Sunday, April 03, 2011

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ՍԵՒ ԵՐԱԶ

Սեւ երազ մըն էր

Դուն բնաւ չյիշեցիր
Ես բնաւ չմոռցայ

Սեւ երազ մըն էր

Դուն բնաւ չխօսեցար
Ես բնաւ չլռեցի

Դուն հսկայ գետ մըն էիր
Ճեղքեցիր ծովերն ու անցար

Ճեղքեցիր ծովերն ու անցար
Բայց ծովերուն բնաւ չխառնուեցար

Ես առանձին կղզի մըն էի
Բերքառատ բայց մոռցուած

Շուրջս ծով կա՞ր թէ ոչ
Ոչ դուն գիտցար – ոչ ալ ես

Սեւ երազ մըն էր պարզապէս

Ոչ դուն – ոչ ալ ես
Պահ մը իսկ չանդրադարձանք
Թէ մենք նոյն երազը տեսանք
Նոյն սեւ երազը
Անզուսպ եւ անաւարտ

Սեւ երա՞զ մըն էր պարզապէս
Թէ ոչ կարմիր սէր մը բոցակէզ
Ոչ դուն գիտցար – ոչ ալ ես



8 Մարտ 2011   ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

No comments: