Wednesday, February 13, 2008

Տիգրան Գաբոյեան: Apocalypse

Զծուխս 
—Դատարկութիւն—
Apocalypse* 





Գլխուս մէջ Ռոպէրթ Ֆիսք*
Միջին արեւելեան տագնապի չաստուած





Գլխուս մէջ Իան Փալա(ք)*
21-րդ դարու ճառաքման թմբիր ու վառելանիւթ
Քրիստափոր Միքայելեանի չսահմանուած սփիւռքի
առեւանգման համար






Գլխուս մէջ Սիպերիական վերարձակուած մոլեգնութեան
Աքսոր
Չէկէվարա—Քասթրօ հիւանդագին լաւայով





Գլխուս մէջ թել
Էրօթիզմի ապաշխարհայնացման նուէր






Գլխուս մէջ արտադրանք
Հայրենական—ազգային ստորագրութիւններով
Ու պանիր տան հոտով ծօդուած
Զուիցերիա արտադրող նախշ ու պաշարէն փոքր մշակոյթի







Գլխուս մէջ NBA channel*
ու Հօլիուտի հայկական խնդրակերտում
Պիլ Կէյց կամ Ուալիտ պըն Թալալ
Սրս’ուն խսիրով խաղաղած

Գլխուս մէջ Անանեան Լյովա *
Լոռիի հանքերուն նաֆթ






Գլխուս մէջ Ես որ Չեմ երբեմն
Ջուրով կտրուած օղիէն
Պարահանդէսի սհովռին մէջ
Տղոց ու առանց տղերքին
Կամ
Տղերքով ու առանց տղոց —միտովին—
Բայց միշտ միասին





Գլխուս մէջ Ղարաբաղի ազատագրական շարժումի կնիք
Ուժ եւ արդարութիւն տարածող





Գլխուս մէջ ունայն ձայնը
Եւրոպականացումի ԸՍՊԱՏՐԻՆին*
Որ կը քալէ առանց տէսքիս
Հրավառեցնելով պատկերացումս իմ մասիս





Գլխուս մէջ Dolce & Gabana
Ու յաճախ Ferrari

Կամ հայու մը միւռօն ճակտիս անկիւնը
(գրելով գլխուս մաշկին մասին)







Գլխուս մէջ 33 թիւ մը տարիք
PC-ներով լարուած ու խորտակուած






Գլխուս մէջ պագ հոգուն համար
Ծափ—ծափ Կարոյին*
Ապրող ու շնչող





Գլխուս մէջ Թայրա Պանքս* ու Փարիզ Հիլթըն*
Մհեր Փապուճեանին* տենդը մկրտող
Կամ հայօրէն ճոխացնող



Ու տօն մը անթուակիր
Ցմահ
Ցայսօր





Գլխուս մէջ սրիկա Փէնթակօնէն չժամանած հրաման
Արեւմտահայաստան կերտելու

Ետքը ռուսական մաֆիայի տանջալից ջանք
Դիմա—արտայայտութեան






Գլխուս մէջ Քրիստոնիա Մարիամի սերմեր վեր ու վար
Եւ չեկած — չեղած արժէք
Վարմունքի— քունի տիեզերականացման






Գլխուս մէջ բանաստեղծութեան կտղուցքը չգրուած
Քաղաքներու հաւաքագրկման պահեստով






Գլխուս մէջ սպանական ցուլ շեշտակի ինձ նայող
Ու հայերէն խօսելակերպով դաջուած
Անկատար եզրացումի աւիշ



Տ.Գաբոյեան


Apocalypse* =Քօղազերծում ։
Րոպէրթ Ֆիսք* = The Independent թերթի թղթակից ։
Իան Փալաք* = Հունգարացի յեղափոխական, որ առաջին անգամ իր անձը հրկիզեց բողոքելով Սովէտ Միութեան դէմ ։
NBA T.V channel* = Ամէրիկեան արհեստավարժ պասքէդպալլ խաղերու արբանեակային կայան ։
Անանեան Լյովա* = Լեւոն Անանեան’ ներկայ նախագահը Հայաստանի գրողներու
միութեան։
ԸՍՊԱՏՐԻՆ=Մեր խօսակցական Հայերէնին մէջ գործածուող բառ, որ կը նշանակէ մարզական կօշիկ։
Ծափ—ծափ Կարօ*= Հ.Մ.Ը.Մ—ի համակիրներու ներկայացուցիչնէն մէկը։
Թայրա Պանքս*=Մօտէլ , խօսնակ ։
Փարիզ Հիլթըն*=Երգչուհի .....եւյլն։
Մհեր Փապուճեան*= Շատ մտերիմ ընկեր Պէյրութէն ,Քանատա փոխադրուած 1991-ին։

Մայիս -2007
Տիգրան Գաբոյեան

No comments: