Վերճիհան Զիֆլիօղլու: Հալումաշ Երազներ
Click to hear the audio clip Worn Out Dreams read by Lola Koundakjian.
Ա.
Հալումաշ երազները կաղանդներ չունին սիրելիս
Վշտացած
Լմնցած
Երազ ըլլալէ դադրած են
Գաւաթի պէս ինկած գետին
Փշրուած են
Հալումաշ երազները կաղանդներ չունին սիրելիս
Լռած
Տարտղնուած
Երազ ըլլալէ դադրած են
Մեր ձեռքէն ինկած գետին
Կորսուած են
Հալումաշ երազները կաղանդներ չունին սիրելիս
Որովհետեւ
Կաղանդները գարունի կը նմանին
Գարունները կարճ կը տեւեն
Կու գան ու կ՛անցնին։
Բ.
Կաղանդները միշտ այսպէս են սիրելիս
Երբեմն
Յոյսերով
Իղձերով լեցուն
Ճամբաներուն
Կը նայիս անդադար
Մինչեւ առտու
Երբեմն
Սպասելէ յոգնած
Ձեռքերդ կը բանաս
Ծունկի կու գաս
Կ՛աղօթես
Աստուծոյ
Որ
Յոյսերդ
Վազելով քեզի քան
Բայց
Չեն գար
Կաղանդները միշտ այսպէս են սիրելիս
Երբեմն - ժամերով կը խնդաս
Խնդալով հարդերձ
Ժամերով կու լաս
Կը յոգնիս լալէ-
Կաղանդները միշտ այսպէս են սիրելիս
Դուն ալ
Կաղանդներուն պէս կու գաս
Ու
Կ՛երթաս։
December 1994
Copyright Vercihan Ziflioğlu, published by ARAS PUBLISHING, Istanbul, 2000. Used here by kind permission.
No comments:
Post a Comment