Monday, May 19, 2008

Հերանոյշ Արշակեան: Ըղձանք

Դաշնակ մը լոկ կ՚ուզէի, 

Եւ սրահ մը կէս մթին, 
Մատներըս՝
Այդ դաշնակը խօսեցընել գիտնային, 
Ի՜նչ կ՛ըլլար։ 
Թո՛ղ դաշնակը մատներուս տակ հեծկլտա՜ր․ 
Մթնշաղին մէջ մի քով, 
Պչրանքով, 
Բարակ շող մը արևի, 
Թելիկ մը ոսկի, 
Սըպըրդէր 
Պատէն վեր։ 
Դաշնակիս հետ իմ յոյզերս ալ խօսէին․ 
Ու անիկա թո՛ղ հեծէր, 
Դողդոջէին, կարկամէին իր մատներ, 
Թո՛ղ իմ ցաւէս անիկա ալ ազդուէր։ 

 Հերանոյշ  Արշակեան (1887-1905)




No comments: