Ամբողջ եղածը քախքէ եւ թէյ էր
Քախքէն կը մկրտուէր տարչին թէյին մէջ,
Ամենայն փութով՝ փափկացած մասին
Կը քսէինք կարագ, վրան՝ մեղրագոյն թուզի անուշ էր.
Աշխարհի ամենէն համով պատառն էր։
Երկար սեղան էր, երկար նստարան,
Խոհանոցը մութ էր, մէկ պատուհան միայն,
Բայց ամեն անկիւն արեւ կար ոսկի
Եւ ոսկի խօսքեր, տաք թէյէն կարօտի
Դեռ ումպ մը չառած մեր նէնէն կ՚ըսէր նայելով մեզի
«Եախըշըընը սէվսիւն նէնէսի»։
Ինչպէ՜ս քաղցրացած սէրը չյորդէր,
Գուրգուրոտ թեւերով նէնէն չգրկէր։
Հինգ-թոռնիկ ունէր,
Իսկ կեանքը համեղ քախքէ եւ թէյ էր։
Անկիւնէն աստիճան մը կ՚ուղղուէր պզտիկ սենեակ
Սենեակէն աստիճան մը տանիք կը հանէր,
Տանիքին վրայ թրթռուն կ՚ապրէին
Փարթամ որթատունկ, թրթուռ ու թռչուն։
Որթատունկէն վեր՝ կաս-կապոյտ երկինք
Որ ամեն գիշեր փաս-փայլուն արծաթ աստղերով կ՚օծուէր։
Պզտիկ սենեակը աշխարհ մր ունէր գունեղ հեքիաթի,
Երբ Պելճիքայէն Տիգրան տայտայը գար
Մեզ գիրկը առած, գիրքերը բացած կը պատմէր ինչե՜ր,
Բարին կը կռուէր Չար ոյժերուն դէմ, բայց ընդմիշտ կ՚ապրէր։
Այն ատեն կեանքը արդար էր, մինչեւ…
Այդ տո՛ւնն ալ փլաւ։ Օրօրոց, ծիծաղ,
Ձուկի աւազան, ծառերու խնճոյք,
Հաւնոց ու վանդակ. պահուըտուք, քէթէ,
Մածունով քէօֆթէ եւ սթիք պուզա։
Օր նոր՝ զեփիւռ նոր, դարաւոր թոնիր,
Գունազարդ գիրքեր, անթառամ ձայներ.
Իսկ ինչո՞ւ հիմա թզենին հսկայ՝ մինակը կու լայ։
Գիտէ՜ք ինչ եղաւ։ Պատերա՛զմ եղաւ.
Հրէշ մը ելաւ, շատերուն եւ մեր շէնշող տուները
Կլլեց մթագնեց,
Ցնծուն Փիւնիկէն մոխիրով պատեց։
Ելանք մեր վայրէն
Ամեն մէկուս հասաւ պատմութիւն տարբեր։
Հիմա նստեր եմ, նորէն քախքէ ու թէյ,
Կարագ անուշը շուկայէն բերուած.
Նստարանը կ՚երեւա՜յ, բայց արեւը չկայ,
Նէնէն բացակայ է, կարօտս՝ ներկայ,
Ծնողքս չկայ, տագնապը միշտ կայ,
Քոյր եղբայր՝ անդին, զաւակներս՝ հեռու.
Յաճախ անհաշտ եմ, երբեմն հլու։
Օր մը պակսեցա՛ւ ամեն բան կեանքէս
Միայն գիրքերս եռանդով շատցան։
Բայց պատանեկան երկար սեղանէն
Մնաց բոյրը ձայնին
Մնաց սէրը լուսածիր
Եւ անմահական համը ընտանիքի։
Եօթանասունը անց՝ պատմելու եմ հարկաւ
Երիտասարդութեան այդ սեղանը փայտէ
Թաքուն, մարմարեայ յուշարձան դարձաւ։
Նիւ Ճըրզի
Յունիս 2021
Լոյս տեսած է Հորիզոն Գրական թերթին մէջ