Պետրոս Դուրեան։ ԻՄ ՄԱՀԸ
Եթէ տժգոյն մահու հրեշտակ
Անհուն ժպտով մ՛իջնէ իմ դէմ…
Շոգիանան ցաւքս ու հոգիս,
Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ:
Եթէ սընարըս իմ տիպար
Մոմ մը վըտիտ ու մահադէմ
Ո՜հ, նըշուլէ ցուրտ ճառագայթ,
Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ:
Եթէ ճակտովս արտօսրազօծ
Զիս պատանի մէջ ցուրտ զերթ վէմ
Փաթթեն դընեն սեւ դագաղը,
Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ:
Եթէ հընչէ տխուր կոչնակ,
Թրթռուն ծիղաղն մահու դժխեմ,
Դագաղս առնէ իր յամր քայլ,
Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ:
Եթէ մարդիկն այն մահերգակ,
Որք սեւ ունին եւ խոժոր դէմ՝
Համասըփռեն խունկ ու աղօթք,
Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ:
Եթ’ յարդարեն իմ հողակոյտ,
Եւ հեծեծմամբ ու սըգալէն
Իմ սիրելիքը բաժնըւին,
Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ:
Իսկ աննըշան եթէ մնայ
Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,
Եւ յիշատակս ալ թառամի,
Ա՜հ, ա՛յն ատեն ես կը մեռնիմ։
Պետրոս Դուրեան, 1871
No comments:
Post a Comment