Մատթէոս Զարիֆեան։ Իրիկուան Ծովը
Click to hear the audio clip The evening's sea read by Lola Koundakjian
Երբ իրիկուան ծովը դիտես՝
Կը տեսնես, խո՜ր, իրերն անտես…
Ա՜հ, իրիկուան
Ծովն ա՜յնքան
Կը տժգունի
Ու դող ունի՝
Որ կը տեսնես, աստղերու պէս,
Յըստա՜կ - յըստա՜կ իրերն անտես…
Մատթէոս Զարիֆեան
No comments:
Post a Comment