Յովհաննէս Ասպետ: ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ ՆԱՄԱԿԸ
Սգաւոր այրին, իր փոքր երախան գրկին,սեւ զգեստներուն մէջ կու լար իր սիրականին,որ զոհաբերած էր իր կեանքը հայրենիքին։Երախտապարտութիւն՝ ամեն մի հայի պարտքն է,պատերազմի դաշտին վրայ ինկող ամէն մի հայ զինուորին առջեւ։Յովհաննէս Ասպետ
ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ ՆԱՄԱԿԸ
Հայրենիքի զինուորին մաղթանքն էր.
Սիրելի՛ս մեր սիրոյ օճախը ջերմ պահէ,
Հպա՛րտ եղիր այս փաոաւոր օրերուն։
Մենք բերինք յաղթանակ ու փառք՝
Մեր կեանքի զոհաբերումով,
Կռուի դաշտին վրայ մենք ինկանք գետին
Մենք կամաւոր եկանք կռուելու,
Երկինք ինձ կանչեց իր մօտ՝
Կենաց մահու պայքարին մէջ,
Նուիրեցինք մեր անձը՝ նահատակ,
Քեզի՝ մեր անմահ հայրենիք,
Մենք որ արհամարհեցինք մահը
Դո՛ւք, մեր ընկերներ, ամո՛ւր պահեցէք մեր դիրքերը։
Մնա՛ք բարով, սիրելի՛ք, մենք կ՛երթանք անդարձ,
Իսկ դուք ապրեցէ՛ք պանծալի կեանք։
Մեր արիւնոտ պատմութեան էջերուն,
Մեր ինկած ընկերներու անունները՝
Մեր գոյատեւման պայքարին,
Մենք բերինք մեր բաժինը՝ յաղթապանծ.
Զմեզ միշտ պիտի ռգեկոչեն
Ո՜վ իմ սգաւոր սիրելիս, մի տխրիր
Մեր սիրոյ երախան պահէ՛ ջերմասուն.
Մեր հայերինքը թող ապրի դարէ դար,
Մեր փառք ու պատիւը պահէ յաղթահար։
Յովհաննէս Ասպետ
Սոյն բանաստեղծութիւնը քաղուած է «Կրակ ու Մոխիր-ի» գրկոյքի էջերէն