ՌՈՒԲԷՆ ԽԱԺԱԿ։ Պահ-հէ-պահք (թարգմանուած ցաւ)
Անգլերէն տառերու պաղութեան մէջէն կը լսեմ անոր ձայնը,
այն դիցուհիին,
որ սիրոյ ալիւր կը մաղէր հարաւիդ ու հիւսիսիդ վրայ։
Թարգմանուած ցաւ մըն է սա։
You ask what happened, կ՚ըսէ։
իրաւունք ունի. պատասխան չունիմ, միայն հարցումներու շարք մը։
And one grain of your soil
Equals the treasures of the world.
Հաւատա՞մ...
Հայրս մէջդ ծնաւ,
բայց հողդ երբեք իրը չեղաւ.
ոչ ալ իմս։
Հայրենիքի ճամբուն վրայ
կայարան մըն էիր մեզի համար,
(երբ երկինքդ տակաւին լուռ էր ու անխռով)
ուր իջանք վերջապէս տեսնելու
նէնէիս նշանաւոր փուռը՝
փշրանք մը մեր ընտանիքի անցեալի կեանքէն։
Հիմա հին ու նոր կրակն է,
որ կը լափէ երկինքդ.
Strewn as it is with fire and dynamite.
Ֆէյրուզի բառերը այլեւս երգ չեն,
այլ քարացած արցունք։
Ու «խենթութիւնը»՝ երբեմնի քնարական ու հեռու,
հիմա կը կրծէ լռութիւնը։
Այսօր ռումբերը աւելի բարձր կը պոռան, քան երաժշտութիւնը,
ու այդ «աշխարհի գանձերուն հաւասար» հողը՝
այսօր կրկին գերեզմանի կը փոխուի։
I said our land is being reborn.
հաւա՞տք է սա, թէ՞ ցնորք։
Բայց յոյսը, դեռ պաղ ու անմարմին,
ձեռքիս մէջ կը մնայ։
You ask what happened, What has overcome me.
ու կը դիտեմ համակարգիչէս, թէ ինչպէս անցեալս ու ներկան
նէնէիս փուռին պէս կը բոցավառին.
ու ես պաստառին պաղութեամբ
ձեռքերս կը տաքցնեմ:
Երեւան,
2026
.png)
No comments:
Post a Comment