Միսաք Մեծարենց։ Երգ
Քո՛յր, մօտեցի՛ր կըրակին,
ծըխէ տերեւն այս բուրեան,
զի ամէն բան ինձ կրկին
կը դարձընէ հոտն արեան։
Քո՛յր, մօտեցի՛ր դարակին
ու բե՛ր հեղուկն հնձանեան,
զի ամէն բան ինձ կրկին
կը դարձընէ համն արեան։
Քո՛յր, մօտեցի՛ր ճըրագին,
մարէ՛ զայն, թո՛ղ լուսընկան,
զի ամէն բան ինձ կրկին
կը դարձընէ ձայնն արեան։
Քո՛յր, մօտեցի՛ր նըւագին,
երգէ դաշտերն ու ցորեան,
զի ամէն բան ինձ կրկին
կը դարձընէ գոյնն արեան։
Քո՛յր, մօտեցո՛ւր իմ ձեռքին
աստուածաբոցն հըրացան,
զի ամէ՜ն բան ինձ կրկին
կը յիշեցնէ վրէ՛Ժն արեան...։
No comments:
Post a Comment