Աւետիք Իսահակեան: Սի՜րտըս երկինք է…
-- Սի՜րտըս երկինք է…
Ամէն արարած
Աստղ ունի այնտեղ --
Գահ ունի այնտեղ։
-- Սի՜րտըս երկինք է…
Բո՜յր կու տայ ծաղկին,
Սէր կու տայ կոյսին,
Կեանք կու տայ անկեանք,
Չոր անապատին --
Ամայի սրտին --
-- Սի՜րտըս երկինք է…
Աւետիք Իսահակեան
No comments:
Post a Comment