Wednesday, March 11, 2015

Ռուբէն Սեւակ: Երթա՜լ...


Երթա՜լ, երթա՜լ, երթա՜լ անձայն, անհանդէս,
Երթա՜լ առւին պէս՝ մարգերու տակ անտես.
Կապոյտին մէջ՝ հե՜զ, հողմնավար ամպին պէս...

Երթա՜լ՝ առա՛նց գիտնալու, թէ դէպի ուր,
Երթա՜լ՝ հեռո՛ւ ոստաններէն այս տխուր.
Երթալ՝ խաւար գիշերին մէջ թաքթաքուր...

Երթա՜լ, երթա՜լ, երթա՜լ՝ առանց ճրագի.
Երթա՜լ՝ առա՛նց սուգի, լացի, փափագի.
Երթա՜լ՝ առա՛նց սովի, առա՛նց պապակի...

Երթա՜լ՝ մարդոց կոյտին մէջէն լռելեայն.
Օտար մնալ իրենց Ցաւին, Գիտութեան.
Երթա՜լ տգէ՛տ, խո՛ւլ, հա՛մր, կո՛յր յաւիտեան...

Չգիտնա՛լ, որ հոս Իդէալը չիկա՜յ...
Ուխտագնա՜ց երթալ ափերն հեռակայ
Դէպի ուղին Երջանկութեան մշտակայ...

Աննիւթանա՜լ, անրջանա՜լ, վսե՜մ, վէ՛ս.
Երթալ անցա՜յգ ,անա՜յգ, երթա՛լ վերջապէս.
Աչքերը գոց՝ ցայգաշրջիկ խեղճին պէս...:

Երթա՜լ, երթա՜լ, չճանչնալ Մա՛րդ ու Աստւա՛ծ,
Զո՜յգ երթալ՝ ձեռքդ քո՜յր ձեռքի մէջ դրած
Անշրջանքի՜ն ու Սիրոյն պէս աքսորւա՜ծ...

Լօզան, 1912

His Going

Without a word, without a sound 
without a ceremonial bow 
like a brook sunk underground 
like a cloud dissolved above

into the dark without a lamp, 
without thirst or fear or plan, 
not caring what is lost or found 
leaving the known far behind

wordless, with indifferent mind 
to other people's need or pain 
ignorant of ideals, blind 
without an intellectual stand

like a pilgrim impelled, shoved 
not by man or God, but love.

From Poetry of  our Time

No comments: