Անահիտ Սարգիսեան: Ուսանողական յուշեր
ուսանող էի
այն տարիներուն
երբ կարագի հերթը
Եր¢անի
մայթերն ու փողոցները
կը լիզէր.
երբ Եր¢անի մէջ
մէ՛կ
երկո՛ւ
կամ երե՛ք սրճարան
գոյութիւն ունէր.
մի քանի ատամով
մատուցող պառաւ կինը
մաղձը երեսին
կը բերէր սուրճը
մատները գաւաթներուն մէջ մխրճած
շրխկոցով կը տեղաւորէր
սեղանին վրայ
թափելով
թափթփելով
գաւաթներու պարունակութեան կէսը
¢ երեսին մաղձը.
մէկ գաւաթը ճեղքուած
ուրիշ մը կոթը կոտրուած
միւսներն ալ
գրեթէ նո՛յն ճակատագրին ենթարկուած.
գաւաթին մէջ մնացած
անախորժ պատկերներ ներշնչող
թափանցիկ հեղուկը
պէտք էր ցմրուր խմել
¢
մեծ-մեծ աղացած
սուրճի կտորները
լեզուին վրայէն հանել
հաւատալու համար
թէ
մի քանի ատամով պառաւին մատուցածը
իսկապէս սուրճ էր.
կոտրած էր
թափած էր
սուրճի նման չէր
կար¢որ չէր.
երջանիկ էինք:
երջանիկ իշխանուհի
ուսանողուհի
Հայաստանէն վերջին դարձիս
Օդանաւին մէջ
իշխանական տեղ ունէի:
ճիշդ Արարատի կողքին....
բարձրացայ, բարձրացայ,
գրեթէ հասայ Արարատին,
յետոյ կամաց-կամաց
գրեթէ շոշափելի Արարատէն
հեռացայ, հեռացայ,
որբացայ....
չեմ գիտէր թէ ո՞վ որբ է,
ե՞ս թէ Արարատը....
Քիթս ապակիին փակցուցած
յոնգուր-յոնգուր լացի:
արտասուքով
աքսորուած իշխանուհի
04.11.2003
No comments:
Post a Comment