ԼՕԼԱ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆ։ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆ
Յիշատակարան — գոյական
Յիշատակի համար կերտուած երկ / անձնական
ծանօթագրութիւն՝ ձեռագիրի մը կցուած:
Աղբիւր՝ Բառգիրք հայերէն լեզուի,
Անդրանիկ վրդ. Կռանեան, Պէյրութ, 1998, էջ 320։
1.
Ճրագն անձէթ չի վառի
ՍԺԵ թուին, երրորդ
ամսուն քսաներորդ օրը,
գարնան եղանակին`
Ամբողջացուցի այս
յիշատակարանը Նիւ Եորք
նահանգի նոյն անուամբ
քաղաքին մէջ, երբ
առաւօտեան՝ արեւածագը
շատ գեղեցիկ էր. քաղաքիս
հիւսիսային բաժնին մօտ՝
անտառի մը ծայրը կը լսեմ ճայ
մը, ուրիշ օրեր այլ գոյնզգոյն
թռչուններ, ատենը անգամ մըն
ալ կը տեսնեմ անծեղ մը,
արտոյտներ ու տարբեր
տեսակի շատախօս թռչուններ։
Գարունը անոնք
պատուհանիս մօտ կը սկսին
երգել։ Միակ լուռ բանը
մօտերս գետն է որ անխօս կը
հոսի հիւսիսէն հարաւ
հազարամեակներէ ի վեր։
Այս շաբաթ քաղաքապետը
մեզի յիշեցուց որ սուրճին գինը
սուղցած է։
Ես՝ Վարդանոյշ սուտանուն
բանաստեղծուհի, ընտանիքի
անդամներս, բարի միտ
բարեկամներս ձեր լաւագոյն
մաղթանքները կը յուսանք
ստանալ։ Ու մի՛ մեղադրէք զիս
քանզի անկողինս հազիւ
պաղած, կ՚ուզեմ ուրիշի մը
մարմնին բարձերը գործածել։
2.
Գէշ խապարը թէզ տեղ կը հասնի
ՍԺԵ թուին, վեցերորդ
ամսուն, քսանմէկերորդ
օրը, ամրան եղանակին`
Ամբողջացուցի այս
յիշատակարանը Նիւ Եորք
նահանգի նոյն անուամբ
քաղաքին մէջ, երբ սաստիկ
տաք օրեր կ՚ապրէինք։
Քաղաքապետը մեզի կը կը
թելադրէ որ ջուր խնայենք։
Լուրերը տխուր են քանի մեր
աղօթքները մէկու մը ականջին
չեն հասած։ Հալէպը կ՚այրի
ինչպէս անցեալին Հռոմը։
Կ՚ապրինք նախագահ
Օպամայի օրերուն երբ
Պարսկաստանի հետ դաշինք
կնքեց, բանտարկեալներ
արձակեց ու խաղաղութիւն
հասաւ այս ափերուն։ Ցաւօք
սրտի որոշ քաղաքներու մէջ
թշնամին ներքին հրէշն է ո՛չ
օտարը։
Փոքրիկ Զաքարիային
ծնունդէն առաջ սիրեցի իր
հօրեղբայրը ու երկար
սպասեցի որ սէրս
փոխադարձէ բայց մէկ տարի
ու վեց ամիս յետոյ կնունքին
ժամանակ երազիս մէջ
Կոմիտասէն երկտող մը
երգեցի իրեն յիշեցնելու՝
Աշուղի պէս խա՛ղ ասա,
Բլբուլի պէս տա՛ղ
ասա…
Ես՝ Վարդանոյշ սուտանուն
բանաստեղծուհի, ընտանիքի
անդամներս, բարի միտ
բարեկամներս ձեր լաւագոյն
մաղթանքները կը յուսանք
ստանալ եւ սիրոյ ցաւերուս
համար մի՛ մեղադրէք քանի
օտար ափերու մէջ պանդուխտ
եմ։
3.
Ոչ ոք մարգարէ է իր սեփական երկրին մէջ
ՍԺԵ թուին, իններորդ
ամսուն քսաներորդ օրը,
աշնան եղանակին՝
Ամբողջացուցի այս
յիշատակարանը Նիւ Եորք
նահանգի նոյն անուամբ
քաղաքին մէջ երբ սաստիկ
անձրեւներ կը տեղային ու
աշնան վերջին պտուղները
փճացան։
Երեք դար է բարեկիրթ
դասակարգի կիները
համալսարան կ՚ուսանին բայց
տակաւին հաւասար չենք այս
հողին վրայ. միմիայն
հաւասար ենք մահու
ժամանակ։
Քաղաքապետը մեզ կը
զգուշացնէր որ աղքատներուն
թիւը ու կեանքին սղութիւնը
բարձրացած են։
Քանի երկիրներ այցելած եմ
որոնք այսօր փճացած են
կռուի, սովի ու երկրաշարժի
պատճառաւ։ Անէ՛ծք անոնց
որոնք պատերազմներ կը
քաջալերեն ու այդ հարուստ
մարդոց որոնք պատերազմ կը
պատճառեն առաւելի
հարստանալու համար։
Ես՝ Վարդանոյշ սուտանուն
բանաստեղծուհի, ընտանիքի
անդամներս, բարի միտ
բարեկամներս ձեր լաւագոյն
մաղթանքները կ՚ակնկալենք
ու մի՛ մոռնաք ձեր պանդուխտ
դասընկերուհին։
4.
Աշխարհը ծով ա, մենք ծարաւ ենք
ՍԺԵ թուին, տասներկրորդ
ամսուն, քսանմէկերորդ
օրը՝ ձմրան եղանակին
Ամբողջացուցի այս
յիշատակարանը Նիւ Եորք
նահանգի, նոյն անուամբ
քաղաքին մէջ, երբ սաստիկ
պաղ օդեր կ՚ապրինք։
Քաղաքապետը մեզ կը
զգուշացնէ որ առանց
կրակարանի ու փայտի պիտի
մնանք ձմեռ մը եւս։
Այս ամիս պիտի ճամբորդէի
դէպի ովկիանոսին միւս ծայրը
բաց անակնկալներ գէշ օդի
պատճառաւ ու երկա՜ր
ձիւնամրրիկէ մը վերջ
փակուեցաւ օդակայանը ու
հազարաւոր մարդիկ մնացին
առանց օգնութեան։
Ես՝ Վարդանոյշ սուտանուն
բանաստեղծուհի, ընտանիքի
անդամներս, բարի միտ
բարեկամներս ձեր լաւագոյն
մաղթանքները կ՚ակնկալենք
ու յիշեցէք նաեւ Սուրբ Խաչ
եկեղեցւոյ ծխական
խորհուրդրի անդամները
որոնք բանաստեղծութիւն մը
պատուիրեցին Չարխափան
Սուրբ Աստուածածնայ տօնին
առիթով։
Ներեցէ՛ք ձեր անպէտ գրիչին,
քանի գինին համով էր ու
գիշերները երկար էին։ Ու մի՛
մոռնաք ձեր պանդուխտ
ընկերուհին։
Նիւ Եորք
Այս բանաստեղծբւթիւնը լոյս տեսած է ՀՈՐԻԶՈՆ Գրականին մէջ
No comments:
Post a Comment