Sunday, March 15, 2015

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ։ ԳԱՃԱՃՆԵՐՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՄԷՋ

Գաճաճներու հայրենիքին մէջ,
Ուր ապրեցան մեզմէ շատեր,
Չկային զօրավարներ ու իշխաններ,
Կային բազում երեւելիներ.
Հերոսներ չգտնուեցան հոն, բացի անոնցմէ՝
Որոնք սուտ պատերազմներ հրահրելով,
Հրշէջի դերը ինքնակոչ ստանձնած՝
Փորձեցին մոլորեցնել ամբոխը անզօր,
Իրենց չքնաղ նուաճումներուն համար։

Գաճաճները հերոսներ չեն ծնիր, ո´չ ալ՝ իշխաններ,
Հայելիներու դիմաց, անոնց հասակը չ᾿աճիր,
Ո´չ ալ բեմերու վրայ, ինչքան ալ գոռան ու պոռչտան,
Թէկուզ հնչիւն ոսկիներ փռեն՝
Մուտքն իրենց դղեակներուն, ու
Կաշառքով կորզեն քուէներ անհաշիւ:

Գաճաճներու հայրենիքին մէջ,
Պարթեւները հազուագիւտ էին.
- Դարու հիւանդութիւնն էր ու պահանջքը երեւի:
Ոմանք, այլանդակ էին, շատեր՝ ձաղկուած,
Ուրիշներ, կը յաւակնէին ըլլալ անփոխարինելի...
Ուրեմն, պարտին փարիլ բեհեզեայ գահին
Ու տիրել թշուառին, տգէտին ու անիմացին,
Բայց աւա~ղ, հերոսներ չեղան երբեք,
Քանզի գաճաճներու հայրենիքին մէջ
Աքիլլէսներ չեն ծնիր,
Ո´չ ալ՝ հերակլներ իրաւամբ.
Հերոսները կը ծնին հսկաներու փաղանգէն սոսկ,
Իրենց նմաններուն շարքերէն միայն։
 
Գաճաճներու հայրենիքին մէջ,
Ուր ապրեցան մեզմէ շատեր,
Չկային զօրավարներ, իշխաններ՝ խիզախ,
Կային շրջուն փերեզակներ, կոմսեր ինքնակոչ,
Եւ ընչաքաղց կրեսոսներ անկասկած.

Այդ ալ դարուս ողբերգութիւնն է երեւի...:

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ


No comments: