Արամ Քէթէնճեան։ Հովի Նման
Հովի է նման մօտեցումը քո.
մերթ հանդա՜րտ ու մեղմ
մերթ փոթորկալի, ուժգին շառաչող...
Հեզութեամբ լեցուն երբ կը մօտենաս,
անշշուկ ու լուռ երբ կը հպիս ինձ՝
դու ինձ կը բաշխես հրապո՜յր գարնան.
քո բոյրը անո՜ւշ կ′անցնի ռունքերէս,
կը հասնի կուրծքիս, այրերն թոգերուս,
հոն կը նորոգուի սիրտըս յոգնաբեկ
ու տրոփիւնը, ո՜հ կը մեղմանայ.
երազանքի մէջ կ′ընկղմի հոգիս,
ու նոր կեանք կ′ապրի հանդարտ ու անուշ
երազի մը պէս անբիծ ու քնքո՜ւշ...
Մերթ կը մօտենաս փոթորկի նման,
կը դպչիս դու ինձ մտրակելու պէս,
ու կը պարուրես, կը կաշկանդես զիս.
Ճնշումէդ ահեղ կ′ըլլամ շնչահեղց.
բայց գիրկըդ կ′առնես ու կը շոյես ինձ
եւ կը շաղախուիս էութեանս հետ,
կ′ըլլանք մէկ էակ, մէկ սիրտ, մէկ հոգի
ու սէր կ′ըմբոշխնենք ակէն դրախտի...
...........................................................
Մեղմութիւնը քո մրրիկ ահաւոր
իսկ փոթորկումըդ՝ քնքշութեան աղբիւր...
No comments:
Post a Comment