Տօնապետ Լիւլէճեան։ Ափ մը հող
Մենք մեռելը կը թաղենք՝ անոր յիշատակր սուրբ պահելու: Բունծերր մաքուր են մեզ համար: Մենք սիրելին անոր գիրկը կը դնենք եւ հոն մնացած կ՛երեւակայենք միշտ : Հողին տակ զազիր երեւոյթներ չենք ուզեր տեսնել, չենք ուզեր տեսնել մեր սիրելիներուն մարմինը որդնակեր, աչքերը, սիրելի աչքերը տեսնել որդերու բունկալ, այտերը, համբուրելի այտերը տեսնել բորբոսոտած, շրթները՝ որդերու կեր։ Չենք ուզեր տեսնել մեր սիրելիին մարմնին աւերը, ճարակը եւ փճացումը։ Մեր սիրտը հոն է։ Հողին տակ զմռուած, յարութեան փառաւոր արշալոյսին ոտքի կանգնելու ։ Ափ մը հողով կը փակենք մահուան ու աւերի տեսիլը, ափ մը հողով կը ծածկենք մեր սիրելին :
Բայց ահա հոս են, լեռներու վրայ, ձորերու մէջ, անտէր ու անթաղ, որդերը կը զեռուն, բոտոտներր կր գալարին, աչքերը խորջած են, դէմքը ահաւոր, զազիր հոտ մը կու գայ, սպանդի բոյր մը. ահաւոր վայր մ՝՛է եւ կը փախչինք անոնցմէ որ կը սիրէինք, կը խորշինք անոնցմէ, որոնց մեր հոգին , արիւնը կուտայինք ։ Ափ մը հող գոնէ, գոնէ ափ մը հող՛ այս աղեկտուր տեսիլը ծածկելու։
Հոն են հայ տղայքը, մերկ, յօշոտուած ու բզքտուած, անուշ, կաթնաթոյր մարմինները. կապարը ծակեր բացած է անոնց կրծքին ու գլխին վրայ ։ Ափ մը հող գոնէ՝ հայ մանուկը, հայ ծաղիկը թաղելու։ Հոն են հայ գեղանի հարսեր, հազար նախատինքներով ու աննկարագրելի վիճակով։ Ափ մը հող գոնէ՝այս ողորմելէ տեսիլները ծածկելու։ Հոն են պատանիները, հայ ազգին արեւները, կուրծքերէն բզքտուած, գլուխնին ջախջախուած, բազկատարած փռուած են արեւին առջեւ։ Ափ մը հող գոնէ՝ սա աղիողորմ տեսարանը սքօղելու։ Հոն են հայ կտրիճներ ու ծերուկներ զառամած, իրարու վրայ կուտակուած. ձորը ամբողջ լեցուն է անոնց դիակներովը. ո՞ր տապարը ջախջախած է անոնց գանկերը, ո՞ր սուրը ճեղքած է կուրծքը եւ կիզող արեւին տակ սեւցած ու այլանդակ երեւոյթ առած են։ Ափ մը հող գոնէ՝ սա ոճիրներուն տեսարանը գոցելու։
Ափ մը հող, Աստուած իմ, ափ մը հող ցանէ որ քու աչքերդ աստղերուն մէջէն չտեսնեն գոնէ տկար ու անզօր արարածներուդ ողջակէզը եւ ողորմելի զոհը քու բարկութեան սեղանիդ վրայ։ Ափ մը հող ցանէ որ հրեշտակներն երկնային չահաբեկին ի տես դեւերուն այս ոճիրներուն , ու ափ մր հող, Աստուած իմ, որ աշխարհ իր հիմերէն չդողայ ի տես աս մեծ գազանութեան ։ Ափ մը հող նետէ անգութ սրտին, որ հող է արդէն, հողէն ցուրտ ու սառ, հողէն աւելի անզգայ ու բիրտ։ Ափ մը հող գոնէ իմ սրտին, ո՜վ Տէր, որ ցաւերու մեծ ցավովը կը վառի , որ վիշտերու է՛ն մեծ վիշտովը կը մորմոքի: Ափ մը հողը թող սպեղանի ըլլայ վիշտերուս ու ամոքիչը՝ իմ ցաւերուս։
Ափ մը հող գոնէ ու ալ դադարի տեսիլը ահաւոր, տեսիլը հայաջնջումի վերջին էջերուն ու Հայը թող բրածոյ նախատինքն ըլլայ քաղաքակրթութեան, որ զինք յօշոտեց անսիրտ ու անողոք, թող անէծքն ըլլան Գերմանին որ զինք դաւաճանեց, անտուն, անտեղ թողուց։ Ափ մը հող գոնէ ու թող բրածոյ ըլլայ, այդ ոսկորները թող մեհենագիրը յայտնեն վաղուան մարդուն հայ տանջանքներուն, հայ զրկանքին ու բարբառեն յաւիտեան հայ վիշտը…
Տո՛ւր Աստուած, տո՛ւր խնդրուած ափ մր հողը, երբեմն թշուառութիւն մը ծածկելու եւ երբեմն ալ գործուած սխալ մր դարմանելու։
Ուլու Փուղար, Տէրսիմ, 1915
Donabed Lulejian: A Handful of Earth
"At least a handful of earth for these slain bodies, for these whitened bones! A handful of earth, at least, for these unclaimed dead!
Donabed Lulejian 1875-1917