ան չներեց քեզի Աստուած
չներեց
ամէն առթիւ կը մօտենայ դռանդ
ու կը պոռայ փակ պատուհանիդ ներքեւէն
սիրահար մ’հպարտաղաչական
բացատրութիւն չի պահանջեր
գիտէ չկայ
ներողութեան հայցդ կ’ուզէ
եւ պատրաստ է ներելու
բայց կը սպասէ որ խնդրես
այո մարդէն ներողութիւն պիտ’ խնդրես
դուն Աստուած
քանի որ զինք լքեցիր
երբ կը հաւատար ան քեզի
աստուածութիւնդ ո՞ւր թողուցիր այն օրը
որ կծիկը դրիր առանց ետիդ նայելու
երբ եկան իր մեծ հայրը մորթելու
իր մանկական սարսափազդու վախին տակ
որմէ ոչ ոք սարսափեցաւ
ոչ իսկ դուն
ինչո՞ւ այսքան քաշքշեցիր հայցդ իրեն
մանկութենէն ծերութիւն
ու դեռ իրմէ խաղաղութիւն կը սպասես
խաղա՞ղ է սիրտդ արդեօք
որ նման բան կ’երազես
ան կրնայ
չԷ ան չէ ոչ
իր փորէն դուրս ելածը
քիչ մը անդին ծառի մը տակ քէֆի ատեն
բաւարարուած յիշելու պէս զայն մոռնալ
ու զայն թաղել իբրեւ հինցած պատմութիւն
դո՞ւն հապա դո՞ւն
ցաւէն վախը իր վրայէն շպրտած
խոստումներդ պատառոտած
քեզի դէմ ապստամբած հայհոյալից
փոսի մը չափ բաց բերնին մէջ
պիտի կրնա՞ս իր չթաղած մարմինները շպրտել
դուն չես կրնար զայն անտեսել աւելի
յաջորդ անգամ երբ մօտենայ դռանդ
դիմաւորէ անձնապէս
մեծաբար հրաւիրէ
գահիդ ձախի մինչեւ հիմա գործ չտեսած առաքեալիդ ժամանակը անցած է
աշխատելու պահն է հիմա
ներողութիւն խնդրելու պէս
զայն բազմեցուր անոր տեղ
եւ սկսէ մտիկ ընել այլեւս։