Showing posts with label Sako Aryan. Show all posts
Showing posts with label Sako Aryan. Show all posts

Monday, May 03, 2010

Սագո Արեան։ ԱՄԵՐԻԿԱ՛ ՔՈՅՐՍ [1]

Ամերի՛կա քոյրս, 
Թշնամացած բարեւները, 
Կախեցիր մեր հին պատշգամի հին թելերուն... 
Ուր մնացին պատառիկները մեր մանկութեան ... 

Ամերիկա, քոյրս, 
Կանգնեցայ Նիակարայի առաջ, 
Ըսիր, ջրվէժը հզօր է, դիմացը Պուֆֆալոն…
Երազներդ մէկ առ մէկ
Հանեցին դեղին ծոցատետրէս ...
Ամերիկա, քոյրս,
Երազներդ մնացին մեծ մամայի հայատառ թրքերէն տողերուն մէջ,
Ուր դուն պոլսահայերու հետ նստած կլոր սեղանին,
Անոնց պատրաստած համադամները համտեսեցիր ...
Կանաչ եալանչիներ հիւթեղ ...
....
Իբրեւ թէ քեզ չեմ փնտռեր ...
....
Քեզ չեմ փնտռեր,
Ամերիկա քոյրս,
Ձեռքս Անդրանիկ քեռայրին կղպուած
Փոշոտած հեռախօսին չ՛երթար լսելու համար ձայնդ...
Ձայնդ հին եւ գունագեղ...
Կը պատմես կեանքէն... ու բառերդ ալիքներ…
Բառերդ տող-տող,
Բառերը հատիկ-հատիկ...
Հարց կու տաս Հայաստանի մասին
- Հայաստան պիտի չերթա՞ս Սագօ...
Ամերիկա քոյրս, ծալապատիկ կը սպասենք որ կանաչները երկրիդ
Գունաւորեն պահարանները մամային...
Յիշողութիւնս կը պատռէ ցանցը ժամանակի...
Մենք կը մերկացնենք ապրումները մեր...
Տղաքս ֆրանսերէն կ՛երգեն... ու մենք մեր լեզուն կը զեղծենք…
Երազս էր Ամերիկան, երազս Ամերիկա քոյրս.
Աշխարհը մեր հանդիպումը ինչո՞ւ ծրագրէ…
Ահաւոր է, երբ ես փակած եմ դռները երազիս...
Եւ հեռացումդ ծանր կը նստի սրտիդ....
Դէմքեր կը սեւնան, բանաստեղծները կը շիջին...
Կը զանգահարեն, կ՛ըսեն որ էջերս դառն էին եւ վատ...
Մէկը կը փռնգտայ Աստուծոյ անունով,
Ուրիշ մը` բլուրին նստած, անօթեւան, կիսամերկ կաղնիի պէս
Կը սպասէ անձրեւը ... որ պիտի գայ
Անձրեւը այս յիմար աշնան,
Անձրեւ` այս տօթ յիմար աշնան...
Ուրիշ մը բարձր սարերուն վրայ վերջալոյսներ կը յօրինէ.
...
Ամերիկա՛ վիթխարի քոյրս,
Հիմա նստած եմ կայսրութեան փլուզումը նկարագրելու...
Ինչպէ՞ս խօսիմ հետդ...
Ըսէ՛....
Ըսէ ո՞ր լեզուովս,
Համրանալս վեհանձնութիւն սեպէ...
Լռութիւնս աղօթք թող ըլլայ քեզի,
Ու մեր սառնութիւնը ամերիկեան գէշ նկարուած ֆիլմերու նմանցուր:
Տասնըութ տարեկան չեմ այլեւս, որ նամակ գրեմ քոյրիկին...
Այս տարի, քոյրիկ, մի՛ մոռնար Լէպթոփը...

Այս տարի կաղանդ պապան ալ սեւ է.
Ուրախանալու ոչ մէկ տեղիք կայ հիմա, գիտես չէ,
Պուրճ Համուտի սեւ մայթերը ո՞ւր կը տանին...
Հոն չեմ պիտի ըսես ... յանկարծ սխալներ չընես 


Ամերիկա՛, դուն մեծ քոյրս, 
Քանի՞ տուփ Էտվիլ մնաց պայուսակիդ մէջ...
Յիմար Էտվիլ,
Առաջին տարիներուն գաղտնապահ Էտվիլ,
Ու հիմա բացայայտ ու ներբաններուն վրայ քալող յիշատակ որպէս...
Հինգշաբթի երեկոյ լիբանանեան լոթօ...
Լոթոն բոլոր անտէր հայերուն հայրենիքն է...
Յատկապէս հինգշաբթի իրիկուն
Բոլոր հայերն աշխարհի
Սեւ ներկուած, սեւով ծպտուած ու սեւ ձեւացող հայերը...
Պիտի դառնան տուն ձեռք մը պլոթ խաղալու...
Պահարանին միւս կողմը, կամ ետեւը միշտ կայ
Ցեղասպանութեան ուրուն, որ կը հալածէ զիրենք...
Ու դիմացի անկիւնը ուրիշ վերանտայի մը վրայ
Քաղաքական կիսամերկ բանտարկեալներ կը տեսնեմ...
Պոյի՜դ մեռնիմ...
Քոյրիկ, կը յիշե՞ս այդ վերանտան, ուր Սեդա քոյրիկս
Հաւկիթ կը խաշէր պապային համար...
Ու չէր մոռնար երկու սառած ալմազա բերել ընթրիքին...
Կեցցէ՛ փրոսթաթ Ամերիկան
......
Ամերիկա, քոյրս, նիհարցա՞ր...
Սուշի եւ ֆաստ ֆուտ չմնաց քաղաքին մէջ...
Պատմէ՛ Ամերիկայէն...
Հայտէ, նազ մի՛ ըներ...
Պատմէ ինծի վերջին աղաւնին ո՞ւր գնաց ձեր տունէն...
Որուն նկարն անգամ չես ղրկած
Ի՜նչ անջրպետ մեր միջեւ...
Մի՛ դժգոհիր, Քոյրիկ...
Ամերիկա քոյրս պիտի սիրե՜մ քեզ անջրպետին չափ,
Մեծ ու կապոյտ...
Երկարող երազին պէս որ չունի աւարտ...

Ամերիկա՛ քոյրս...
......
Ամերիկա՛ քոյրս,
Կապոյտով գրեցի քու մասիդ,
Կապոյտով
Էյչ Փի փրինթըրը չ՛աշխատիր...
Առաւօտեան վաղ՝ հինգուկէսն է...
Եաննին միայն կայ դիմացս,
Բաժակ մը կոնեակ,
Ամերիկա՛ քոյրս,
Ո՞ւր ղրկեցիր մեծ քոյրերս...
Հօրքուրս որ Իրաքէն հազիւ պրծաւ, 
Անօթեւան անջուր հիմա Հոլանտա... 
Անամուսին անմուրազ ու անխօս հէրն անիծած... 
Հին երգերը հօրքուրներուս... 
Ո՞ւր մնացին հին ձայները, 
Ամերիկան մեզ որբացուց 
Ըսին որ երազի երկիր է... 
Երազները վրայ տուինք ու մեռանք...
Մենք չմեռանք...
Հիմա արեւելքի պորտին
Զաւակներուս մրմունջ բառերը պատշգամէն կ՛արձակեմ...
Իբրեւ մասունք աղօթքի,
Ամերիկա՛ քոյրս,
Մեր խէրիկը անիծեցիր...
Աֆղանիստան, Իրաք,
Հիմա ալ ելեր ես Հայիթիի Որբուկները գողնալու...
Ամերիկա՛ սեւ համպըրկըր յիշատակիդ...
Ընկերներս ետ դարձուր...
Ես չեմ մեռնիր, մի՛ մտածեր այդ մասին
Գիրգոր քեռայրը միզել չկրցաւ,
Եւ փրոսթաթի խլիրդէն մեռաւ,
Աւելի քան սէր, աւելի քանսէրէն մեռաւ... 
Ո՛վ գիտէ ինչ ճանապարհ էր Քէրքուքէն Հոլանտա... 
... 
Անդրանիկ քեռայրս անյիշատակ կը պառկի 
Ղազար ամոս, հարսքոյրիկս ու հիմա Սագոն
Որ մէկը թուեմ…
Մեռելները կը հաւասարին ողջերուն
... Ինչ տեսակ երազ է ասիկա
Սուտերդ քեզի թող մնան
Տաունտաուններդ սովալլուկ վհուկներու պէս,
Բերանաբաց ու դատարակապորտ ուրուներ են միայն:
Ամէն ինչդ գէշ է
Ամէն ինչդ մահ է Ամերիկա՛...

Ամերիկա, քոյրս,
Կը զանգեմ Յարութին բարեւ ըսելու...
Բարեւ ընկեր
Բարեւ բոլոր ընկերներուն...

Ամերիկա՛ քոյրս,
Կ՛ըսես ուրուականը պիտի հիննայ ու անցնի...
Ամերիկան մեծ երկիր է
Թալէպները քանի-քանի օդանաւ վար կ՛առնեն

Սագո Արեան։ ԱՄԵՐԻԿԱ՛ ՔՈՅՐՍ [2]

Ամերիկացի խարտեաշ զինուորներ հողին կը տրուին...
Ծօ՛, դուրս ե՛լ,
Դո՛ւրս բեր զօրքերդ,
Մեծ օդանաւերդ ի՞նչի կը ծառայեն.
Հարաւս սեւ մոխիր ըրիր,
Բայց չինկայ...
Դուն նաւթ կ՛ուզես խմել...
Նաւթի ծարաւ ես
Աշխարհս ծեր է,
Վախնամ մեռնի
Ծառերը սեւ հագնին...
Ձիւնի փոխարէն տեղայ կարկուտ կարմիր...
Դուն նաւթէն չե՞ս կշտանար...
Տե՛ս հնդիկները ինչպէս կը կառուցեն իրենց տունը
Տե՛ս հարաւի բնակիչները,
Տե՛ս չինացիները...
Դուն կեսար կ’ուզես խաղալ,
Երեխաներդ առանց ցաւի պիտի ծնին
Առանց երկունքի,
Աճին առանց արբունքի
Ջերմանոցի անհամ ելակներու պէս...
Ո՞ւր են բանաստեղծներդ, թող ապտակեն քեզ
Ամերիկա՛ թող ապտակեն...
Ո՞ւր է Ալէն Կինզպըրկի ոգին
Վաևյ, մամա ճան:
Մէզ կը հոտի երկիրդ…
Ամերիկա քոյրս,
Քիչ մը զգացում եւ սէր ուղարկեմ
Ուեսթերն Ունիոնով....
Ըսէ՛, սորվեցնե՞մ
Ինչպէս կը գուրգուրան հօր ու մօր վրայ
Ըսէ՛, արցունք մի՛ թափեր
Լէպթոփս չի հասկնար
Ու աչքերուս մէջ տեղ չմնաց արցունքի...
Ամերիկա քոյրս, կը լսե՞ս զիս,
Հաւաքէ պայուսակներդ...
Իրերդ
Ըսէ՛ Ամերիկան ի՞նչ տուաւ քեզի...
Ամերիկան բաց գերեզման է, գիտես...
Հոն մեռելները կը պառկին գեղեցիկ գերեզմանատան մէջ…
Մեծ կայսրութիւն Ամերիկա՛
Մարդիկ թիւ, հազարումէկ թիւ ու թիւեր...
.....
Ամերիիկա քոյրս,
Սուրբ Սարգիսն ալ անցաւ,
Ոչ ոք զանգ կու տայ
Հասնող հեռախօսներուն համարները
Երեք եօթը չորսով են միայն...
Նախագահիդ կ՛ըսես
Որ հոգս չէ թէ ի՞նչ բառ պիտի գործածէ... Ապրիլ 24ին...
Միայն նաւթի համար,
Պիտի զղջաս Ամերիկա քոյրս...
Տունէն դուրս ե՛լ...
Վերջացաւ մելանս որ գրեմ...
Ամերիկայիդ մասին գրելէն յոգնեցայ…
Ամերիկա քոյրս,
Երթամ ապրելու...
Դուրսը արեւն է...
Կ’ուզեմ ապրիլ
Կ’ուզեմ որ ապրիք քոյրս,
Կորքի չեմ որ նկարեմ քեզ...
Տանս մէջ կ՛ապրի նկարիչ մը հզօր...
Մե՜ծ ընկերս... Որ չի հաւատար Նոր Եորքի ցուցասրահներու սափրագլուխներուն...
Վահան Ռումէլեան...
Հզօր գոյներով նկարէ գալուստը նոր պայթումներուն...
Որ թերեւս արթննաս Ամերիկա քոյրս...
Բանաստեղծիկները, որ բանաստեղծութիւն կը հազան,
Կը փղձկին ու տրտում հոկտեմμերի խաղեր կը խաղան...
Անոնց համար ալ կը գրեմ...
Որ սորվին լաց չըլլալ ասկէ ետք...
Կեանքը գեղեցիկ է...
Կեանքը հզօր է Ամերիկա քոյրս...
Բարլուս...
Բարլուս բոլոր ապրողներուն...
Բարլուս Տիկին Արշալոյսին որ մեռաւ Ամերիկա երազելով...
Բարլուս անոնց որ գործէն գինետուն կը վազեն...
Ամերիկա՛ ճանապարհ լինելութեան...
Քու խաչերդ Երուսաղեմէն պիտի բարձրանան...
Երթամ գրկեմ երեխաներս...
Բարլուս Ամերիկա...
...... Ամերիկա Քոյրս ՝ Բարլուս ....



ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ Պէյրութ

Thursday, December 03, 2009

Սագօ Արեան: Անձրեւ Նոյեմբերի

Տանջուած անձրեւ Նոյեմբերի,
Ե՞րբ պիտի սրբես վէրքի թաղանթի վրայ գոյացած արցունքը եւ վերադառձնես զիս դէպ իմ ճանապարհ
Անձրեւ բարի ու ռիթմիկ, ինկող անձրեւ նման տերեւի Թաւալքին որ կը հպուի Նախնեաց հողին...
Զի արմենիան հող Ա
....
Ես չեմ կարող
...
Ես չեմ կարող հետ այսու լռութեամբ նայիլ ու խածնել Վէրքին ցաւը...
Աղ Ու կերկեր...
Սրբոց խորանին ու մուշկ ինչպէս,
Ցաւերէն յառնող մարմինն իմ ահա,
Ո՜հ անձրեւին վերջին հեռացողները
Եւ դռան թակուիլը ուշ լռութեան մէջ...
Բոլոր ընկերներս շարուած
Ու ես կանգնած, հաղորդութեան մասնիկ տալու
Ես անաղօթքս ու անսուրբս
Մարմնէս կ՚աճին թեւեր ու կը սրբեն դռան ճակատը.
Կը սրբեն զիս
Հոկտեմբերի դժգոհ սուլոցներէն ...
Անձրեւին հետ հաշուի նստելու եւ մաքրուելու ...Անձրեւին հետ
Կտոր մը սեւ հաց,
Շիշ մը գինի,
Հին բանաստեղծներուն վէրքին համար,
Իբրեւ մասունք եւ մատեան աղօթքի.
Սա հեթանոս պահերուն,
Իբրեւ վերադարձ մեծ ճանապարհներէն ...
Ամբողջ գոյութեան մը շաղկապը ուղեղիս Մասնատու’ին մէջ
Ու ՃԻՆՅԸՍ մկնիկին աչքերուն շըխկոչը...
Հէ՜յ գիտի ֆէսպուքեան ընկերութիւն
Դեռ չտեսանք կենացը
Դեռ չտեսանք մերկութիւնը գինիի տակառներուն վրայէն քալող Էգերուն
Բայց կիսաքանդ դէմքեր ու կարմիր մորուքներ ֆըըշշշշշշշշշշշշդ սանկ օդանաւի պէս կը սուրան
Վահան թամարեանի խենթութիւնը ուր մնաց
Ուր մնաց կիրակնօրեայ աղօթքը իմ հեթանոս Եղբայր
Ու հարք մեծաց մեղաւորաց,
Ուր մնաց գրաբարեայ կարկանդակը
Ուր մնացին սաղմոսներուն մարմնէն հոսող խունկը
Շատ է այս վերադարձը ինծի,
Թանկ է այս վերադարձը ինծի,
Վերադարձ գրաբարեայ մանկութեան,
Ուր պուրճ համուտի սրտէն ծորող
Մեր պատմութիւնները աղօտ, կը մտաբերեմ մայթին մերկացած խոնաւասէրներուն հետ ...
Թագաւոր ու մանուկ, որ ձեռաց խաչով կը մկրտես առնո պապաճանեանի երկարող քիթէն դուրս վազող խազը մեղաւոր ...
Ու տաքդեղ Կապոյտ քսուկ որ կը ‘արուիս ուսերուս մարելու համար հայ—թուրքական թուրք—հայկական ինչ որ անօրինակ վկայութիւն մը, որուն դեռ վարժ չէ մարմինս....
Ի՞նչպէս մարել արցունքին հրդեհը
Ու լուսոյ մելանով գրել պատերուն վրայ,
Առանց լուսանկարներու
Առանց ֆոթոշո’ի գիւտերուն, առանց ոչինչի...
Գիտեմ, մեր մէջ կը բնակին հին ցաւոտ կայաններ ...
Որ գիտեն պոռալ...
Երբ նոյեմբերի անձրեւէն ուրախացած երկիրը տաք կը խլրտայ մեր ոտքերուն տակ։
Ու խխունջի ‘ոխարէն արցունքէ մորուքաւորներ,
Լուսէ վերարկուներ հագած կուգան ճամբան եզերելու ...
Արթուն պոեզիայի պահն է ասիկա...
Արթուն ու վէրքին դէմ դնող հասարակաց կարմիր գիծին երկարութեամբ...
Ռեհի գիծին երկարութեամբ...
Երբ արեւածագին բոլոր շնչաւորները կը նային դէպի վեր..
Կը նային դէպի խորունկը..
Կը նային հողի խորունկներուն մէջ թաղուած յիշողութեան կարասներուն ...
Հոն է,
Այն է պահը մեծ երանութեան,
Անձրեւէն ետք, սորվիլ ու մաքրել հոգին հողէ կտաւներով ...
Որ քնանաս երկ՜՜ար հողը գրկելու ...
Բոլոր երակները կը ցցուին դէպի վեր ...
Եւ կը խայտայ երկիրը գրկելու մեզ
Ու առաջին շողքերը արեւու։
Այս ամէնը կարիք չկայ լուսանկարներու...
Աշխարհը պիտի ծիծաղի ցաւին համար...
Պիտի խնդայ ցաւին համար.
Պատճառը մենք ենք...
Վեր առէք ձեր ձեռքերը...
Ու մատները բլթակներուն...
Ահա սպիտակ ձիաւորը կ՚անցնի
Ու Հոկտեմբերի արցունքը կը քարանայ
յանժամ ...
Դադրեցուցէ՛ք աղօթքը .
Մինչեւ երբ պիտի չհաւատանք մեր երակին։
Աղօթքի դարերը պրծան,
Աշխարհ մէջքով տուած կը սուրայ
Իսկ մենք դեռ նոյեմբերի անձրեւներուն տակ Խխունջ կը հաւաքենք.
Կը սպասենք որ մաքրուի մեր հոգին..
Բայց ի՞նչէն մաքրել զայն։
Մեր գիրն է ատիկա
Ճակտի գիր,
Մեծ մօրս ճակտին խորշոմած ու սուրբ,
Անզուսպ
Իմ հայհոյանքներուս դիմաց ու կողքէս քալող իբրեւ պահապան...
Իբրեւ պահապան։
Մեր գիրն է ատիկա
Ճակտի գիր։
...Մտէք ներս Նոյեմբերի անձրեւէն,
Մտէք ներս։


Սագօ Արեան

Monday, September 21, 2009

Սագօ Արեան: ԱՀԱՐԿՈՒ ՁԱՅՆԵՐ

Ռէալ Փոլիթիք հրամցնողներուն


Ձայներ կուգան ականջիս, բացարձակ լռութեան մէջ։
Ահարկու ձայներ,
Լուսանկարներուն, թերթի սիւնակներուն, ձայնասփւռի եւ հեռատեսիլին Պաստառներուն...
Ահարկու վնասող ձայներ, որ կը զառնուին ականջիս, զօրեղ ալիքներու պէս...
Ու ես այս խուժանին մէջ,
Ընկերներս, ձաւերս մոռցած,
Մոռցած ամէն ինչ,
Մոռցած քէներս ու դաւերս
Ահա ձայներուն ետեւէն կը վազեմ։
Պիտի յօրանջեն երեսիս
Առաւօտեան սառ ժամերուն երբ պատշգամբի սիրուն բազրիքին դնեմ
Ձեռքերս, հանգիստ շնչելու
Ձայները պիտի հալածեն զիս
Լռիւ անբանաստեղծ անկենդան օրերուս,
Յոգնած ոտքերուս ու վիրաւորուած եսիս հետ
Ձայները պիտի գրոհեն վրաս...
Նստած գարեջուին հետ,
Հին ծրագրերս,
Ու թուղթի թէզերս նորոգելու յիմար փորձերուս հետ,
Թերթեր —թերթեր թէզ մը թերթեր,
Ծրագրեր,դեռ չգրուած նամակներ
Կապեր լայն ու բարակ...
Կէս մնացած ահագին զրոյցներ աշխարհին հետ,
Իմ աշխարհիս..
Պահեր մեծ ու երանական
Սակայն ձայները թոյլ չեն տար...
Պիտի դառնամ նոյն հոգեխառնութեան.
Նոյն պատուհանին ու վարայգոյրին
Որ բանաստաեղծութեան վերջին ումպը կլլեմ
Ու բացականգչեմ
— Օրս յագեցած էր այսօր
Ինչ փոյթ որ ոտքիս տակ եղողը աւազ է, ոչ ապառաժ
Ես ապառաժի լեզուն գիտեմ
Աչքերու ու սէրէրու լեզուն գիտեմ,
Բայց ինչ փոյթ այս որոգայթերը։
Պաղեստինեան դատը իմս է կարծես ու այսօր այդ ձայներուն մեղայ կը կանչեմ։
Այդ ձայներուն,
Տեղ մը մէկը սխալ ճիչ կ՚արձակէ,
Կը կատղին տառերը պաստառին վրայ,
Տեղ մը մէկը տանուլ կուտայ ներքին կռիւներս,
Ես մեխակ կրող Հայրենասէր չեմ,
Ես սուտ չեմ,
Ես աստղ չեմ որ անխօս մարիմ ու լռեմ.
Տեսէք տեղ մը, մէկը բոցերուն մէջ տանուլ կուտայ..
Մէկը կը պարտուի.
Բոլոր յղի կանայք պիտի սառչին,
Բոլոր յոյսերը պիտի մարին,
Մեխակներոը ու մեխակ կրողները պիտի քարանան,
Կիրակի հոտող Սուտ խոստումները պիտ իյնան...
Ո՞ւր կը տանիք մեզ,
Ետ բերէք...
Կիրակի կէսօրուան խաղերէն
Ետ բերէք մեզ հին գինովութիւններէն.
Ետ բերէք, Տուն բերէք
Տուն բերէք մեզ։
Մեր օրհասը, մեր ձաւը մեր քրտինքը ետ բերէք,
Պարպեցէ՛ք Իրաքը,
Տուէք Պաղեստինին իսկական դրօշակ...
Սուտ բարեկամութեան եղունգները,
Որոնց վրայ դեռ արեան կաթիլներ կան,
Հանեցէք մեր մորթէն։
....
Սխալ ահարակու ձայներ կը հալածեն զիս
Մութին,
Ես պիտի պոռաա՜՜՜՜աամ
Պիտի պոռամ...
Չեմ մոռնար,
Մի մոռնաք,
Որ ես սպիտակ մեխակ կախող
Ու կիրակի օրուան յիմար հայրենասէր չեմ...
.......

Ահարկու ձայներ կը պատռեն լեղիս
Ահարկու ձայներ,
Ո՞ւր են տղերքը ....
Ահարակու ձայներ

Thursday, July 16, 2009

Սագօ Արեան: ԱՄՈՒՐ ԿԸ ՍԵՂՄԵՄ ՁԵՌՔԸ....

ԿՐԱԿԸ ԴԺՈՒԱՐԻՆ, երբ կը վառես գլանիկը
Անզօրութեան պահերուն
Տիեզերքի խենթ,հզօր ալիքներուն դիմաց
Եւ քաղաքին դիմաց
Որ պատուած է դեղին մշուշով
Հիմա քանի գրիչներ
Իրենց տառերը կը զարդարեն թուղթին վրայ։
Հիմա կրնաս առանց ձայնի ու աներկիւղ Կաթուածահար ըլլալ,
Կամ յարութիւն առնել երկար ու հիւանդ գիշերէներէն յետոյ
Նորէն յիշեցնելու կարգով քու ականջիդ պիտի ըսեն
Թէ ինչքան դժուար ես
Աւարտ չունի Յուլիսի տապը.
Քոյրդ կրնայ քեզ պատառ մը հաց զլանալ
Ցամաք մը հաց
Հոգիի հաց ու դուն գլուխդ ծռելով
Հին ‘նտռտուքներուն
Ու հին ձայներուն մէջ պիտի վերագտնես քու ձայնդ
Այդքան վաւերական ու անշառ ձայնդ.
Որովհետեւ,
Յուլիսը պիտի նետէ քեզ «Սէֆիր»—ի խորագիրներուն մէջ.
Ամէն տեղ Ստրուկ ճերմակ— մահ
Ամէն տեղ Գաղթական ու ողբ
Ամէն տեղ Պատերազմի ահ։


Ես պատերազմի ընկերն եմ,
Ես պատերազմի գիրն եմ,
Ներողութիւն ըսելու եկայ
Դուռը բացէ՛ք.
Քաղաքները սուտ վկայարաններ են ճերմակ դագաղներուն առջեւ,
Ես խնձորեսկ նստած թթի արաղ կը կոնծեմ.
Դիմացս պաստառին վրայ
Շիահ կամ նապաթիէ,
Պզտլիկ երեխաներ ճերմակ կը հագնին....
Հիմա ինչպէս պատմեմ աշխարհին
Որ ես բարանոյիք վիճակներու մէջ էի,
Երբ մահ էր,
Ամէն դի
Ինչպէս պատմեմ մարդկանց
Որ ով էր հրէշը եւ ով էր զոհը այդ ժամուն...
Չէր բաւեր կարծես Էմիլ Սիորանի վատ, շատ վատ թարգամանութիւնը,
Կամ ՀրանտԻ ծանր մէկ էսսէն
Ուր գրականոբթիւն ճերմակ աղաւնիի պէս
Կը թեւածէր,
Ճերմակ մինակ աղաւնի...
Ու մօրուքիս մէջ գիրի տաղաւարներ կը թա’ռտէին,
Երբ երկուսով ես ու կինս «Հայաստանի Հանրապետութիւն» թերթի շէնքին,
Ամէնէն բարձր յարկը ելլանք,
Ամուր սեղմած եմ ձեռքը,
Ա’ին մէջ երեխաներուս կապոյտ հլունը կայ պահ դրուած ...
Կը բարձրանանք...
Խմբագրին հետ պիվա խմելու....

.....



Անտուն մահը զիս կը հալածէր...
Տանդ դուռը գոցեր գացեր ես կ՚ըսէր ....
Բայց մոմը կը մնար վառուած
Մինակութիւն հէրն անիծեցի,
Այլեւս մինակս հացի չեմ նստիր ըսի
Կասկածներու շապիկը պատշգամբի նետեցի
Ու հոգս չէր որ ընկերներ չմնացին
Ոչ ալ բարեւ տուին....
Ծօ թքա՛ծ....
Յուլիսեան պատերազմը մոռցանք,
Մոռցաք ամէն ինչ,
Ես չեմ մոռնար Յուլիսեան կարմիր օրագիրս
Գիտեմ ով է նեռը,
Սուրճի բաժակները բերի,
Բերի սառը ջուր,
Կապոյտ կոնեաք բերի
Վառեցի մոմը յաւերժական հոգիներուն...
Լեզուս կտրեցէք
Հոգս չէ,
Պատեանի մէչջ դրէք զիս,
Պահարանի,
Բանտի նկուղ Եթէ կ՚ուզէք,
Մինակ սեւ ամրոցի
Ինչ կարեւոր են այս բոլորը.
Կրնաք խաչել զիս,
Հողածին հողս, աւազս
Մարմինս որ աւազ է...
Կրնաք պատեանէս դուրս հանել
Երեւակայութիւնս
Կրնաք գողնալ բառերս...
Կրնաք զէրօ դնել անունիս առջեւ,
Այս բոլորը սակայն յիմարութիւններ են.
Որով պիտի մնայ սիրտս
Սիրտս որուն մէջ յուլիսեան արիւնը
Կաթիլ— կաթիլ պիտի հոսի.
Ու վառէ յաւերժութեան մոմն այս...
Այս հորիզոնական երազներու անկրկնելի բառը...
Այս ճզմուած սիրտը պիտի մնայ
Մի խոնարհիք ....
Ես եկած եմ ներողութիւն խնդրելու,
Բոլոր մահերուն համար,
Բոլոր սպանդներուն,
Բոլոր աւարտին չճհասած սէրէուն,
Բոլոր մարած աստղերուն համար,
Ես եկած եմ ‘ակ դռները բանալու,
Ծայր աստիճան ինքնավստահ,
Ծայր աստիճան մաքուր,
Մաքրութիւն....
Որ պահուած է սրտիս մէջ
Կարմիր երակներուս...

Ես եկած եմ մտնելու մայր դարպասէն
Չնետէք անցեալս
Զգոյշ չխօսիք յանձանքներուս մասին,
Մեղքերուս եւ հայհոյանքներուս մասին....
Ես պատերազմի մանչուկն եմ
—Վարպետիս գործածած բառով, Մանչուկ—

...Եւ հիմա
Կանգնած եմ
Յուլիսեան պատերազմը վկայելու
Վկայելու այդ շէներուն
Ու մարդոց մասին
Որ մեռնիլ չեն գիտեր....
Հարաւին մասին
Որ էր սուրբ եւ անաղարտ օրէն,
Վաղ օրէն,
Եկած եմ բարի կարասին մէջ ձէթ պահելու...
Եկած եմ
Որովհետեւ դարձի ճաբան նետեց զիս հոն ուր պատերազմը կ՚աւարտի...
Ես կ՚ատեմ պատերազմները, կ՚ատեմ պատերազմները
Կ՚ատեմ բոլոր պատերազմները...
....

Կը դառնամ հիմա
Ներողութիւն խնդրելու աշխարհէն ...
Խնդրելու ....
Խնդրելու երրորդ “ՇԱ ՊՍԱԿՍ,
ԴՐԷՔ ԳԼԽՈՒՍ “ՇԱՊՍԱԿ ՅԱՆՈՒՆ ՅուլիսԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ....
Կամաց —կամաց ելլենք վեր
Կամաց— կամաց
Լռենք կամաց— կամաց
Բառը թող լռէ,
Շունչ որ մեզմէ դուրս պիտի գայ ...
Իբրեւ յաւիտենութեան աստղա’ոշի
Տեղ մը ուր
Պիտի լռեն բոլոր պատերազմները .....
Պիտի լռեն բոլոր պատերազմները ...
Պիտի լռեն ....

Սագօ Արեան
Յուլիս 2009

Monday, April 27, 2009

Սագօ Արեան: ԽԱՌՆ ՔԵՐԹՈՒԱԾ

Հոգիս թեթեւ թռչուն է կապոյտ
Որ չունի վերացական իմաստ
Ոչ ալ կը սպասէ վերագրումներու
Կը մտնէ ամէն տեղ
Ամէն պատշգամբ ու ամէն դուռ...
Ուր մնաց մեր հին տան նեղ պատշգամբը,
Ինչ երազներ պահած եմ անոր նախշուած քարերուն ծայրերուն։

Հին դուռը եւ հին հոգին
Հոգին չի հիննար սակայն,
Կը տխրի մեծ լռութիւններուն դիմաց
Ու մեծ ալիքներուն դիմաց կը նայի վերացական աչքերով
Բայց չուրանար իր իսկութիւնը...
Նոյնիսկ թէ արագօրէն անցնի ամէն ինչ...
Կրնայ պատահիլ որ անցնին բառերը
Բուրգերը կրնան իյնալ ո՜վ գիտէ
Կրնան աշխարհները մղկտալ ցաւին առջեւ
Եւ մեծ պատերազմներուն.
Որ շարան— շարան դիակներ կը ‘ոխադրեն.
Մեր աչքերուն մէջ միայն մահ տեղաւորեցիք
Միայն ուժգին պայթումներ եւ ատելութիւն.
Բա՛ցէք բոլոր ճանապարհները,
Բոլոր անցքերը բա՛ցէք...
Մեր մարմինը ֆետայի—զսպանակ դարձուցիք
Ո՞ւր են պայթումները,
Հէյ դուք որ նոր աշխարհը կը ‘առաբանէք,
Նաւթ ու գինի կը հրամցնէք մեզի ...
Մինչ բանտի ճաղերը կը դառնան ստուար
Վէրքը կը խլրտայ,
Ամրան տաք աւազին վրայ
Արիւնը կեռայ,
Դուք նոր աշխարհի տէրէր,
Կը պատմէք տէրորի մասին
Կ՚ահաբերկէք,
Կը ‘շրէք բոլոր կամուրջներուն պարանները
Կ՚ուզէք խեղթել ձայնը մեր ...


.....



Երգը կը յուշէ սրինգին մասին,
Երգը կը խօսի յաւիտենութեան մասին,
Երգը կը ‘նտռէ ալիքներուն ‘ր’ուրը...
.....

Ես պիտ լուամ տխրութեանս
Ամեհի տարածութիւնները աղաջրով...
Ըլլար ձոր մը հեռուն...
Ու հոն թաղէի կասկածներս.
—Գիտես կ՚ըսէ ձայնը գիտես գանկերու ձորը
Ուրկէ պիտի բարձրանայիր.
Դուն եւ բանաստեղծ եղբայրդ
Դէպի գագաթը լուսաւոր Քեսրուանի
Հոն քարերն անգամ աղօթք կը հոտին...
Խնդիրդ մէկ է...
Աղօթելու եւ գրելու անկարելիութիւնները կը խոցեն քեզ...
Ու դուն ինկած ես գետին...
Մտած ես մանրուքներու— մանրուքներու նեղ ‘ողոցը։
Ուր նստելով ցեխին
Առաւելի ու նուազի զարմանալի պատմութիւններու
Ականջ կուտաս։
Կը հաշուես սխալներդ ճիշդերուդ դիմաց
Կը նայիս թէ քանի բայ ի զուր արձակած են քու մասիդ։
Ինչ կարեւոր, որ ամէն դարձէ ետք կամ վերադարձէ
Պիտի հաշուես ճմռթկուած բայերդ...
Այս տամուկ ու աղմկոտ թատրոնին մէջ,
Ուր մարդիկ ելած են ականջիդ ըսելու,
Որ ոչինչ, կեանքը նարտի խաղալու պէս բան է ...

Ամէն դարձ վերադարձ է,
Վերադարձ է աւազներուդ ու քարերուն ու կայմիդ
Թող ոչ ոք խօսի քու անունովդ,
Որովհետեւ լոյսի պատմութիւնները պիտի մնան
Ժամանակի պահարանին մէջ միայն...
Ու այդ պահարանը պիտի բացուի միայն մէկ անգամ։

.....

Ամէն դարձ վերադարձ է,
Վերադարձ է մակոյկիդ
Որ գիրի նաւակներով պիտի տանի քեզ ապահով ա’եր։
....
Երկու շուարած կիսադէմքեր
Կը հալածեն մարտնչող Ոգիս.
Կը նային, իրարու բաներ կ՚ըսեն, կը ‘ս’սան...
Կը հաւատամ որ պէտք է շարունակեմ գործս.
Կարիկ Պասամճեանի ոգին կը թեւածէ գլխաւերեւս։
Ու ինչ բախտաւոր,ոսկեծիր օղակ մը կը վառի հիմա։

Աչքերս կարօտ են բանաստեղծութեան կարօտին,
Գինին ու բառը կուզեն հաշտուիլ իմ համար,
Միեւնոյնն է գարունը կը պարզէ իր թեւերը.
Խառն են օրերը,
Խառն է ամէն ինչ,
Խառն եմ եւ ես.
Խառն է քերթուածս.
Սեղանս, կամքս, գրպանս
Օդս ու արեւս,
Եւ սպասումներս են խառն.
Խառն եմ ես,
Խառն եմ ու ջղային,
Կապոյտ են երակներս...
Անոնց մէջ մելան ցանեցի...


Խառն եմ ես։

Սագօ Արեան

Wednesday, January 28, 2009

Սագօ Արեան: ԿԱԶԱ Ե՛ԼԻՐ ՄԱՀԷՆ...

Կը մտնեմ աշխարհը հին արեւելքի,
Անցած լուսանկարներ եւ թուղթեր հաւաքելու
Ճամբեզրին արմաւի ծառեր կը խօսին
Հին լեզուով մը, ինծի անծանօթ ու շռայլ
Երազներս կը ‘ակեմ պատուհանիս տակ
Ու պատուհանս քիչ մը վեր հանելու պէս կը նայիմ հեռուն.
Որ կաթիլ յոյսը վերջին չիյնայ,
Երկու ղրուշ արժող մարդկութեան Գդակին պէս ....


Կազա հին վէրքս.

Քեզմէ ժպիտներդ գողցան,
Ու մահ տուին անոր դիմաց
եղար բաց գերեզման
եղար մահուան օթեւան
եղար եօթը վէրք
եղար մեռնող խիղճ
եղար արցունք քարացած
եղար կտրուող Բառ
ինկող ձեռք եղար ...
անաւարտ վէրք եղար
որուն արիւնով պիտի լեցուին
սրուակները խիղճի ....

Աշխարհը իբրեւ ձեռքով կը բարեւէ քեզի,
Դուն բանաստեղծներուն գինին ես
Արիւնն ես նորոգ ուխտի
Ու քեզմէ է որ Յիսուսը պիտի քալէ
Նոր երուսաղէմին համար
Ինչպէս կը խօսի գիրքը .
Դուն վէրքերուն մէջ ամէնէն խենթացնողը Կազա...


Չեմ գիտեր ինչ բառերով պիտի գրել այսօր
Որ վաղը այս քերթուածը չդառնայ հինցած ռեհան
Արեւային ժամացոյցին առջեւ...
Իմաստունները համր են այսօր,
Ու ‘ամ’ուշտները որ կ՚արձակուին
Չեմ գիտեր պիտի հասնի՞ն անոր սրտին
Որ արիւնարբու հրէշ է այսօր։

Հին վէրքս կազա....







Մատեաններդ բոլոր կարդացուած են,
Ու դուն վիրաւոր ձեռքերով կը հանես պսակի հագուստներդ
Կը հագնիս մահուան սեւը,
Ու գետերէդ ջուրի պէս արիւն կը հոսի...
Ջուր եւ արիւն
Արիւն եւ ջուր
Աւելի արիւն ....

Անզէն մարդոց մասին գրելու ապսուրտ իրաւունքը
Վաստակած ենք,
Վաստակած ենք գիրի աղօթքը
Ու Մարդու Որդիին հեռացող հաւատքը
Որ հողի անունով,
Ու հողի ‘ոխարէն դեռատի գանկերը կը խառնէ կարմիր հողին
Յայմժամ ‘ուլ կուգայ ամէն ինչ,
Վերջին ‘ուլ եկողը երկրային խիղճին
Բարձրադիռ եդկնաքեռներն են։
Լոյսի ռեհան արեւելքս,
Պահեմ քեզի բիբիս պէս,
Ու պտըտիմ հին ‘ողոցներէդ
Ինչքան կը սիրեմ այս արեւելքը
Հալէպէն Նիկոսիայի հին նեղլիկ ‘ողոցները ...
Ուր ամէն գարի տակ,
Վսեմ մարդուն սրտէն վազող
Մանուշակները կը ծաղկին
Կը ծաղկին դռներուն առջեւ ....


