Monday, January 07, 2008

Վահան Թէքէեան։ Եղեա Տէմիրճիպաշեան

Քեզ, Եղիա՛, կը սիրեմ եւ կ՛ուզէի որ սիրէր
Ամէն տղայ եւ աղջիկ՝ որուն բերնին վանդակէն
Լեզուն՝ թռչուն նորածին, թռվռալով անհամբեր,
Զարնըւելով ձողերուն, կը ճռուողէ՜ հայերէն...

Եղար դուն ալ գորշ սոխակ մ՛որուն գայլայլն ոգեղէն
Մեր պարտէզին մէջ կապոյտ, լուսնի խաղաղ գիշերներ
Կը պղպջար, կը յորդէր, կը հոսէր վար թաւուտքէն
Եւ ամէն թուփ ու ծաղիկ, ամէն ածո՜ւ կ՛ողողէր...

Կը պղտորէ՜ր ձայնըդ մերթ ու կը դադրէ՜ր մերթ յանկարծ...
Պարտէզը քեզ կը մոռնա՜ր... ու կրկնապէս դուն խոցուած՝
Կը պահուէիր տարագիր, բարձր ճիւղի մը ետեւ...

Մինչեւ որ օր մ՛ալ արգիլուած ուղխը երգիդ,
կամ գուցէ ոստ մ՛ոլորուող քու վիզիդ շուրջը վտիտ,
Խեղդեց զքեզ... ու ծառէն ինկաւ Ստուերըդ թեթեւ...



Վահան Թէքէեան

No comments: