Friday, April 23, 2010

ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ: ՆՈՒԷՐ ԱՄԱՆՈՐԻ

Քեզ տալ կ՛ուզէի բերքը պարտէզիս
Անփուշ վարդեր ու միամիտ նարկիս…
Այդ խելօք բաները կը տանջեն զիս։

Քեզ տալ կ՛ուզէի այն մորթն անօգուտ,
Որ կ՛այրի պզտիկ կրակով անգութ…
Պատռէիր՝ եթէ հաճոյ էր հոգուդ։

Քեզ տալ կ՛ուզէի ինչ որ լայնօրէն
Տուիր ինձ՝ փուշէ պսակ անօրէն,
Աչեր որ կ՛այրին, ցայգեր որ կ՛այրեն…։

Քեզ տալ աշխարհիս ղեկը մոգական,
Հո՛ւր կ՛անձրեւէիր հու ուր մարդեր կան…
Բայց մեզմով տանջանքը քա՜ղցր է այնքան։

Ու ի՞նչ տալ՝ բոցէս կայծ մը հրակէզ.
Այրէիր դուն ալ իմ մութ կըրակէս,
Ու հասկնայիր որ կը սիրեմ քեզ…։

Էրֆուրտ, 1 Յունուար 1910



ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ, ԵՐԿԵՐ, 1986, Antelias, Page 257

No comments: