Դանիէլ Վարուժան: Գուշակը
Ձեռքըս բռնեց գուշակն, եւ իր
քարայրին քով ինծի ըսաւ.
-Ափիդ մէջ կայ երեք կնճիռ,-
Երեք ճամբայ առջեւդ ելաւ:
Մին ցամաքէն քեզ կը տանի
լուսնի լոյսով մինչեւ անտառ,
ուր կը պարէ կոյս մ՛հոլանի...,
Ցուպըդ կոտրէ եւ մի երթար:
Միւսը ծովէն է ակօսուեր.
քեզ կը տանի կղզին դալար՝
ուր կը վազեն ոսկի գետեր...,
Ղեկըդ փըշրէ ու մի երթար:
Երրորդ ճամբան է երկինքէն.
պարզէ թռիչներդ սեփական,
մինչեւ աստղերը սիրտդ այրեն.
շարունակէ դու այդ ճամբան:
No comments:
Post a Comment