Tuesday, April 06, 2010

Յակոբ Պալեան։ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆ

Սէր եւ մղձաւանջ անյայտի
անթափանց հորիզոն հոգիի
կը քօղարկուին անպատասխան
հարցականներ վաղուան անհեթեթ
անծանօթի սարսափ կը մաղեն
Փակ հորիզոնէն առանձնութեան
կը լսուի շշունչ կանչը անմեկնելիի
անակնկալ հրաւէրը մեծ մեկնումի
կը ծնի ցանկութիւնը որպէս զմուռս
բանաստեղծելու խաղ բառերով
հանելուկի ճշմարտութիւն նուաճելու
Արկածախնդրութիւն աստուածանալու
խորհուրդը բանալու գերանցելու
Ահի ու սարսափի համանուագ
կեանքի իմաստին ունկնդիր
Կեանք ծննդեան եւ մահուան միջեւ
կատակ անհեթեթ սիրոյ փառքի
ըղձանքի արբշրանքի եւ մղձաւանջի...
Բառեր հիւսելով անծանօթը կ՛իւրացնեմ
Բան կը ստեղծէ լոյսս դեռ առկայծող
Մեղքի մէջ խրած զգացումներ սիրոյ
մեղքեր գերութեան ու ակնթարթի
բառերու շղարշով գեղօր կը դառնան
Բոյլը կիրքերու մրջիւնի տոտիկներով
մաշկիս վրայ եւ տակ պար կը բռնեն
բառ կը դառնան Բան-ա-ստեղծուող
կը կախուին անճառագայթ յուշի պատէն
հտպիտի պէս լեզու կը հանեն
Շէքսփիրի յիշատակը յաճախող...
Պատմե՞լ կեանքս, կեանքդ, կեանքը
Պատմութիւն ըսուած տխմարի մը կողմէ
որ ոչինչ կը նշանակէ
Ոչինչը կախուած պատէն
աչք կը քթթէ լեզու կը հանէ

Դուրսը անձրեւը ժայռ կը լուայ...

28 Մարտ 2006

No comments: