Դանիէլ Վարուժան։ ՄՇԱԿՆԵՐԸ
Մշակնե՛րն են իմ գիւղիս, դաշտի հըզօ՛ր զաւակներ,
Քըրտինքներով մարգարտեայ` բընութեան թա՛գն են հիւսեր:
Կը բաբախէ սիրտն հողին իրենց բըրդոտ կուրծքին տակ.
Ու իրենց լայն երակին մեջ կը յորդի արեգակ:
Երբոր քալեն` մայր-երկիրն իր արգանդէն կը սարսռայ.
Բայց չի խամրիր ծիլ մը իսկ գարշապարնուն տակ հըսկայ:
Գըլուխն իրենց, զոր կ'հակեն առջևը սուրբ խորանին,
Պըսակուած է միշտ ոսկի փոշիներովը յարդին:
Ակօսներուն մեջ անոնք խինդ կը ցանեն, և Աստուած
Իրենց ճակտին ակօսէն բարութիւններ կը հընձէ:
Աւիշներուն հոսուն երգն անո՛նք միայն են լըսած:
Եզին շողիքն ի՛նչ փոյթ թէ իրենց ձեռքերը կ'օծէ,
Եւ ախոռի հօտ կու գայ իրենց նախշուն լօդիկէն.-
Նախ անոնց լայն ափի՛ն մեջ կը ծլին սերմերն համօրէն:
Դանիէլ Վարուժան «Հացին Երգը»
No comments:
Post a Comment