Sunday, July 20, 2008

Միսաք Մեծարենց: Աքասիաներու շուքին տակ

Ծաղիկներէն յուշիկ թերթեր կը թափէ՝
Բուրումներով օծուն հովիկն իրիկուան.
Հոգիներուն կ'իջնէ երազ մը բուրեան.
Ի՛նչ հեշտին է մըթնշաղն այս սատափէ։


Աքասիաներ, գինով լոյսէ ու տապէ,
Օրօրուելով մաքուր շունչ մը կը հեւան,
Մինչ կը ձիւնէ ծաղիկն իրենց հոտեւան,
Զոր խօլաբար հովը գրկել կը շտապէ։


Ու լոյսն անոնց, անխօս հուրի՛ դիւթական,
Հըմայագեղ ու վարսքերով արծաթէ,
Շատրուանին կ'իջնէ գուռին մէջ կաթէ։


Ջուրը ցայտքէն ծաղիկ ծաղիկ կը կաթէ,
Վըճիտ, ինչպէս լոյսէ արցունքը մանկան,
Նըւագն անոր կը հեծեծէ հեշտական։


Ծաղիկներէն հովը թերթեր կը թափէ...։

1 comment:

Armenian Poetry Project said...

Միսաք Մեծարենցի Գրական Գործունէութեան Մասին Որոշ Դիտումներ

Միսաք Մեծարենցի համար ամէն ինչ սկսաւ իր ծննդավայրը Բինկեանէն եւ ապրեցաւ հայրենաբաղձ իր գաւառը վերադառնալու բուռն փափաքով մինչեւ իր վերջին օրը: Անկասկած Բինկեան գիւղը եւ անոր շրջավայրը իր ներշնչման գլխաւոր աղբիւրն էր: Նոյնիսկ իր հիւանդութեան ծայրաստիճան վիճակին մէջ Բինկեանի բնապատկերները, իր մանկութեան յիշատակները իրեն համար եղան կազդուրիչ մխիթարանք:
Բառին բուն իմաստով Մ.Մեծարենց ի ծնէ բանաստեղծ էր իր բոլոր էութեամբը՝ իր բեղուն եւ անզուգական գործերով, իր զգայուն սրտով եւ իր տաղերուն մէջ կը հանդիպինք ազնուութիւն, առաքինութիւն եւ գեղարուեստի աննման նրբութիւններ, իմացական ոյժ, ստեղծարար յղկում եւ գեղեցկութիւն:
Ցաւօք սրտի իր կեանքը շատ կարճ էր եւ եղերական, հազիւ 22 գարուներ բոլորած էր, այնուհանդերձ իր կարճ կեանքի արժէքները՝ ապրումները՝ եւ զգացումները՝ խտացած ու սեղմացած կ՝ամփոփէր խոկուն իր հիւանդ մարմինին մէջ եւ իր հոգիին ոյժերովը կը վերածեր անոնք բանաստեղծութեան իր տաղանդի բարձրագոյն մակարդակներուն հասցնելով: Իր ժամանակաշրջանի համար բերելով գրական նոր ոճ, նոր շունչ: Մ.Մեծարենցի բանաստեղծութիւնները կը նմանին կոյսի մը որ ամենայն հոգատարութեանբ կը հիւսէ բազմասքանչ զարդարանքներով ժանեակներ (Fr. dentelle, Eng.lace-work).
Մ. Մեծարենց յաջողութեամբ իր հոգիին պատկերները ցուցաբերած է իր բանաստեղծութեան մէջ:
Նախընտրանքն էր մերձանալ ճշմարիտին, բնութեան, իրերուն ու մարդկանց: Իրապաշտօրէն կը թափանցէր անոնց, որքան որ կը խորանար այնքան յստակ կը դառնար իր խորհուրդները:
Շատեր քննադատեցին իր բանաստեծութիւնները անուանելով գաղափարապաշտ է (idéaliste), բնապաշտ է (naturalisme), խորհրդապաշտ է (symboliste). Թէեւ կը թուին ըլլալ այդպէս. Մեծարենցի սկզբունքն էր ըսել ՛՛ինքզինքս ըլլալ՝՝ : Ինքնաճանաչման դպրոցին հետեւորդն էր:
Իր խորհուրդները՝ իրականութեան վրայ հիմնած էր եւ ոչ թէ շինծու ու մակերեսային: Ուստի անկարելի է ճանաչել եւ գնահատել ճշմարիտին, առանց արժանապատուութեան զգացումներու եւ իր հաւատքի դրական գործունէութեան. Հետեւաբար իր կեանքի արժանիքները կը քաղէր ճշմարտութեան աղբիւրէն: Ինչպէս ինք իր սնարին անբաժանելի յարակիցները ըրած էր Աստուածաշունչը եւ Նարեկը:
Հիյանալին այն կէտի վրայ կը կայանայ որ Մեծարենց իր ազնիւ ու պարկեշտ սգացմունքներուն համար հայթայթած է համապատասխան ճշգրիդ տաղերգութիւն, որոնց միջնորդութեամբ կ՛ստանար ներդաշնակութիւն իր գրական գործերուն մէջ: Իսկ իր մայրէնի լեզուի հանդէպ ունեցած սէրը՝ գերազանց է, մեր հիացումի ամէնօրիայ առարկան:
Ահաւասիկ բանաստեղծ մը որուն բանաստեղծութիւններուն հետ կ՝արժէ սրտակից ըլլալ եւ նաեւ անոնց ընթերցումին մէջ Աստուածային շունչ մը շնչել:

Յովհաննէս Ասպետ Ասատուրեան

Յ.Գ. Այս յոդուածը մաս կը կազմէ ՛՛Բանաստեղծի Մը Մահը՝՝ բանաստեղծութեան խնդրեմ տեղաւորեցեք մեկնաբանութեան վայրը: Նախապէս տեղեկացուցած էի այս մասին, Իմ յարքանօք բարեւները՝ եւ իմ շնորհակալութիւնները կը յայտնեմ սիրելի Լօլա Գունտաքճեանին: