Ռուբէն Սեւակ։ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐՕՐ
Օրօ՜ր, օրօ՜ր… օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս,
Վիրաւոր հօրըդ ճիչերն ա՜լ չիմանաս,
Ծիծէս ծըծածըդ թոյն է… կաթ չէ՛, գիտնաս…
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։
Արիւն հեղեղ յորդեց այս սուրբ ձորերէ,
Բայց չի փախի՛ս, փարէ՛ երկրիդ, զայն սիրէ՛,
Հողիդ վրայ գերի մ’ըլլար, այլ տիրէ՛…
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։
Հօրըդ վըրայ եթէ անշո՜ւնչ չինկայ ես,
Զի ուխտեցի՛ Հռոմի էգ գայլին պէս
Նոր Ռոմուլոս մը դիեցնել ստինքէս…
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։
Բազուկներուս պարա՜ն, ոտքիս ալ կացի՜ն,
Ստինքիս զո՜յգ պտուկներն ալ կտրեցին։
Վերքէս արիւնս ծծէ, որդեակ միածին…
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։
Ահա կ’իյնամ… Հայաստանը մա՜յր քեզի,
Կտակ կուտամ այս կոտրած սուրն երկսայրի՝
Ուր հայրիկիդ դեռ տաք արիւնը կ’այրի…
Օրօ՜ր ըսեմ՝ քնանաս։
No comments:
Post a Comment