Մեռելներէն կապոյտ հլուններ պիտի ծաղկին
Ու կապոյտ աղօթք պիտի լսուի անոնց բերաններէն ...
Ո՜հ այսքան մահէն ետք պիտի հաւատալ,
Դեռ հաւատա՞լ ‘րկութեան լաստերուն...
Երբ ծովեզրին յոյսի լապտերներ կը բորբոքին
Ու դատապարտուած բերաններէն միայն ‘րկութեան
Խնկենիներ կը բարձրանան
Դէպի վեր ....


Կազա հին վէրքս,

Գաղա’արի շապիկս արդուկուած է,
Պատրաստ երկար ճամբորդութեան....
Ֆետայիներդ մէջս քարեր կը գլտորեն
Ականջներուս կը ‘ս’սան որ ԵԼԼԵՄ...
Ե՛լ արթնցիր սա քունէդ
Ե՛լ վառէ աղօթքի ճրագը,
Ե՛լ վանէ սեւ ագրաւները քաղաքէդ որ Ի սպառ
Թեւածեցին յիշողութեանդ պարիսպներուն առջեւ ....

Կազա հին վէրքս,

Ե՛լ կազա ե՛լ .....
Ե՛լ վէրքէն ու արցունքէն,
Ֆետայիներդ կը նմանին մութէն քալող աստուածներու
Ես գիտեմ աղօթքը այդ բերաններուն...
Գիտեմ անոնց երգը, գիտեմ գոյնն անոնց
Գիտեմ եւ խիղճին ձայնը ...
Բերանս չոր էր, հաւատքս կիսուած...
Յոյս տուին ինծի...
Մեղայ եմ հիմա ....

Կը մտնեմ արեւելքի գեղըցիկ դռներէն ...
Ուր դրան մօտ կապուած է յոյսի վերջին արապան
Արապային վրայ իմաստուն գլուխ մը,
Կը պատմէ Յարութեան մասին
Եւ ջուրերուն որ պիտի տանին զիս հեռաւոր տեղ մը,
Խօսելու համար ու վկայելու.
Որ մահը հեշտ է աւելի քան ծունկի քալելը,
Քան կքիլը... պարտուիլը։
Ու այն ատեն պարզ ճակատով պիտի նայիս արեւելքի բարձունքին...
Աղօթելու պէս ու խնկելու յիշատակը անցեալիդ ...
Դուն ակամայ սաղմին մէջն ես,
Ու շուրջդ կատարուածները քեզ թող երազ չթուին,
Քեզ հետ քալողները կրնան մէկ—մէկ իյնալ ....
Կրնան սայթաքիլ ճանապարհին,
Բայց միակը որ պիտի մնայ ....
ԿԵԱՆՔԻ տեսարանն է
Ինչքան կը սիրենք զիրար,
Ինչքան կը սիրէք զիրար
Կազա դուն կը սիրես կեանքը...
Կը լսես զիս ։


Կազա, հին վէրքս
Ե՛լիր մահէն ...
Ե՛լիր մահէդ
Զի քու մահդ սովորական մահ մը պիտի չըլլար ու չեղաւ
Ե՛լիր մահէն
Քու մահդ իմ մահս էր.
Կազա հարսս
Ելիր մահէդ ....

Saturday, October 04, 2008

Սագօ Արեան։ ՈՂՋ ԼԵՐ ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ

Click here for the audio clip Mahmoud Darwish read by Lola Koundakjian.


Իջիր աստիճաններէն,
Վար ու կամաց
Պիտի բռնես լոյսի թելէն
Ու տանիս հետդ յիշողութիւններդ.
Բարակ թել մը կը կապէ քեզ
Անցեալիդ։
Պիտի իջնես խորունկիդ մէջ
Ըսես լեարդին որ հանէ թոյները քեզմէ
Որ մաքրէ քեզ
Ապահովէ թռիչքդ...
Փրկէ աշխարհդ եւ
Արտօնէ որ թռչիս ...
Խմբագիրները պիտի չհասկնան թռչելու ժամանակը
Եւ ամբաստանգիրներ պիտի փակցնեն
Այն թաղամիս ճակատին ու ապրեցար
Եւ ուր ապրեցաւ յոյսը քեզմէ առաջ։


Գաղափարը ողջ է դեռ
Մահմուտ Տարուիշ,
Հայկական թերթերը ոչ իսկ տող մը գրեցին քու մասիդ .
Մեռած օրդ
Տղաս մեր պատշգամբը
Պայթուցիկներ արձակեց յիշատակդ ապրեցնելու համար։
Այդ օր
Երկինքը լաց չեղաւ,
Տխուր էին աչքերը բոլոր արաբներուն,
Արիւն եւ մահ չէր հոտեր Կազան,
Եւ երկիրդ
Որ երազ էր միայն ...խոնարհեցաւ
Մտաւ յաղթանակի ձեռքերուն վրայ։
Կը պատուեն քեզ
Ձեռքիդ ձիթենի, եւ մահդ հին ու փառաւոր ...
Մահդ որուն կիսանդրին հինէն փշրեցիր
Որուն դէմ գրեցիր ու ապրեցար
Եւ ձիթենին որ աչքերէդ զերթ ծառ
Խոնարհ ու սուրբ աճեցաւ բարեկամս ...

Ըսիր ծառին հպատակ եղիր
Ու բնակեցաւ մէջդ
Հաստաբուն, վաւերական բառին ըսիր
Աղօթք Դարձիր մօրս համար
Ու դարձաւ
Երգերդ ափէ ափ մագլցեցան ...
Բառերդ ասուպներ, բարեկամս ու դուն յաղթական մտար
Քաղաքդ վիրաւոր եւ անօթի
Անօթի քու սրբութեանդ.
Եւ կարօտ քու անունիդ։





Այլեւս մահուան մասին մի խօսիր,
Ես չեմ գիտեր,
Որ հայ բանաստեղծները ինչ կը խորհին քու մասին.
Կ՚ըսեն արդեօք որ մեզմէ մասնիկ մը մեռաւ։
Սա յիմար սփիւռքի պորտին նստած գրողները
Որ անպատկառ քէֆէրու մէջ ջնջուած են, չկան
Ի՞նչ պիտի ըսեն քու մասիդ ...

Աչքերուդ ուղեծիրն վրայ
Կայ պաղեստին արիւնը,
Կայ Կանան,
Կայ մասունք մը մեզմէ,
Կայ հաւատքը բառին
Եւ նախանձը կայ,
Բանաստեղծութիւնը ամէն օր պատէ պատ զառնողներուն .
Որոնք պիտի լռեն,
Լռեր են արդէն,
Մեռեալ են նոքա...


...
Դուն Րամալլա կը մտնես
Հոգիդ քեզմէ առաջ կը ճամբորդէ ու կ՚անցնի Թալլէթ Զաաթարէն
Կը բարեւես Անդրանիկ քեռայրիս,
Ու սիկարէթ կը հրամցնես անոր.
Կը թեւածես Եունեսքոյի վրայէն
Կը հարցնես Սարգիս Շահապեանին մասին
Որ հիմա Վըրճըն մէկա սթոր Սի Տի կը ծախէ։
Իմ մասիս ոչ մէկ տող,
Ապերախտ Մահմուտ,
Հին անճանաչ ընկեր,
Հին մոռացկոտ ընկեր,
Ձայն կը հանես մացառներէն,
Փշոտ ամայի վայրերէն ....


Դուն մինչ Րամալլլա կը մտնես.
Մենք մեր գրողները
Զիպիլի մեծ տոպրակներու մէջ կը թխմենք
Ու սանկ լաւ մը կը փակենք որ գլուխները դուրս չմնան
Հապա թէ մնան
Կրնան աղմկել ...




Դուն Րամալլլա կը մտնես
Մինչ Վահէ Օշականը, Պետիկը, ծօ միւսը Սարաֆեանը
Բոլորը զիպիլի նայլօններու մէջ փակուած կը մնան
Սփիւռքի փուճ ոստաններուն մէջ...







Դուն յաղթող իբրեւ,
Մեծ վճիռին սեղանին առջեւ ....
Ապրելու քաղաքիդ ջուրով
Ձիթենին ձեռքիդ
Վարդ ու ձիթենի
Որպէսզի մեծնայ
Որպէսզի աճի քեզմէ դուրս ...
Ծառդ,
Ու աչքերդ չմնան շուար
Կարօտ սիրոյ։
Այդ բառը
Այսահար, խենթ ու կատաղի..
Նման Փետրուարի անձրեւին։



Ըսէ բարեկամս ի՞նչ կայ հոգիէն վեր,
Պատմէ Երուսաղէմիդ մասին....



Պատմէ...

Wednesday, April 02, 2008

Սագօ Արեան :ՅԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ...

Յիսուս Երուսաղէմ պիտ մտնէ
Ո՜վ Մուսա,
Հանգուցաւոր լաթերով, կիսատանջ եւ քրտինքի մէջ կորած աչքերով
Յիսուս Երուսաղէմ պիտ մտնէ...


Յառած եմ աչքերս,
Կապոյտին ու կապոյտ ծովու հեռացող նաւակներուն...
Ցերեկը արեան բաղնիք,
Երեկոյեան մահուան ընկուզենինները մէկ—մէկ կը ծաղկին։
Նոյն Սամուէլ Եւինեանի
Չութակին լարերը
Կու լան անձրեւին հետ։
Ի՜նչ արեւելք,
Ի՜նչ ոսկի եւ ինչ խունկ մեռելներուդ,
Երուսաղէմ,
Մեծագոյն սէր,
Մեծագոյն ամրոց,
Սիրոյ եւ բարիքի։
Պտուղներդ կը սպասեն...Սիրոյ տար’ին,
Եւ առաւօտներդ պիտի երգեն ինծի համար ...
Երուսաղէմ մեծագոյն վէրք,
Քու ճանպարհդ կ՚անցնի երակներէս։
Կը զարմանան թէ ինչպէս մէջս մտար,
Արարուեցար մէջս...
Հիմա ծունկի՝ տաճառներուդ սեւ արցունքը սրբելու ....
Նման տղայաբեր կնոջ աղօթքին,
Որ մինչեւ վերջին ձայնալարը կ՚աղաղակէ։

«Ոհ ես աշխարհ մըն եմ ցաւերու եւ զրկումներու
Իմ մէջ նոյնն են արիւնը եւ գինին,
Նոյնն է աղօթքը,
Նոյն են անէծքը,
Արեան կարկուտը
Նոյնն է եւ նշենին
Իմ ճակտիս դրէք տատասկը Երուսաղէմի եւ
Ես կը դառնամ անոր երակներէն հոսող Տառ ...»


Ճշմարիտ եմ,
Յիսուս, Մեր Տէրը
Իմ տէրը եւ ‘ողոցէն անցնող կարմիր մերսէտէսին մէջ գինով
Ընկերոջս տէրը,
Երուսաղէմ պիտի մտնէ ...
Առանց ոտքերը արեան մէջ թաթխելու...
Լոյս էր՝ կար,
Ու լոյսին համար բնակեցաւ մեր մէջ...
Ի սկզբանէ անոր գալարուն ցաւերուն մէջ
Ոգի կար,
Կար մեր ոգին,կար վէրքը
Եւ արեւելքի կարմիր ձիթենին կար...


Ընկերներս,
Արեւելքի հացը մի խառնէք ձեր վիշտին...
Դամասկոսը եւ Պէյրութը նոյն ձիթենիին առջեւ ծունկի՝ կ՚աղօթեն...
Թէկուզեւ խեղթուի իմ բողոքը ...
Ու չհասնի մինչեւ հոն, ուր արմաւը կարմիր է
Եւ արմաւենին արիւն...։

Ընկերներս,
Վերջին ընթրիքին հացը պատրաստեցէք
Սիրով ու նշխարով ...



Չէ որ մեր Տէրը
Յիսուս Քրիստոս Երուսաղէմ պիտի մտնէ.
Ան պիտի չմտնէ վէրքէն ու ցաւէն,
Պիտի չմտնէ մահէն ու որոգայթէն
Այլ պայծառացած...
Ու ծիածանա’այլ դէմքով
Խաչին գամերը հին պատմութեան մէջ թողած,
Ու Սրբոց Յակոբեանց զանգերուն ուրախութիւնը
Դէմքին .....


Տէրը Ընկերս,
Տէրը, Երուսաղէմ պիտի մտնէ ,
Խինդ ու ծիծաղ իր ոտքերուն ...
Տէրը երուսաղէմ պիտի մտնէ ո՜վ Մուսա...


Անկարելի է այս կեցութիւնը,
Խորունկ ցաւերէն յետոյ
Գիտեմ որ կայ լոյս,
Գիտեմ ցաւէն յետոյ ու զրկանքէն ...
Կայ ‘րկութիւն ...
Նոյնիսկ եթէ օդոյին բանալիները տունը մոռցած ըլլամ ...


Տէրը երուսաղէմ պիտ մտնէ
Ո՜վ մուսա
Հաւատա։

Սագօ Արեան

Tuesday, February 26, 2008

Սագօ Արեան: ՄԱՆՐԱՔԱՆԴԱԿ ԵՐԿՐԻՍ ՀԱՄԱՐ

Լիբանան, այլեւս չեմ կրնար ցաւդ ամոքել,
Բոլոր րնկերներս լքեցին քեզ,
Լքեցին ու հեռու ճամբորդեցին.
Մնացի ես,
Երբ թախիծը մեծնայ
Կը նայիմ վիրաւոր երկինքիդ
Ու ժպտալով կը յիշեմ յոյսի առաւօտներդ...
Լիբանան, պահարաններս լեցուն են պատկերներովդ,
Քաղաքներովդ, քարափներովդ,
Բայց այսօր ախուր ես
Ու հոգիդ քեզմէ կր վախնայ,
Հոգիդ քեզմէ կր ճամբորդէ...

Պայծառ ամրոց Պիպլոսր հայերէն կր խօսի այսօր,
Ու խոնաւ հողիդ
Բանաստեղծութեան պատառիկներ կր ցանուին...
Կ'ատեմ սուտը,
Կ'ատեմ ողբացեալ ազգական-մազգական հանդիպումները,
Կ'ատեմ կիրակի կէսօրէ ետքերը,
Երբ Պուրճ Համուտդ կր թաղուի քէպապի արքայութեան մէջ
Ու գիշերային ագռաւներր բարձր կր բանան
Յիմար ոռնոցր երգերուն,
Կր ոռնան, կ'ոռնան։
Չեմ ցաւիր վէրքերուդ ու արիւնիդ համար,
Դուն այդպէս ես սկիզբէն։
Ոչ էգ, ոչ արու,
Երկուութեան մէջ մեռնող,
Շէնշող, ապրող Լիբանան:

Կարապներդ, որոնց քիթերուն
Անյայտ վիրուսը կը քնանայ
Կը ճամբորդեն, կը հեռանան վախուորած։
Մարդիկ հազար-հազարներով կր լեցնեն հրապարակներդ,
Տե'ս, Րիատ Ալ Սոլհի ֆէսը գողցեր են,
Եւ «Ալ Նահար» թերթիդ աքաղաղը բարձրօրէն կը կանչէ,
Կը կանչէ՝ մեղայ...
Ու կատուներդ ելած են Ապու Նաուաֆի տանիքը,
Որուն ձախ կողմէն երեւելի են
Պաղեստինեան կրակակէտերր։
Տե'ս, Լիբանան, տե'ս տղերքը
Քէֆի են նորէն,
Ապու Գոգոյին փաչան խենթենալիք է, կ'ըսեն ...
Անձրեւր շըրխ-շըրխ կր ծակէ ճերմակ փէժոս,
Բայց հոգս չէ,
Ես Պիքֆայա կր բարձրանամ.
Գուցէ Գարեգին Վեհափառր նորէն տեսնեմ,
Գուցէ վարդապետ ընկերներս տեսնեմ,
Անոնք, որ իրենց գդակներր հոս մոռցան
Ու Ամերիկայի կանաչ երկինքին տակ
Կ'աղօթեն հիմա։Իբրեւ կ'աղօթեն։
Ո՜հ, Լիբանան, ինչ խելառ են խաղերդ,
Ու 4-րդ յարկի Տիկին Սատանան նորէն
Կր պոռչտայ: Գինով է նորէն։
Ո՞ւր են ֆեդայիներդ,
Տղերքր քէֆի են, Լիբանան,
Հանգիստ տուր այսօր, մի կրակեր։
Տղերքր փաչա ուտելու գացին.
Յետոյ Արաքսէն պիտի անցընեն եղեր թաղումը՝
Մեղք եղաւ, երիտասարդ էր,
Շուտ գնաց, պիտի րսեն,
Ինքր գնաց, Ուտը մնաց յիշատակ:

Լիբանան արդեօք արձակազէնդ
Նապպայի տանիքէն
Մարդորսի մէկր՝ մատաղ գոհեր պիտ ը՞նտրէ։
-2.15 - ի «Սաութ Լուպնան»-ի լուրերր մարէ այլեւս,
Մուխս մարեցին աս լուրերը.
Կինս օր մր հեռատեսիլր բալկոնէն վար պիտի նետէ,
-Մարէ այս անիծեալ արաբերէնը,
-Ճանիկս, արաբերէնր անիծեալ չէ,
Ունսի Հաժի եւ Մարսէլ Խալիֆի լեզուն է,
Ճանիկս, հանդարտ, հիմա լուրերր կր պրծնեն
Ու ամէն բան պարզ կրլլայ...
-Սագ ճան, վատ ա՞ վիճակը,
Գործերդ ո՞նց են.
Ինձ 100 տոլար ա պէտք,
100 տոլար Ճեմարանին:

Լիբանան, հողանիւթ ես,
Ոչ էգ, ոչ արու,
Երբեմն կը դառնաս կատաղի ցուլ,
Ու մերթ քեզ նայիՖ խոյի պէս կը զոհեն
Դահիճի սեղաններուն։
Գինիներդ կը կուտակուին մառաններուն մէջ
Ու գմբէթներէդ աղօթքի հառաչանքներ կը լսեմ.
Կը սիրեմ մզկիթներդ հոյակերտ,
Որոնց շուքին տարիներ առաջ,
էեւոն Շանթն ու Նիկոլր Սյբ
Քալած են երկար
ու սիրահարուած են քեզի։
Լիբնանան, յոգնած եմ,
Յոգնած՝ պատերազմներէն.
Կը լսե՞ս գիս,
Այլեւս փամփուշտներ չկան պատռելու,
Նահատակաց յուշարձանին կիսադէմքը,
Որ կը փայլի ու աչք կ'ընէ ինծի։
Ի՞նչ նահատակ,
Մենք բոլորս նահատակներդ ենք, կըսէ ձայն մը,
Ու Մարսել Խալիֆէի երգր կը լեցուի ականջներուս.
«Արթննաք ու հայրենիք տեսնէք,
Բարի լոյս ըսէք անոր,
Արթննաք ու հայրենիք տեսնէք,
Բարի լոյս տուէք անոր...»:

ժամը 6-ն է,առաւօտը լուռ, համրաքայլ
Կը հասնի քաղաք.
Մինչ Պէյրութր տխրութեան հաշիշին ւոակ,
Կը գըկէ իը վերջին մեռելը:
Միայն հանրակառքերուն անհրաւէր
Ու Սրիկայ ոռնոցն է։
Լիբանանը նոր կ'արթննայ սանտրելու իր մազերը,
Կարթննայ արիւնէն ու ցաւէն։
Ինչ հգօը եմ, կըսէ հայելիին...
Կը նետուի փողոց,
Որ հասնի ժամադրութեան.
Բոլորը շնչակաուր կը հետեւին անոր։
....
Եթէ յանկարծ արթննաք այս մահաքունէն,
Բարի լոյս ըսէք անոր...
Եթէ յանկարծ արթննաք այս մահաքունէն,
Բարի լոյսով դիմաւորեցէք
Ճմռթկուած ու վիրաւոր երազներու այս երկիրը,
Որուն բոլոր ճակատներուն վրայ սէգ,
Որուն բոլոր արցունքներուն վրայ կարմիր,
Կայ փրկութեան մասունք մը.
Անոր անունր օրհնեալ է սկիգբէն...
Անոր անունր սուրբ պիտի ըլլայ,
Փառքի, հացի, հայրենիք,
Ո՜հ, Լիբանան, Սուրբ Երկիր։

Ո՜վ Լիբանան,
Արեան հետքեր կան
Գետնին,
Ճանապարհները կը խաչուին իրար վրայ,
Ամբոխներր կը կտրեն ճանապարհներու ամայութիւնր
Եւ վերյուշր կը մտնէ մէջս՝
Շանթին հետ Սին Էլ ֆիլի ճամբան կր յիշեմ.
Նորէն Քէթէյիպ կը թաղեն,
Տամուրցի է հաւանաբար,
Ու մենք կրակոցներէն ետք գետին ծռելով,
Դատարկ փամփուշտները հաւաքելու կը նայինք,
Ամէն տեղ դրօշներ են,
Ամէն տեղ պայթիւններ,
Պայթիւններ՝ ուղեղներուն մէջ:
Անգգալաբար կը տխրիմ,
Լեղիէս ցաւի եւ թախիծի հառաչանքներ
Կը կապեն ուղեղիս լարումր:
Դիմացս, հեռաաեսիլի կայանները կը հայհոյեն իրարու,
Երկար ժամեր կը յօրանջեմ հեռատեսիլին առջեւ.
Ու չեմ հասկնար, թէ ի՞նչ է պահանջուածը մեզմէ.
Փոքրիկ երկիր, Լիբանան,
Զմրուխտ ես դուն.
Այդպէս կր գրէր Գէորգ Թորոեանր ԼԵՄ–ի օրերուն,
Այդպէս կ'ապրէինք մենք.
Զմրուխտը կը դառնար ներշնչանքի կեդրոն։
Զմրուխտը կը ծնէր Վահէ Օշականի բանաստեղծութիւնը,
Զմրուխտը կ'օրհնէր մեզ
Եւ նահատակներ կուտայինք այս հողին:
Ու հողր, ո՞վ ըսաւ, որ հայրենիք չէր,
Լիբանանը կը դառնար հայրենիք։

Լիբանան, այլեւս չեմ կրնար ցաւդ ամոքել,
Երբ թախիծր մեծնայ,
Պիտի նայիմ պայծառ երկինքիդ...
Պահարաններս լեցուն են պատկերներովդ,
Քաղաքներովդ, քարափներովդ,
Բայց այսօր ախուր ես
Ու հոգիդ քեզմէ կր վախնայ,
Հոգիդ քեզմէ կր ճամբորդէ...

Այլեւս պիտի չցաւիմ վէրքերուդ համար,
Դուն այդպէս ես սկիզբէն։
Ոչ էգ, ոչ արու,
Երկուութեան մէջ մեռնող,
Շէնշող, ապրող Լիբանան:

Copyright Sako Aryan

Thursday, January 24, 2008

Սագօ Արեան: ՍՊԻՏԱԿ ՀԵԾԱՆԻՒԻՆ ՎՐԱՅ

Արի Թաշին


Հողին վրայ կայծակներ,
Եւ արիւն ամէն դի,
Ես սպիտակ հեծանիւ նստած
Կը ճամբորդեմ քաղաքին մէջ,
Լեզուս գաղտնի ճամբաներ ունի,
Դեղին վարսերով կիներ կը յարձակին վրաս...
Պահիկ մը, կը խմեմ Վահան Թամարեանին հետ,
Յետոյ հ՜երոս կը բացագանչեմ թաղեցի պլլիկ տղաներուն,
Որոնք երէկ գիշեր,
Քաշելէն—քաշելէն մերեր սատկեր են ...
Կը մրսիմ շատ յաճախ,
Սպիտակ թեւերով հրեշտակներ կը բանան ճամբաս.
Երակներս կը լարեմ,
Կը պատրաստուիմ մեծ մեկնումի մը,
Թաց թերթիկներ— բանաստեղծութեան թաց թերթիկներ
Կը փռեմ պալգոնս...
Ինչ կիրակիներ կ՚անցնին
Եւ բանաստեղծութիւնը կ՚ուշանայ։
Շատեր կատուներու համար կ՚երգեն,
Գլխուս չի պառկիր ատիկա։
Շատեր իրենց յօնքերը կիտած
Կը քմծիծաղին,
Պալատական երգիչներ են իբրեւ։
Ուրիշներ գրած երգերս անգիր կ՚ընեն.
Գիտես հոն հեռուն լեռներէն անդին,
Գիրսի մօտերը, Նժդեհին դիմաց
Լերան փէշերուն ...
Գորիս եւ թթի արաղ
Քաջիկին թանգարանին մէջ,
Ակսել բակունցի կոպերուն տակ...

...

Արաղ բառը մի գործածեր քերթուածին մէջ,
Աւելի լաւ է կատու մը սատկի
Բայց դասականութեան սկուտեղը տեղէն չխախտի...
Հիմա նստած Կիրակիին դիմաց,
Կը սպասեմ որ երեւի բանաստեղծութեանս արեւը ...
Ես անոր բանտարկեալն եմ ։

...

Բանտարկեալն եմ բառին,
Արձակուած նետ եմ,
Ժանգ չեմ բռներ,
Սպիտակ հեծանիւին անիւները լաւ չեն,
Եկուր եւ տես ...
Ճանապարհը երկար է ու ես ծարաւ եմ,
Տեսնես ինչպէս խորանէն ներս անցայ։

...


Ոչ իսկ շապիկ ունիմ հագած,
Ոչ մերձաւոր, ոչ քոյր, ոչ հօրաքոյր,
— գիտես Չարենց քոյրը կարեւոր է կ՚ըսեմ— Պրոնզէ Քոյր—
Որբի պէս բան մըն եմ այսօր,
Արեւի ճառագայթները կը մտնեն մէջս...
Եկուր նայինք,
Արի թաշ
Ինչ Պէօշկէթիւրեան կը բառբարես ...
Եկուր Ձուկի երթանք— Ձուկ կը սիրես ...
Նայէ Զօրայր Խալափեանը խուզեր են նորէն,
Եկուր կաթիլ մը Զահրատ կայ ժպիտիդ մէջ,
Դուրեան Մուրեան չեմ գիտեր ես...
Մեծ գերեզման դարձեր է գրականութիւն ըսածդ,
Մեծ իսթանպուլ դարձեր է ամէն տեղ...
Լաք Վահէ Աւետեանին կենացը այսօր,
Անիկա բոլորին հախէն կուգայ ...
Ամերիկա երազելէն բոլորին որովայնը կը ցաւի ...
Դէպի վեր նայիր,
Եթէ աչքերդ հեռուն կը տեսնեն ...
Դրամ նետէ սունտուկին,
Արեւի շողերուն մէջ ես կամ։


Սագօ Արեան

Copyright Sako Aryan. Used here by kind permission of the author

Tuesday, January 15, 2008

Սագօ Արեան: Այս Տանն Ապրել Է...




Բանաստեղծ ընկերոջս՝ որն ի Երեւան

Սուր անչափելի սառած սլաքներ կը մտնեն մէջս,
Տհոլի Հին ձայնն է։
Երէկ ուշ գիշեր,
«Դէլէ Լիպան» կը նայէի
Մինչ Դիմացս գրքեր կը քնանան,
Գիրքեր՝
Եղիա Տէմիրճիպաշ,
Դուրեան—Մուրեան
Տիրանը մուրն է հայ գրականութեան
Եւն եւն...
Գիրքերը հայերէն են,
Մինակ կը սառին
Էլիսարի մեր տան անկիւնը
Տաքցնող չունին ...
Լուռ բանաստեղծ կը սարքեն ինձմէ
Տիկնիկ կուզեն բոլորը.
Բոլորը կուզեն որ անուշիկ բառեր շարեմ,
Ու մենծ մամայի սինիին մէջ,
Սարը պուրմային հետ եփեմ
Եւ բոլորին հրամցնեմ.
Ամէն ինչ կը սկսի այդ սենեակէն,
Այդ ցուրտ սենեակէն
Ցուրտ է տունը...
Ցուրտ է սփիւռքը,
Անոր թաղերուն,
Անոր լոյսերուն
Եւ անոր ցուցափեղկերուն եղած դէմքդերը այնքան ապուշ են այսօր
Այնքան յիմար է ամէն ինչ
Որ կը զարմանամ,
Թէ Սագօ Արեանը սա սիքտիրճի թաղերուն մէջ ինչ գործ ունի.
Ծօ հէրն անիծածաս,
Ինչ գործ ունիմ հոս ..
Ամէն օր հաշիշամոլներուն դեղին երեսներուն կը նայիմ
Ու ինծի Հայերէն լեզուի մասին կը խօսին այս յիմարները
Պուրճ Համուտը 2008-ին
Գունդ է, ինչ է,
Կլոր հաշիշի ծուխ ամէն դի
Եւ եկուր՝ Յակոբ Մանուկեանի գրածները մարսէ,
Անոր հիւանդկախ բանաստեղծութիւնը մարսէ,
Անոր եւ անոր նմաններուն փսլնքոտ հայերէնը,
Եղծութիւնը մարսէ...

....






Յամի տեառն 2008-ին
Երբ պատերազմի նոր փողերը հնչեն
Ու այս Արշակաւանին մէջ գերիները
Տուն դառնան իրենց բանտերէն,
Կտրեն ճաղերը բանտերուն
Տեսնեմ ինչի տարի է պիտ ըսեն.
Տեսնեմ ինչ հաշիշի տարի է պիտ ըսեն ...
Յոյսի բռնաբարուած տարին է թող ըսեն ...։

....

Ես կատեմ այս քաղաքը
Այս քաղաքը ինծի ատելութիւն երգեր տուաւ միայն։
...
Ու զարմանքով, միայն զարմանքով կը նայիմ
Հիւանդկախ դէմքերուն,
Ամէնուրէք հիւանդկախ դէմքեր
Տրրիկ մտաւորականներու հաւաքածոյ մը ..
Թոբլամա բան մը,
Որ մեծ մամային,մեծ կաթսային մէջ դնեմ,
Սանկ լաւ մը խաշեմ ...
Միայն այդքան Վահէ Արսէն,
Ու թող ըսեն որ ես գեղեցիկի պաշտամունք չունիմ։
Ես ու դուն նուիրում չունինք Վահէ Արսէն,
Բարի աշակերտ կտրած ամէն գիշեր,
Աբալ— Թափալ տուն կը մտնեմ...
Լոյսը մարէ, ցուրտ է մրսում եմ ...
Քնել եմ ուզում, շուտ արա..
Ախոխա յոգնել եմ ....


Վահէ ճան ես նուիրում չունիմ,
Բանաստեղծութեան տոպրակը լեցուն է,
Գինով բառերով ու
Կը պայթի ամէն օր,
Այս ստոր քաղաքի մայթերուն վրայ...
Որուն կաղապարները իմ բանտն են,
Բանտ է կեանքը հիմա...
Ու չեմ գիտեր ինչ է վճարելիք գինը այս քաղաքին
Հէ՜յ Վահէ Արսէն,
Բանաստեղծութեան գինին կը վազէ,
Մեր երակներէն կը վազէ ...
Կը զգա՞ս...
Երազները մեր չեն մեռնիր այս մայթերուն վրայ ...
Ուր որ ըլլանք հոն պիտի ծագի գրականութեան արեւը։
Քիչ պիտի պոռամ այսօր,
Քիչ պիտի խմեմ...
Հօրս արեւ
Հայրս որ առանց Հայաստանը տեսնելու
Ինչ Հայաստաններ յօրինեց աչքերուս մէջ...
Չարենցի արցունքը կաթիլ չէ,
Կապար է,
Յիմարներու գլխուն...



....
Մեռնեմ ես,
Մեռնեմ
Թէ այս կեղծիքի դարուն,
Ձայնս բարձր սանկ դրռօշակի պէս կաղամարին մէջ՝
Յանուն արեան ու իրաւութեան չպարզեմ
Բոլոր ստախօսներուն դէմ .
Մեռնիմ ես ...
...

Վահէ Արսէն,
Մեռնիմ թէ երկրիս մէջ կաթիլ մը կապարէ արցունքի
Ու կտոր մը հացի հետ,
Սանկ քառատող մը չգրեմ,
Որ քաղաքը ինձմով խայտայ,
Որ քաղաքը հպարտօրէն,
Օր մը տանս ճակտին գրէ,
Վնաս չունի, արեւելահայերէն թոծ գրէ՝
Այս տանն ապրել է՝ Սագօ Արեանը։





Սագօ Արեան
Copyright Sako Aryan. Used here by kind permission of the author.

Wednesday, January 09, 2008

Սագօ Արեան: ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ Վ. Օ.Շ.Ա.Կ.Ա.Ն.

Կիպրոսի մենութեան ահաւոր անձրեւը
Կը կաթկթի ականջներուս բլթակին վրայ,
Ու անձրեւէն ետք սոսկալի,
Կը կախուին հագուստներս արեւու խոնաւ հէքիաթներուն վրայ,
Միշտ յուշելով,
Որ ես հին-նոր բնակարանիս պատուհանէն պիտի նայիմ
Դիմացի ճեղքուած պատերուն ու առջեւս պատերու սահմանն է միայն…
Ու երազեմ որ գարնան, սար պիտի բարձրանամ նորէն սիրելու։
Նորէն ապրելու համար կանուխ պատանեկութեանս հանդիպումները
Եւ կարդալու վարպետին ապսուրտ բանաստեղծութիւնները։
Կեդծամ չունիմ ես,
Սուրճի բաժակներս չեն լուացուած...
Ու խոնաւ այս տան մէջ
Կիրակի մը կապոյտ, նստած եմ կարդալու վարպետին գործերը։
Ես կամչնամ ըսելու,
Որ բանաստեդծութիւններս չեն մերժուիր,
Չեմ հալածուիր գիշերով,
Թաղէ-թաղ բոլոը կը ժպտան երեսիս...
Ու ես շփացած բանաստեդծներուն պէս կանուխ անկողին կը մտնեմ,
Կանաչ թէյի տերեւները կը պատրաստուին իմ համար։
Զիս կը գրկեն ու պարեն իմ հետ մուսաներս...
Միայն թէ լաւ գրէ,
Գիրս չապրի հին օտարութիւնը եւ անէծքը։
Եւ ես շփացած երեխայի պէս ժպտամ, շոքոլաներեը կեղուելու պէս Ուալթ Ուիթմէնի հատորի դեդին էջերը բանամ...
Ու փառք տամ որ անօթի չեն զաւակներս,
Ու փառք տամ որ քաղաքի հին խոնաւ ակումբի պատերուն տակ, Պետիկ Հերկելեանին հետ նստած, հայերէն չեմ սրբագրեր
Ու փառք տամ,աղաչական աչուկներով,
Ու բացագանչեմ,
Հ՜էյ, դուք անօթի ձգեցիք բանաստեղծը։
Հին երգ մը,
Կը յուշէ Մելքոնեանի սենեակը
Ուր համակարգիչ մը կար հսկայ ու ծերունի,
Ուր կէսօրէ ետքերը Վահան Թէքեանի աչքերուն դիմաց,
Կը խմէի Պէյրութէն բերուած կարօտի սուրճերը,
Կ՛աղօթէի մուսային, մատներս ամրօրէն կը սեղմէի ստեղնաշարին,
Ուժգին կը զարնէի բառերուն...
Ու յանկարծ դուռը կը բանար դպրոցի շէֆը,
Ու զարմացած կը նայէր աչքերուս...
Կը պահէի բանաստեղծութեան դեղին տետրակներս,
Կը փակէի լիբանանեան լուրերուն կայանը,
Կը պատմէի, որ Պէյրութի մէջ խառն է նորէն,
Կէս կատակով կը հարցնէի իր կատուին մասին,
որուն անունը Պուպրիկ էր,կարծեմ...
Կը ժպտար ինծի,
Ու էրոթիք հայեացք մը ետին կը փակէր դուռը...
Ուրախ էր ընտանիքը Մելքոնեան վարժարանի,
Պուպրիկը կուշտ էր ինչպէս եւ միշտ,
Ուսուցչական ժողովներուն ներկայ էր,
Յղփացած անգլերէնով կը խօսէր ազգի ճակատագրէն.
ու ատամներս պռստելով կը յիշէի քաղցած քանի մը ընկերներ...
քանի մը մտաւորական ճակատագիր։
Գուրգէնս խանջեան. Հայաստանի արձակի վարպետները մէկ-մէկ
Երազիս կուգային աճաոական խաչապուրիի սեղաններուն շուրջ,
Զօրայրս Խալափեան, որ հիւանդ էր պառկած.
Եւ Վահանս Թամարեան որ կէս անօթի փորով կը թաղուէր ծալկայի գրկին...
Անիծեմ բախտիդ Վահան Թամարեան.
Յիշատակդ մնաց աչքերուս մէջ
ու բախտդ սաոեցաւ պատգշամբէդ կախուած սակառին մէջ
ուր դրած էիր հոդ մը նախնիներէդ.
Անիծեմ բախտիդ, բնակարանդ դատարկած էին ու որդիներդ հեռացած,
Անիծեմ շիրակուհիիդ որ քեզի անտէր ու որբ թողեց գնաց...
Մեռնում են ըսաւ.
երբ կանայք թողնում գնում են... պոէտները մեռնում են ըսաւ.
Անիծեմ ազգային թաղումիդ.
Անիծեմ որ Մահմուտ Տէրվիշի անունը լսած էիր միայն...
Լռութեամբ սնուած. լռութեամբ ծնուած
լռութեամբ առանձինն տան լռութեան մէջ
նահատակուած Վահան Թամարեան
.....
Բայց ո՞վ ըսաւ, որ ընտրեմ անէծքի սա վերջին ճամբան
Ու խօսիմ գրաբարեայ ծանօթութիւններուս մասին կամ ժամեր սառիմ
Գրասեղանիս առջեւ, որ պարոն մուսան հանդիպի ու բառբարենք Հայերէն։
Մատներս կը բառբարեն հայերէն.
Ու հէ՜յ, վարպետ, ես նորէն սփիւռքի հին պորտին վրայ
կեցած հայերէն կը պարեմ.
Աչքերուս թախիծը կը մաքրեմ երեխաներու ժպիտով ու կ՛երգեմ բարձրաձայն...
Հէ՜յ, վարպետ, ես եմ, ես.
Չես տեսներ գժութիւններս սառնարանին մէջ պահեցի
Կլոր իջլի քէօֆթէներու դարակին մէջ.
Ու սառած միսին տեղ ամէն երկուշաբթի ձաւարով փիլաւ կերանք ես
Ու ընտանիքս.

Մարդիկ հեռաձայնեցին ու ականջիս փսփսացին,
Որ բանաստեղծութիւններուս մէջ հոտդ կար վարպետ.զգոյշ ըլլամ.
Ե՞ս, թէ դո՞ւն վարպետ.
Կարծես այսօր այս ջերմ արեւին տակ.
Կիսաքանդ պատերուն դիմաց ու լռութեամբ ծծուած.
Ու լռութեամբ աղօթուած.
Ու մաքրուած
Սա տիրոջ ընթրիքին առջեւ վարպետ նորէն անունդ կը հեգեմ...
Վ.ա.հ.է. Օ.շ.ա. կ. ա. ն.
Ու կ՛աղօթեմ որ դրախտի պատուհանէդ ժպտաս մէյ մը,
Ու աղօթես որ խենթութիւնս զսպեմ երբ ծունկի գամ աղօթելու.
Երբ ծունկի գամ գրելու.
Երբ ծունկի գամ դժգոհելու.
Երբ ծունկի գամ անունովդ երդում ընելու...
Որ չհեռանամ գիրի այն մացառուտներէն
Ուրկէ քալելով պիտի արիւնին ներբաններս...
Հ՜ա վարպետ,
Հե՜լա, հոյ վարպետ,
Հոգեհանգիստ քու աներեր դէմքիդ,
Քու հոգիիդ,
Քո գիրիդ...

Սագօ Արեան
Copyright Sako Aryan. Used here by kind permission of the author.

Monday, December 17, 2007

Սագօ Արեան: ԱՆԻԾԵՄ ՎԱՐԺԱՊԵՏ ԴԱՌՆԱՍ

Բարեկամիս նամակը կը կարդամ.
Չինական կերակուրներ կը պատրաստեն իր մօտ։
Հեռու Փէքինի մէջ
Իմ կամ Մհեր Արշակեանի երգերը չկան.
Հոն մարդիկ բանաստեղծութիւն չեն կարդար — կը թուի ինծի։
Կը թուի նաեւ որ մարդիկ կ՚ապրին մեծ քաղաքին մէջ
Առանց մշակոյթի։
Կը թուի նաեւ որ օգոստոսեան տապին,
Պատշգամբէն սպիտակ պրոթէլով, երկնքի աստղերը հաշուելու ելած՝
Այդ անտուն Չեխովը
Որ Պէպօ Սիմոնեանի տան դրացին է,
Եւ որ բանաստեղծութիւն չի կարդար ընդհանրապէս,
Աւելի հանգիստ կը մտնէ քուն։
Քան ես կամ ուրիշ մը,
Որ համահայկական երազներ կը սղագրէ օրագրին մէջ,
Եւ կ՚աղօթէ աստուած պապային,
—Հաճիս աստուած պապա,
Թիւ 106 յօդուածը ընդունի սա Ամերիկան
Եւ հայերը սաղին...։

Բարեկամիս նամակը կը կարդամ
Ու յաջորդ օր,
Ձեռքս կ՚երկարեմ պատուհանէն, օրուան թերթը գնելու
Պիտի կարդամ բանաստեղծութեան մահուան լուրը,
Եւ վերաքաղ ընեմ...
Կային բարեկամներ հիմա չկան,
Կային ընկերներ հիմա չկան։
Կը բողոքէ Մհեր Արշակեան,
Որ գրելու անկարողութեան առջեւ է նորէն,
Ուրեմն պիտի կարդայ շատ,
Ուրեմն պիտի չստէ,
Ուրեմն պիտի չխափէ որ,
Բանաստեղծութեան աղաւնին
Ողնածուծին մէջ մտնելով
Արիւն դառնայ...
Արիւն դառնայ ու գրէ
Գրէ երազներուն մասին...։


Հոկտեմբեր է գիտես,
Հոկտեմբերը չեմ սիրեր,
Անընդհատ Վազգէնի ժպիտի կը հալածէ զիս...
Բանաստեղծութիւն չի կարդար
Չեխովեան անտունը
Եւ գիշերը բիժամայով,
Անկիւնի Ճիրոյէն,
Երկու տուփ Մարլպորո լայթ առնելու ի խնդիր
—որ 106 յօդուածին համազօր որոշում է—
Սանկ յեղափոխական հին երգ մը կը սուլէ ...
Զահրատ— մահրատ չեմ գիտեր կ՚ըսէ
Զահրատի գիրքը բաղնիքը ձգեր եմ,
Երբ փորս ցաւի կը բանամ անոր էջերը
Մեռեալ բանաստեղծութիւնն ինչ ընեմ
Ես մեռելներուն հետ գործ չունիմ կ՚ըսէ...
..............................
Ուրիշ ընկեր մը Փարիզէն կը խնդրէ.
—Բարեկամս դուն հեռուն մի նայիր,
Քու մէջ նայիր կը խրատէ...
Գրպանումս փող շատ է այսօր,
Երթամ համրա
Ծօ սանկ հին ընկերներուս հետքով ապրիմ քիչ մը,
Սարքուն Պուլոսը մեռեր է արդէն,
Մօտքան փակեր են արդէն
Ամէն մարդ, դդում կտրած,
Առաւօտեան ժամը եօթին,
Առանց աղօթքի ինչպէս եւ միշտ,
Յօրանջելով երկաաաաաա՜՜՜՜՜՜՜՜ր ուղիներուն վրայ,
Կ՚որոնէ իր ճակատագիրը։

Ես դժգոհ չեմ,
փողկապ կապողներուն հետ գործ չունիմ այլեւս...
Եարի փոխան զէնք ալ գրկողներէն չեմ ...
Ըսեմ, թիւ 106- ն ալ կը սպառի անպայման...
Ինչ էր անունը, Հիլտա Չոպոեան էր ինչ էր,
Ամէն օր կը զանգէ ինծի,
Ըսելու համար որ նայիր քու պապերդ ....
Լաւ Յետոյ ի՞նչ...
Հիլտա Չոպոեաններու քլոնները
Պաշարած են զիս ..
Ամէն օր, ամէն ժամ դաս կուտան
Հայերէն ապրելու ...
Թուրքը նոյն թուրքն է— ճանըմ— պիտ յառաջէր Պարոն Միքայէլեանը,
Սանկ աղուոր ապտակ մը նետէր երեսիս։
Սիրելի Պարոն Միքայէլեան,
Եթէ թուրքը նոյն թուրքն է
Հայն ալ նոյն Հայն է։
Գիշերով իր փորին ետեւէն վազող
Կնիկ—մնիկ ճամբան նետող,
Զաւակներէն հաշիշի վաճառական սարքող...
Քիչ մը փորիկով
Սանկ տաբատը մինչեւ կուրծքը քաշած,
Սրիկայ հայն է
Աչքը դրացիին նոր օդոյին
Մէկ ձեռքով քիթը կը խառնէ
Միւսով ուրիշին կեանքը....

....
.....
......

Մերձաւորս յիշեր է զիս,
Նամակը Փէքինէն նոր ստացայ,
Արեւի կաթիլներ ինկան
Հեռու անցեալին վրայ,
Ու լաւ յիշեցի որ տղան
Ջուր չի նախընտրեր
Ու միակ կերածը ան ալ,
Գիշերուան 11—էն յետոյ լաւ եփուած ձուազեղն էր.
Մհերը սեւ հացը իւղոտ միւղոտ —ուտելէ ետք.
Ձեռքերը առանց լուալու,
Կ՚ելլէ ֆորմիլա —ուան կը խաղայ
Մասի՜վ ինչ երջանիկ լռութիւն
Դուրսը անձրեւ է,
Բայց շուտով Պէյրութ պիտ հասնիմ
Բոլոր դժգոհութիւններս պիտ մարին։

Այսօր սփիւռքի պորտին նստած,
Ամէն օր կ՚ապրիմ անոր թոյնով,
Հոս ոչ իսկ ընկեր մը մնաց...
Դարձեալ ճիշդ է,
Պռաւ՛օ սագօ արեան
Գիտցար պատասխանը...

Երկուութեան մէջ ապրող մարմինս ասդիէն,անդիէն
Ցաւ ու մաշում կը հաւաքէ ...
Ըսէք անոր անոր որ Արամ Արման կը գովերգէ,
Ըսէք որ Հայաստանի երազը,
Լոս Անճելըսի սրճարաններէն չ՚անցնիր...
Ես Փեքին պիտ երթամ երեւի,
Հոն հայերէն կարդացողները աւելի են,
Հոն ոգի պիտի տան ինծի ...
Իսկ այս քաղաքը,
Արիւնս ջուր կը դարձնէ...
Սիրտս կը գողնայ...
Թեւերս ատախաղձագործին կը տանի...
Որ սղոցեն։


Ինչ պատմութիւն է ասիկա,
Ես յոգնած եմ այսօր,
Մէկը չկայ որ գաւաթ մը զառնեմ,
Սանկ ուժեղ ....
Օդին մէջ ապակիի փշուրները իյնան...
Ու սիրտս պարպեմ ...

Եա՜՜՜՜՜խկկկկկկկկկ
Եա՜՜՜՜խխխխխխխխխխխխ
Ս’իւռք անիծեմ...


....
Անիծեմ վարժապետ դառնաս

Սագօ Արեան

Copyright Sako Aryan. Used here by kind permission of the author.

Monday, September 17, 2007

Սագօ Արեան: Ձմեռ 2007

Ահա եւ ես
Խցանուած գինիի շիշին մէջ.
Լուռ եմ՝ խելօք։
Փակուղի է առջեւս
Ճանապարհները փակուած են կանուխէն
Ու այրած անիւներու գոլորշին կ՚անցնի ռունգերուս։
Կը սրդողիմ մոխիրին առջեւ։
Կը խնդամ վաստակածիս համար։
Հաշիշի վաճառականները,
Տե՛ս պանդոկներէն տուն կը դառնան։
Եւ պոռնիկներդ իմ պոռնիկ քաղաքս,
Քունի կ՛անցնին։


Գիշերը իմ ազատութիւնս է,
Կը պատմէ թութակ մը եւ կը վազէ ետեւէս
Ես կամուրջին վրայ
Կ՛որոնեմ անցեալս...
Այս զգացումները,
18 տարեկանի ճապաղ կարօտներուն չեն նմանիր։
Կը պոռթկամ։
Կը գրոհեմ բառերուն վրայ։
Բառերը կը յարձակին վրաս
Տես քաղաքս...
Ինչքան կը պժգամ քեզմէ...
Ու այնքան կը սիրեմ քեզ։
Կամուրջին տակ երկու բոզեր կը համբուրուին
Վեղարը նետողը թքած ունի խորանիդ վրայ,
Անոր աղօթքը պիտի փշրուի մայթերուդ ,
Ինչ հրաշալի յարութիւն քեզի համար...
Դուն խորանի արգանդ ես։
Դուն լոյսի խորան ես։
Քեզի համար միեւնոյնն է Սրբութիւնը
Եւ անէծքը....

Արեան հետքեր կան աչքերուս,
Ու արցունքի կաթիլները չեն հանդիպիր իրարու։
Ականջներս կարմիր են,
Ես ինձմէ կը վանեմ թոյնը եւ դուն պոռնիկ քաղաքս
Ոտքերդ կը բանաս
Որ հաճոյանայ ամբողջ արեւելքը քեզմով...
Կամուրջներդ կը հազան...
Անձրեւդ աղօթք չի բերեր հետը
Ոչ ալ գինիի արիշները
Կը մաքրուին պատերազմի վէրքերէն։
Անսովոր, անսովոր ձմեռ է ասիկա։



Անսովոր ձմեռ, կարապներդ կը շուարին
Ձիւնդ կ՛ուշանայ
Անուշ առաւօտներդ կը մատնուին մարումի
Կը մարին ծխնիներու յոյսերը
Կը մարին լոյսերը երկա՜՜՜՝աաաար մայրուղիներուդ վրայ։
Մարդիկ նոր տարի չեն տօներ
Երեխաներդ կը պատռեն նուէրներու տուբիկները առանց խինդի...
Ամէն կողմէ կը պաշարեն քեզ
Ու դուն անվայելօրէն որպէս վերջին պոռնիկը սա ժամանակին
Կուզես ըլլալ բոլորին հետ ...


Անսովոր ձմեռ է ասիկա
Կ՚անցնի առանց ցաւի։
Գուցէ անցնի։



Ձայներ կու գան ականջիս
Վառարանը կը ճչայ
Յետոյ բարի ձայն մը կ՚աղմկէ սենեակին մէջ
Աղմուկի անձրեւ
Ինչ անսովոր է ձմեռը այս տարի
Պարտքերս շատ
Երգերս քիչ
Ես տխուր եմ այս ձմեռ
Քայլերս հեռու տեղեր չեն երթար այլեւս
Ու ես բառերուն հետ կատակ չեմ ըներ առաջուան պէս
Կեանքս ծանր է, բայց հոյակապ...


Վառարանի ճիչը
Կը յուզէ փոքր սնապարծութիւնս
Անհաւատութիւնս կ՚եռայ
Ինչ հեթանոս եմ այս ձմեռ,
Սենեակիս պատերէն
Եռամեծ քերթողներուն աղօթքը կը հոսի..


