Thursday, September 24, 2009

ԷԼՕ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ: ԳՐԻՉ ՄԸ ԿԱՆԱՉ

Քանի անգամ տոհմածառդ յօտեցին,
Այն մեծատուն ու μազմանդամ,
Եղբայրներդ՝
Ոմն Եդուարդ,
Որ հաւերուն ջուրը կու տար,
Որ հաւերուն կերը կ՚ուտէր,
Ղազարենց բակին մէջ,
Վերջին անգամ:
Գարեգինը՝ միակ եղμայրդ
Տոհմածառի վերջին մորճը,
Դեռ այն ատեն,
Ակռայ կը փոխէր Հալէպ, մօրդ հետ,
Քիւրտիստանէն վերադարձիդ,
Վերագտած Փայլածուի՝ քրոջդ հետ,
Առաւօտ մը, ու ձեռք ձեռքի սրսփուն,
Փակ աչքերով աղօթքի
Բաց աչքերու ազատութեան,
Պաշտամունքէն խուսափուկ,
Ձեր ինքնութիւնը փնտռեցիք վերստին
Տիգրանակերտ-Տէր Զօր-Հալէպ:
Աքսորական Մեծն Տիգրան.
Հա՛յրս ես դուն,
Եւ հայր նաեւ ընտանիքիդ վերագտած
Եղար հիւսն, եղար ջուլհակ,
Զերթ խաչակիր երրորդ անգամ:

Ունեցար կայք մը ապերջանիկ,
Չորս տարիներու խաշնարածութիւն,
Ցամքած ստամոքսով եւ ուռած
Փորով մանկական, ոչխարներուն վերապահուած
Հանապազօրեայ կերը կերար,
Գարի կամ վարսակ
Տրամադրուած արեւներէն օրհնաμեր:
Հա՛յր,
Եղար վսեմ ու արի,
Նոր ինքնութեան որոնումի ծիրին վրայ,
Կրկնակիօրէն ու վերջնական կորսնցուցիր
Անունը Նահապետին՝ իμրեւ վրիպակ տմարդութեան,
Խաչուած որդի Նազար-ի ընդ Ղազար-ի ջնջուած...
Ղազար կամ Նազար
Քսակ մը ոսկի զետեղելով մէջքիդ
Ըսաւ փախիր,
Տէր եղիր մօրդ ու մնացեալին.
Զիս թուրքերուն թող, իμրեւ կախմանկէտ...
Տէրը կորսուա՜ծ էր այն ժամանակ...

Ըսիր կայծակնամաքուր
Ա՛լ կը բաւէ խճանկար պատմութիւն
Կեանքիս քարտէսը գծէ գիրով,-
Որ կեանքին քարտէսն է դժխեմ,-
Ես Տոհմածա՜ռս կ՚ուզեմ.
Եւ այն քիչով որ կը մնայ
Զաւակներէս թոռներուս,
Զորս չճանչնամ ես գուցէ,
Զորս կը ճանչնաս դուն գուցէ,
Ի Լիμանան կամ ... այլուր:
Երեք տասնամեակ անցած է արդէն
Կամ երեք րոպէ
Սուրբ Յակոբայ այն գիշերէն
Երբ՝
Պուրճ Համուտի մէջ խմելու ջուր չկար,
Պարապութեան մէջ կրակոց կար.
Միակ որդիդ՝ կար ու չկար.
Աւանդեցիր հոգիդ արագ.
Անոր տուն դարձին ակնկոր, անգիտակ
Ակումμէն՝ զինեալ պաշտպան μոլորին,
Որ չհասաւ քու վերջին շունչին շշնջոցին:
Այդպէս ալ դուն չիմացար Ղազար հօրդ թուականը վերջին։

Զլացուած՝ հօր մը համար աղօթելու իրաւունքէն,
Զրկուա՛ծ իբր հայր միակ զաւկին վերջին մտերմութենէն,
Որ մնաց մինակ,
Քեզ գրկելով ափերուս մէջ
Իբրեւ նշխար, իբրեւ կտակ:
Առաւօտեան`
Քու ձեռքով լարած զարթուցիչը,
Մահազանգիդ հետ անդադրում,
Կը յիշեցնէր հանապազօրեայ ժամը գործի:
Հայրս էիր դուն,
Հայրս ես հիմա՛ ալ,
Այսօր ծննդեան ամեակդ է հարիւր:
Քու գերեզմանին եւ այս գիշերին,
Մոմ ու խունկ չունիմ
Որ երթամ այցի,
Այն պարզ խաչքարի
Դուստր Խաչիկի ես Սարաճեանի:
... Եւ փոխան սեւի, գրիչ մը կանաչ
Եւ խոնաւ լուցկի:

Օգոստոս, 2009
ԲԱԳԻՆ

No comments: