ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ: ԱՆԱԿՆԿԱԼ ԳԱՐՈՒՆ
Հովը դեռ ցուրտ էր երէկ, այլ յանկարծս այս առաւօտ
Գարնան ջինջ շունչը լեցուն պարտէզ, ճամբայ ու անդեր,
Ու բողբոջները բոլոր պատռեցան ինչպէս վարդեր
Ու յորձանքով պայթեցան ծիլ, շաքիլ, ճիւղ ու ծղօտ:
Ահա քնքուշ ու դեղին հրանուկներն առաջին,
Ահա տերեւք ցօղաթուրմ հազիւ կճեպը խզած
Ու նորաբոյս խոտերուն, ճղիկներուն վրայ թաց՝
Ահա համբոյրը անուշ արփւոյն մոլոր ճաճանչին:
Երկիրն յղի էր անշուշտ,- որովայնին խորը սուրբ
Գարունն հանդարտ կը ննջէր՝ խմելով աւիշը յուռթի,
Որ այժմ ողջ գիւղին վրայ ալեկոծեալ կը յորդի:
Ողջո՜յն գարնան զարթօնքին,- որքա՜ն սարսուռն է իր նուրբ
Մեր արեան մէջ ու որքա՜ն բուրաւէտ են իր հովերն
Ու ի՜նչ սիրով կը հնչէ իր առաջին հրաւէրն:
ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ
(1902 - 1941)
No comments:
Post a Comment