Sunday, April 26, 2026

Վեհանոյշ Թեքեան: ԶԱՀՐԱՏ՝ ԱՊՐԻԼ 24-ին

Ապրիլ 24, 2026


Աւազանի անունը միայն ինք գիտէր

բոլորին համար Զահրատ էր




Իր հնարամիտին ուրկէ եկած ըլլալն ալ

միայն ինք գիտէր, անունը Կիկօ էր



Առտու կանուխ քանի մը հեղ գնաց եկաւ

Գնաց եկաւ

Կիկոյին չգտաւ

խանութը բացած՝ ծորակ կը ծախէր

Չահրատն ալ իր կատուն գրկած

Պճլտուն ոսկեղէն աչուկներով սեւկակ Մայմունին

Գնալը կղզին կը պտըտցնել սկսաւ



Զահրատը թափանցիկ

Կիկոն գոյնզգոյն էր, կկուի պէս մէկ ոտքը վեր

Պատրանք կը թերթէր նաւամատոյցին վրայ

Երազ կը ծխէր



Կարճլիկ էր Կիկոն շարժուն կծիկ էր

Տիտիկ ընել չէր գիտեր

մայրամուտ կը շնչէր, քիչ մըն ալ տիկին-միկին կը հառաչէր

ամէն անգամ տարբեր անկիւնէ կ՚ելլէր ձայնը

Շրջապատին անհաղորդ կը կարծուէր բայց անանկ չէր

Մարմարայէն խումբ խումբ կաթիլ երբոր ցատկեր իր վրայ

անմեղ-անմեղ կը խնդար

Ըսէ՛ք տեսնեմ Կիկոն դժբա՞խտ թէ բախտաւոր էր

Զահրատէն գաղտնի իր կեանքը ապրիլ կը փորձէր

Զահրատ անոր ամէն ըրած-չըրածը արար աշխարհին

կը յայտնէր

Ասանկ բան կ՚ըլլա՞յ մի



Պոլսոյ մէջ փողոցներ կան որ Այբուբենի մայր տաճարը

կը հասցնեն

Համրիչը ձեռքին

Զահրատ ամէն օր կ՚այցելէր այդ եկեղեցին

Խօսելով մրթմրթալով յուզելով

չարաճճի ժպիտով ՝ բարդ կծիկներ կը քակէր

Քակեց ժամանակը, ծխացող երազները

սիրոյ տանիքները, անկատար կատակները

նոյնիսկ պահուըտած զգացումները



Կիկոն զարմացած ու յարաշարժ

խախծոտ ու լայնաժպիտ

աշխարհին ինչ եղածը շատոնց հասկցած էր

Բայց մենք չէինք հասկնար իր ի՛նչ հասկցած ըլլալը

Նաւուն սուլել կու տար

ոսպ մաքրող կնկան ափսէն արկածով գետին կը ձգէր

ցրուածի ձեւեր կ՚ընէր, սակայն եւ այնպէս

ե՛ւ հաստատապէս խորքը տարբեր էր

Ի՛նք սորվեցուց Զահրապին սովորականէն անդին ապրիլ

Զահրատ հայկական կեանքի, մամուլի, հրաւէրներու եւ ծրագիրներու մէջ մխրճուած էր

Ուզէր- չուզէր միշտ Կիկոյին անկիւնէն կը դիտէր հարցը



Այս վերջին տարիներուն հայ կեանքին մէջ ինչե՜ր

գլխիվայր դարձան

Գացին մեծերը, արդար հոգիներրը , սրբութեան խնկարկուները

գացին յաղթանակողները

գանձատուն շինողները, տապանակ պահպանողները

Զահրատն ալ գնա՜ց , Կիկոն մնաց

Կիկոն կարճլի՞կ էր, կոկի՞կ էը, բոպի՞կ էր

այնքան ճարպի՞կ էր որ յանկարծ

Ապրիլ 24-ին Զահրատը ետ եկաւ Կիկոյին ձեռքը ամուր բռնած

Երկուքն ալ ծերացեր էին

Ասանկ բան կըլլա՞յ մի



Նստեցան ծովափը

Յիշեցին հին համայնքին երակն ու երանգները

Կախարդական Պոլիսը

Յիշեցին եղեռնահար գրողները

Վարուժանը, Սիամանթոն, Զօհրապը եւ Կոմիտասը

Թաղերը, դպրոցները, եկեղեցիները

խմբագրատուները

Հայութեան ձայնը

օրուան խնդրանքն ու խայտանքը

աղօթք դարձած գաղութը

Այդ կինը դեռ ոսպ կը մաքրէ.

Նոր Պոլիսը հին Պոլիսէն բաժնուա՞ծ է

Պոլսեցիները թող պատասխանեն



Անոնք որ կեանքը կ՚ապրին սահմաններէ դուրս՝

ամէն տեղ կը հասնին

Կիկոն Զահրատին գիրկը նստաւ

Մայմունն ալ ինքզինք քաշքշելով եկաւ

մէկը ծխե՜ց

մէկը պարե՜ց

մէկը մրափե՜ց



Զահրատին յիշածը մէ՜կը չյիշեց։



Լոյս տեսած է Հայրենիք թերթին մէջ

No comments: