Յարութիւն Պէրպէրեան: Անվերնագիր
Երկար ատեն ապրեցայ
քաղաքին մէջ ծովային:
Եւ ռումբերու կամ ճառերու ունկնդիր
զրուցեցի ջուրերուն հետ ալեկոծ:
Կ՚ամրանայի ես ջուրէն
առասպելի հերոսին պէս Սանասար,
ոչ թէ որոշ նուաճումի մարմաջով,
այլ պահելու
խաղաղութիւնս ներքին:
Ապա չուզեցի
ժայռերու գիրկը,
այնտեղ յայտնուած ձուկերուն նման,
բրածոյ դառնալ:
Հողը նեղ կու գար, օդը նեղ կու գար,
եւ չէի ուզեր լուռ երկփեղկուիլ . . .
Բայց երբ կտրեցի ովկիանոսը խոր,
լայնատարած, համայնակուլ
երկրին մէջ նոր,
ես ինքզինքս
Մհերին պէս բանտուած գտայ:
Պէրպէրեան Յարութիւն. Սահմաններ. Երեւան, հրատ.
»Լուսակն«ի, 2007, էջ 19:
No comments:
Post a Comment