We mourn the passing of Lebanese-Armenian writer Bebo Simonian
Bebo Simonian was born in 1937 in Alexandria, Egypt. In 1939, his family moved to Beirut where he received his primary education at the Nichan Palandjian Djemaran, continuing on at the Antelias seminary and Université Saint Josef.
With a career spanning over 40 years, Bebo Simonian was a teacher and journalist. A member of the Union of Armenian Writers of Lebanon he wrote for several papers.
Bebo Simonian was an author of many poetry and prose collections and articles. His poetry books include Prelude, Նախերգանք, (1968), “Myth of the Greens”, Կանաչներու առասպելը, (1977), “Humans”, Մարդեղութիւն, (1981), “Cry of Trees”, Ծառին ճիչը, (1991) and “In Front of the Lights of the Mediterranean”, Միջերկրականի լոյսերուն դիմաց, (2004).
His prose collections include “Shred Shred”, Ծուէն¬ծուէն, (1981), “Roots of Cedars” (Մայրիներու արմատները) (1986) and “Instants in the Days of Man and Life”, Ակնթարթներ մարդու եւ կեանքի առօրեայէն, (2012). Bebo Simonian’s complete works “Pages and Materials of Literature” was published in 2012 .
Mr. Simonian passed away in Beirut on March 27, 2015.
Պէյրութի Մէջ Մահացած Է Լիբանանահայ Գրող Պէպօ Սիմոնեանը
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».¬ Պէյրութի մէջ մահացած է նշանաւոր գրող, լիբանանահայ մշակութային կեանքի երեւելի անձնաւորութիւններէն, երկարամեայ ուսուցիչ, լրագրող, հասարակական գործիչ Պէպօ Սիմոնեանը (Պետրոս Գալայճեան): Այս մասին տեղեկացուցած են Հայաստանի Գրողներու միութենէն։
Պէպօ Սիմոնեան ծնած է 1937ին, Աղեքսանտրիա: Երկու տարի ետք ընտանիքը տեղափոխուած է Պէյրութ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Նշան Փալանճեան ճեմարանին եւ Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ: Այնուհետեւ աւարտած է «Սէն Ժոզէֆ» ֆրանսական համալսարանի արեւելեան դպրութեան կաճառի հայագիտական ճիւղը: Աւելի քան 40 տարի զբաղած է մանկավարժութեամբ, զուգահեռաբար նաեւ լրագրութեամբ: Անդամ է Լիբանանահայ գրողներու համախմբումի եւ քարտուղարութեան, անդամ է «Կամար»ի եւ «Շիրակ» գրական հանդէսներու խմբագրական կազմերուն։
Պէպօ Սիմոնեան հեղինակ էր բազմաթիւ չափածոյ, արձակ, գրաքննադատական եւ հրապարակախօսական ժողովածուներու: Անոր բանաստեղծական գիրքերէն յիշատակելի են «Նախերգանք» (1968), «Կանաչներու առասպելը» (1977), «Մարդեղութիւն» (1981), «Ծառին ճիչը» (1991), «Միջերկրականի լոյսերուն դիմաց» (2004) ժողովածուները: Արձակ գործերէն յիշենք «Ծուէն¬ծուէն» (1981), «Մայրիներու արմատները» (1986), «Ակնթարթներ մարդու եւ կեանքի առօրեայէն» (2012) գիրքերը: Անոր գրականագիտական ուսումնասիրութիւնները ամփոփուած են 2012ին լոյս ընծայուած «Էջեր եւ նիւթեր գրականութեան» երկու հատորներու մէջ»:
Պէպօ Սիմոնեան պարգեւատրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ՝ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, իսկ 2012ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» մետալի:
«Սքանչելի գրողի եւ մտաւորականի հայրենանուէր վաստակը մի ամուր եւ անխորտակ կամուրջ էր սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ, որը կը շարունակի երկար խանդավառել ճշմարիտ արուեստասէրների սրտերը», յայտնած են Գրողներու միութենէն։
No comments:
Post a Comment