Պատին՝ սկուտեղ, վրան նռնենի նկարած
Կինս հիմա ուր որ է կուգայ
Միրգեր կը շարէ սկուտեղին
Ու ես կ՛երգեմ իրեն համար
Ի՜նչ աներգ ձմեռ է այս տարի,
Զարմանքով կը կարդամ գրական թերթերը...
Տող մ՚իսկ չկայ իմ մասիս
Տեղ մը պառաւ մը աներազ բանաստեղծ է կտրեր,
Տեղ մը Տիկին Սիլվան կը գովերգեն...
Է՜ Սիլվան ուրիշ մարդ էր
Հիմա կը հասկնամ ո՜վ էր Սիլվան,
Միասին կոնեաք ալ խմեցինք,
Ըսաւ որ բարի կենամ
Աստին—անդին
Էնպէս— էսպէս չանեմ
Բայց ես դրուժանօրէն իր էջերը պատռեցի,
Ներսը իրմէ մակագրուած հատորիկ մը կայ
Պարսկական մաքուր բանաստեղծութիւն
Զարմանքով կը նայիմ հատորին
Գինիի տեղ ջուր կը խմեմ
Կը քնանամ
Առաւօտեան Մահմուտ Տահլանի ձայնով արթննալու նորէն,
Տեսնեմ Կազայի վէրքէն ինչքան արիւն հոսեցաւ,
Տեսնեմ Սատտամը ինչ ըսաւ իրենց,
Տեսնեմ Սատտամիկները ինչ կուզեն նորէն
Երէկ գիշեր չքնեցի
Ամբողջ գիշեր Արտեմին գրածները կարդալէն մեռայ,
Ո՜հ ինչ անսովոր է այս ձմեռ,
Որքանէ ի վեր Ալիքեանին պիտ երթամ
Առաջ Վահէն կը գրէր
—Ալիքեանին լաւ նայիր, տղայ
Նայէ Ալիքեանին պէս ուրիշ չունինք
Բայց ինչ ըսեմ բախտիս,
Անոր ճհուտի կինը,
Գլխուս ռուս ըլլալ կը ձեւացնէ,
Չուզեր որ սուրճի երթամ.
Անիծեմ բախտիս
Ալիքեանը կարօստցեր եմ
Գորիսէն միւռոն եմ բերեր,
Թթի արաղ եմ բերեր...
Կինս երեխայի քիթիկին քսեր է,
Որ յանկարծ կրի’ չընկնի
Ո՜հ Ալիքեանի բանաստեղծութիւնը
Հին գինիի պէս անապական
Անարատ արիւն է մէջս
Մէջս ծղրիթներ կան,
Փոսուռաներ գունաւոր,
Ու հրեշտակներ կան թեւերուս
Մեղքերս կը հաշուեն ...
Լաւ որ կինս հրեայ չէ,
Վերջին օրը այդպէս բաժնուեցանք Աւագէն
Ականջիս ըսաւ որ ոնց անեմ
Փասթերնաքն էր Եւրէ,
Շակալն էր Եւրէ,
Ասա Սագ ճան ոնց անեմ...


...

Լաւ որ կինս հրեայ չէ
Արդէն ծերացած հօրս ձեռքէն բռնած,
Անկողին կը տանի
Պապա ոչինչ վաղը կ՚աղէկնաս ըսելով։
.....



Սենեակի երաժշտութիւնը կը մաքրէ հոգիս վտարանդի —մեղաւոր։
Հոգիս՝ մեղսակից գրելու անէծքին...
Ու ես աթոռակին վրայ բազմած,
Մատներս ուժեղ կը զառնեմ ստեղնաշարին
Կը հաւաքեմ գալիք ձմեռուան ուրախութիւնները,
Փայտեր կը հատեմ որ կրակ դնեմ ոգիիս
Մոմեր կը վառեմ խորանին...
Ու կ՚աղօթեմ
Որ ձմեռը սպիտակ, վերջ տայ ցաւիս։



Անսովոր ձմեռ, կարապներդ կը շուարին
Ձիւնդ կ՚ուշանայ
Անուշ առաւօտներդ կը մարին
Կը մարին յոյսերը ծխնիներուն
Կը մարին լոյսերը երկաա՜՜՜աաար մայրուղիներուդ վրայ։


...

Անսովոր ձմեռ է ասիկա
Կ՛անցնի առանց ցաւի։
Գուցէ անցնի։



Սագօ Արեան


Տիկին Սիլվան Նկատի ունիմ Սիլվա Կապուտիկեանը
Մահմուտ Տահլանը Պաղեստինեան «Ֆաթհ» յայտնի շարժումի ղեկավարներէն.

Կազա
Պաղեստինեան շրջան.
Արտեմին Նկատի ունիմ Արտեմ Յարութիւնեանը
Ալիքեան Նկատի ունիմ Պէյրութաբնակ տաղանդաւոր բանաստեղծ՝ Աբրահամ Ալիքեանը
Վահէ Բանաստեղծ՝ Վահէ Օշական
Աւագ Ղա’ան ապրող եւ ստեղծագործող՝ Աւագ Եփրեմեան

Copyright Sako Aryan. Used here by kind permission of the author.

Thursday, September 06, 2007

Սագօ Արեան: ԿԱՐՕՏ ՊԷՅՐՈՒԹԻՆ

Կարիկ Պասմաճեան Բանաստեղծին...


Պէյրութը կարօտցայ, Կարիկ Պասմաճեան
Այս մայթերը իմը չեն ըսի ընկերոջ մը,
Պէյրութը վերջին ժամադրութեանս չեկաւ,
Պատերազմի էր, Պէյրութը չեկաւ սուրճի
Ու անոր շքեղ երկինքը չժպտաց...
Այլ հրաբորբ հրթիռներ փայլեցան անոր ծովուն վրայ,
Հրթիռներ խռնուեցան իրարու եւ ճակատագիրը նորէն
Տխուր առագաստ պարզեց...
Պէյրութը կարօտցայ, մանկութեանս Պէյրութը
Ստահակ Պէյրութը
Բանաստեղծները իրենց սաղմին մէջ խեղդող,
Լումայափոխ, դրամակեր յղփացած Պէյրութը.....
Օրերը երկար են այս պատերազմին,
Մինակութեան եւ սթրէսի
Դեղահատիկներ կան պահարանին մէջ,
Առաւել թոյն եւ իսրայէլեան պատկերներու
Մոխրագոյն կոյտ մը սեղանին։
Ամէն օր խաղ Մահի հետ
Ամէն օր Մահ խաղին հետ
Ամէն օր շախմատային մահ ա խաղ
Բարեկամներս կը գրեն
Որ «Կանայի Հարսանիքը» անգիր ըրեր են արդէն,
Սի. Էն. Էն.ը միայն մոխրագոյն պատկերներ կը ցուցադրէ,
Մոխրացած երեխաներու դիակոյտեր
Ու ջարդուած ժողովուրդին անսալու կոչեր...
Երանի այս աշխարհին որ երկու սովետական կոպեկ չունի
Իր սնապարծ ու գարեջուրով արձակուրդի գացած խիղճի
սլնգոտ հողէ անօթին մէջ։
Երանի Կանայի գինին խմած չըլլայի......
Ակնոցաւոր Պէյրութը կարօտցայ Կարիկ
Համրայէն մինչեւ Սապրա երկարող Պէյրութը,
Որուն խոնաւ ու տօթ օգոստոսին,
Ո՜հ ինչ քաջ ու ինքնավստահ կ՚անցնէի.
Պաղեստինցի ֆետային կը բարեւէր
Ի վերջոյ դուն հայ ես ըսելով—,
Կը խօսէինք դատ ունենալու մասին,
Ու սառնարանէն գաղափարական օշինդրի
Վերջին սրուակը բանալով՝
Կը յայտարարէր մահը՝ արաբական խիղճին,
Ո՜հ արաբական աշխարհի միակ պոռնիկին կարօտցայ
Կարօտցայ քեզի Պէյրութ
Քու մարմինդ պատանգ եղաւ
Սփիւռքի վէրքիս
Ու դուն արատօրէն արիւն թափեցիր ամէն գարնան
Որպէսզի եկեղեցիներդ ու մզկիթներդ
Հիանան իրար վրայ
Ու աղօթեն նոյն գրաբարով։
Որպէսզի յոյներն ու ու ասորիները
Միասին հացի նստին
Որպէսզի հայերն ու պաղիստինցիները
Բարեւեն իրարու ...
Ոստիկանը կը բարեւէ
Անցորդները կը բարեւեն
Ու մարդիկ զարմացած չեն նայիր մօրուքիս
Որ պատերազմին պատճառով կ՚երկարի անսանձ...
Ու ես ծովեզրին Ալիքեանի նորատիպը
Կը յայտարարեմ աղօթքի մատեան։
Ո՞ւր գացին ընկերներս,
Պատերազմի օրերը կ՚երկարին
Ես կ՚ապրիմ Հայաստանեան նոր աքսոր,
Ուր երկրորդ Մասսիվի պատերուն,
Սովետիքում պատերուն,
Կը կարդամ ազդեր որ,
Հոս հոն ծախու տուներ կան իբրեւ,
Գները թանկ են Սագ ճան,
Էդ պարսիկները էկել լցուել են ստեղ...
Պատերազմի օրերը կ՚երկարին սակայն...
Ու մօրուքիս թախիծը կը տարածուի ինձմէ դուրս...
Կը մեծնայ թախիծը ու հազիւ ոտք կը դնէ
Թիւ %% մարշոտքայի նստարաններուն բազմելու,
Անհանգիստ ու աքսորեալ...
Բայց կ՚երկարի պատերազմը անգութ ու պիղծ
Անտեղի կատակներ կը նետեմ չորս դիս..
Ոչ ոք չի խնդար,
Սովետական թախիծ կայ ամէն տեղ
Ու թախիծը կաթիլ— կաթիլ կը մտնէ ամէն տեղ
Նոյնիսկ սպանական իմբըրթնի
Զէյթունի տուփիկներուն մէջ։
Պէյրութը կարօտցայ
Վերջին սուրճի տրցակը երէկ բացի,
Ու ֆէյրուզի սաղմոսները բարձրաձայն լսեցի
Այնքան բարձր որ ռուսախօս պաքուեցի Վալեան,
Երեւանցի Ճուլիկն ու Երրորդ յարկի անտէր գինովը մօտս եկան...
Պէյրութը կարօտցայ Կարիկ Պասմաճեան
Դուն Երուսաղէմին լեզու հանեցիր, ես Պէյրութին
Ափ մը Պէյրութ փոխադրեցի ամէն ուր...
Որ մարդիկ սիրել սորվին...
Որ մարդիկ ժպտալ սորվին
Ու բարեւել ամէն այգի ու ժամի։

Ես Պէյրութը կարօտցայ
Հակառակ անոր որ փողոցները լեցուն են գաղթականներով...
Հակառակ անոր որ Պուրճ Համուտի ջուրի շարժակը անջատուած է
Ու թաղերը աղբակալուած են այսօր
Հակառակ որ ամէն տեղ մահ ա խաղ կայ
Եւ իսրայէլ—փոքրատառով— ձրի դեղատոմսեր կը նետէ երկինքէն ...
Ես լալու չափ ու խեղթուած ձայնով,
Նոյն թախիծը որ կը խեղթէ կոկորդս...
Ես Պէյրութը կարօտցայ։ Աչքէս քարէ արցունք պիտի իյնայ
Ու փշուր փշուր պիտի ըլլայ կարօտս.
Բայց պարզ է որ Համօ Սահեանի,
Գաւառական արցունքը չեմ սիրեր...
Քաղաքի բնակիչ եմ ես
Աղի ծովու սաղմոսը կայ մէջս...
Ու մոխիրներէն յառնող
“իւնիկին չքնաղ պատկերն է մէջս...
Այդ կարօտին անունով գրեցի այսօր,
Պէյրութ թախծոտ աչքերուդ համար գրեցի,
Որպէսզի թախիծը չխեղթէ ձայնս...
....
Պէյրութը կարօտցայ
Որուն ճանապարհը կ՚անցնի ճակատագրէս
Որուն արեւը կը ‘այլի խորունկիս մէջ
Որուն հանդէպ ատելութեանս երանգները
Կը խառնուին սիրելու եւ ատելու խաղերուս...
Պէյրութը որուն ահը մեծ է այսօր,
Եւ որուն սիրահարութեան մէջ,
Պիտի մնամ յաւերժ բանտարկեալի մը պէս։
Պէյրութը որ չյարգեց խոստումը...
Բայց ամէն աւերէ յետոյ,
Նորէն մեծցաւ ու հարս հագուելով,
Պտըտեցաւ եւ իր ժպիտը շռայլեց արեւելքի երեսին։
...
Պէյրութը կարօտցայ Կարիկ Պասմաճեան
Դուն Երուսաղէմիդ դարձիր
Ես Պէյրութիս...
Արեւելքի ա’երուն այսքան արիւն
Ո՞վ պիտի պատասխան տայ զոհուած
Հրեշտակներուն
Ո՞վ պիտի կառուցէ Գալիլիան
Եւ ո՞վ նոր երգեր պիտի գրէ
Որպէսզի Պաալպէքի դարաւոր
Պարիսպները նորէն խայտան
Խինդ եւ սէր բաշխելով...
...
Պէյրութը կարօտցայ,
Քաղաքը որ մէջս բնակեցաւ
Քաղաքը որ հաւատաց բառիս
Եւ քաղաքը որ աքսորեալ նախահայրերուս՝ տուն դարձաւ...
Պիտի չլքեմ զայն
Ինչքան երկար տեւէ այս գիշերը
Ինչքան մութ իյնայ, վիրաւոր
Հարաւի աւերակուած շէներուն
Եւ ինչքան մեծնայ պատերազմի սադայէլը։
...

Միեւնոյնն է պիտի ծաղկի անոր նշենին
Միեւնոյնն է ա’երուս մէջ խունկի հատիկները,
Պիտի դառնան օրհնութեան սերմեր.
Միեւնոյնն է հարեւանս պիտի ջրէ,
Իր տան դիմաց դալարող ռեհանը,
Միեւնոյնն է պատշգամբիս նստած
Սուրճի հողէ անօթը ձեռքիս
Պիտի կարդամ տողերէդ
Ու արբենամ քեզմով
Կարիկ Պասմաճեան ....


Պէյրութը կարօտցայ, Կարիկ Պասմաճեան
Այս մայթերը իմը չեն ըսի ընկերոջ մը,
Պէյրութը վերջին ժամադրութեանս չեկաւ,
Պատերազմի էր, Պէյրութը չեկաւ սուրճի
Պէյրութը կարօտցայ, մանկութեանս Պէյրութը
Ստահակ Պէյրութը
Բանաստեղծները իրենց սաղմին մէջ խեղդող,
Առասպել դարձած Պէյրութը...



Սագօ Արեան


Copyright Sako Aryan. Used here by kind permission of the author.