն դիմաց ու լռութեամբ ծծուած.
Ու լռութեամբ աղօթուած.
Ու մաքրուած
Սա տիրոջ ընթրիքին առջեւ վարպետ նորէն անունդ կը հեգեմ...
Վ.ա.հ.է. Օ.շ.ա. կ. ա. ն.
Ու կ՛աղօթեմ որ դրախտի պատուհանէդ ժպտաս մէյ մը,
Ու աղօթես որ խենթութիւնս զսպեմ երբ ծունկի գամ աղօթելու.
Երբ ծունկի գամ գրելու.
Երբ ծունկի գամ դժգոհելու.
Երբ ծունկի գամ անունովդ երդում ընելու...
Որ չհեռանամ գիրի այն մացառուտներէն
Ուրկէ քալելով պիտի արիւնին ներբաններս...
Հ՜ա վարպետ,
Հե՜լա, հոյ վարպետ,
Հոգեհանգիստ քու աներեր դէմքիդ,
Քու հոգիիդ,
Քո գիրիդ...
Սագօ Արեան
Copyright Sako Aryan. Used here by kind permission of the author.
No comments:
Post a Comment