Friday, April 08, 2011

Արամ Քէթէնճեան։ Ես չէի գիտեր




Ես չէի գիտեր, որ Արագածի լանջերն են հզօր, իսկ ձորերը՝ խոր.
Ու վերելքն Անոր, որքան սոսկալի, այնքան ալ է դիւր։

Ես չէի գիտեր, որ Արագածի կողերուն խրոխտ, աղբիւրներ կան բիւր,
Ուր ջուրն է զուլալ, ան՝ քաղցր ու մաքուր։

Ես չէի գիտեր, որ վանքն Ամբերդի հանդարտ կը ժպտի վտակին ձորի,
Իսկ Ամրոցն անխախտ, անվերջ կը հսկէ լերան ծերունի։

Ես չէի գիտեր, որ Արագածի գագաթները սէգ՝ տէրն են ամպերուն.
Եւ անոնց ձիւնը՝ յաւերժ, շողշողուն...

Ես չէի գիտեր, որ Քարի լիճը երբեմն անյայտ,
Անտեսանելի իրողութիւն է։

Ես չէի գիտեր, որ Արագածի ժայռոտ մէկ լանջին,
Հպարտ բազմած է ուխտաւորներու հոգին ներշնչող՝
Ս. Աստուծածին վանքը Տեղերի։

Ես չէի գիտեր, որ ստորոտին գիւղեր կան սիրուն,
Ուր կ՛ապրին հուրի  փերիներ զուարթուն.
Գիւղեր, որ ունին այգիներ գոյն գոյն։

Սակայն ճիշդն ըսեմ,
Որ այդ բոլորը  գիտէի իրօք,
Բայց... չէի գիտե՜ր...


2009 Նախապէս հրատարակուած է Հայաստանի Հայ Գրող  ամսաթերթին մէջ 
եւ www.nshanag.net կայք էջին վրայ:

No comments: