Monday, June 28, 2010

Վահան Զանոյեան: Նորմալ...

Դուն գիտե՞ս արդեօք, որ կրնայ գալ օր
Երբ ես վերջապէս
Վարժուիմ քեզի
Եւ նստիմ քովդ առանց յուզմունքի
Ու նայիմ քեզի ու տեսնեմ ներկան
Ու մենք հանդիպինք առանց շալակի
Փակ պահենք բոլոր հինէն մնացած
Մեզ զիրար կապող յիշատակներու
Ծանր ու փոշոտ վարագոյրները
Մնանք առանձին
Ու ապրինք օրը
Եւ ես հաստատուիմ ու տեղաւորուիմ
Առօրեայիդ մէջ
Ինչպէս ամէն մարդ,

Կրնա՞յ պատահիլ
Որ օր մը ես ալ
Ամէն մարդու պէս
Քալեմ ժամերով
Ու չնկատեմ յուշարձանները
Ու չանդրադառնամ
Որ փողոցներու
Աղմուկն ու ձայնը այստեղ կը հնչէ
Հարազատ լեզուով
Միամիտօրէն չ'զգացուիմ այսպէս
Ամէն հարազատ վանկով, շշուկով
Չտարուիմ այսքան
Խորունկ հեշտանքով
Ամէն հարազատ ոճի ու ձեւի
Քաղձր ճանաչումով

Կրնա՞յ գալ օրը,
Երբ այդ բոլորը,
Ինծի ալ թուի շատ սովորական
Պարզ ու ընտանի
Ինչպէս ամէնուն, ինչպէս ամէն տեղ,
Եւ ես թօթափեմ
Այս ջերմ բայց յոգնած
Վիպական լեզուն
Ու զգաստացած՝
Ես ալ իմ կարգիս
Ընդունիմ կարգը՝
Այնպէս ինչպէս է
Ու Դառնամ «նորմալ…»

Եւ արդեօք գիտե՞ս,
Թէ երբ օրն այդ գայ
Պիտի կարծրանայ ոգին մեր միջեւ
Պիտի հանդարտին փոթորիկները
Պիտի սթափին
Կիրքերն անցեալի
Դիւթանքն զգլխիչ պիտի ամփոփուի
Ինքն իր մաշկին մէջ
Եւ մեկուսանայ,
Անձայն, անբողոք
Ու աչքերը փակ՝ սպասէ մեզի

Ու երբ օրն այդ գայ
Պիտի տանջուինք այս նոր կացոյթէն
Ես՝ հիասթափուած
Պիտի որոնեմ Որոնումը մեծ
Պիտի տառապիմ ամայութենէն,
Ամէն կողմ տիրող ունայնութենէն,
Ու երբ ճարահատ ծունկի գամ կրկին
Բացն այդ լեցնելու
Պիտի չգտնեմ,
Քու անծայրածիր հմայքներուդ մէջ
Հին աստղն առաջնորդ,
Ոչ ալ այն նախնի ներշնչումն անշէջ...

Իսկ դու՞ն...
Պիտի յարմարուի՞ս այս նոր ծիրին մէջ
Քու կորուստիդ հետ պիտի հաշտուի՞ս
Պիտի ընդունի՞ս նոր կարգը մեր մէջ
Երբ տեսնես որ ես,
Պիտի ունենամ քեզմէ առնելիք
Ո՛չ միայն տալիք
Պիտի ունենամ ակնկալութիւն
Եւ ո՛չ միայն յոյս
Պիտի յայտնուիմ քու դռան սեմին
Ներկայացնելու պահանջքներ արդար
Ո՛չ միայն խորհուրդ
Ո՛չ միայն բաղձանք
Ո՛չ միայն խնդրանք

Գիտե՞ս դուն արդեօք,
Որ երբ օրը գայ
Եւ ես մկրտուիմ, նոյնանամ կեանքիդ
Իմ «նորմալ» կեանքով
«Նորմալ» կեցուածքով
Ուզես կամ չուզես
Թէկուզ յամառիս,
Թէկուզ պայգարիս
Ու չընդունիս զիս
Աւելի քան ես,
Աւելի քան միշտ
Դու՛ն պիտի փոխուիս...

No comments: