Saturday, December 11, 2010

Րաֆֆի Վարդանեան։ Պարտէզը



Լօլային

Հայկ Նահապէտին պարտէզէն դուրս
Լեզուս թաղեցի
Հօրս պարտէզին մէջ,
որպէսզի
Ուժ տայ բնութեան,
Որովհետեւ հոգիս
լռութենէն ալ յուսահատ է ։
Անյոյս է
Որպէս սփիւռք
Որպէս ինքնաօտար
Որպէս հոգի ու վկայ եւ
Աքսորի զաւակ։
Պատերազմ և ողբերգութիւն
Կը կոչուին այդ երես լզողները, Ու ծնողքս,
իրենց
հաճոյքը կը պահեն
Մեծմօրս գրպանին մեջ։
يعني sabersiz, mon ami

Այս կեանքը բնական չէ
Որովհետեւ ան
Կը ծաղկի
Կմախքի մը կողէն
Այն գերեզմանատան մէջ
Ուր կը Ֆր-ֆրա Հովը - Թուրքիոյ, Հայաստանի ապա, Ռուսաստանի հովը, Ամերիկայի, Չինաստանի, Ուրուկուաի հովը - Նահատակներուն հովը, Զոհերուն, Երգիչին և արհեստաւորին հովը:
Բերնէդ բրցուած լեզուն
ընկղմեցաւ
Մելանին մէջ
ուր կրցաւ
պատմական նիւթեր գրել։

Ծովափին աւազներուն վրայ
Դարերու ընթացքին
Տարիներով
Օրերով
Մրջիւններով,


Türkçe dilinde,
En français
بللغة العربية





Րաֆֆի Վարդանեան


2 comments:

Unknown said...

YOU ARE THE BEST COUZ

Haroutune Armenian said...

Այն ինչ որ կարդացի շատ լաւ էր։

Կը շնորհաւորեմ։

Կը յուսամ աւելի յաճախ հայերէն կը գրես։

Յարութ