Showing posts with label France. Show all posts
Showing posts with label France. Show all posts

Monday, November 11, 2019

Նորա Պարութճեան։ ՁԱՅՆԸ



 լսել ձայնին միջուկը 
ու խլանալ զարնուողի հաճոյքին 
փակուիլ իջնել կծկուիլ 
մուտք գործել կէտին մէջը բջիջին 
ուրկէ օր մը մենք ծնանիլ սկսանք 
ու բռնեցինք կորուստներու մեղկ ճամբան 
պատասխանին հիացումը ըմբոշխնել 
ու միշտ պահել պարոյկը 
շեշտ փորագիր 
քանի չկայ հաշտութիւն 
կատարեալին սահմանագիծն ծռմռել 
որ հաշմանդամ երակէն գեղեցկութիւնը բխի 
ու շունչ իյնայ երթալիքին մայթն ի վեր 
ուրկէ բռնած փնտռելու ելեր ենք 
ջերմութիւնը 
հազար անգամ հազար կտոր հազար մասով բզկտիչ 
սրտին խորը ներշնչումի բռնկումի ափերուն մէջ կը հալի 
ու կը խածնէ ականջը 
մեծ օրկանը սէրուսեռի 
Աստուծոյ 
ուրկէ ձայնը կը մտնէ 
ու կը մնայ 
նոյնիսկ մահուընէ անդին 

Sunday, November 10, 2019

Նորա Պարութճեան։ ՀԱՅԿԱՆՈՅՇ


ան չներեց քեզի Աստուած 
չներեց 
ամէն առթիւ կը մօտենայ դռանդ 
ու կը պոռայ փակ պատուհանիդ ներքեւէն 
սիրահար մ’հպարտաղաչական 
բացատրութիւն չի պահանջեր 
գիտէ չկայ 
ներողութեան հայցդ կ’ուզէ 
եւ պատրաստ է ներելու 
բայց կը սպասէ որ խնդրես 
այո մարդէն ներողութիւն պիտ’ խնդրես 
դուն Աստուած 
քանի որ զինք լքեցիր 
երբ կը հաւատար ան քեզի 
աստուածութիւնդ ո՞ւր թողուցիր այն օրը 
որ կծիկը դրիր առանց ետիդ նայելու 
երբ եկան իր մեծ հայրը մորթելու 
իր մանկական սարսափազդու վախին տակ 
որմէ ոչ ոք սարսափեցաւ 
ոչ իսկ դուն 
ինչո՞ւ այսքան քաշքշեցիր հայցդ իրեն 
մանկութենէն ծերութիւն 
ու դեռ իրմէ խաղաղութիւն կը սպասես 
խաղա՞ղ է սիրտդ արդեօք 
որ նման բան կ’երազես 

ան կրնայ 
չԷ ան չէ ոչ 
իր փորէն դուրս ելածը 
քիչ մը անդին ծառի մը տակ քէֆի ատեն 
բաւարարուած յիշելու պէս զայն մոռնալ 
ու զայն թաղել իբրեւ հինցած պատմութիւն 
դո՞ւն հապա դո՞ւն 
ցաւէն վախը իր վրայէն շպրտած 
խոստումներդ պատառոտած 
քեզի դէմ ապստամբած հայհոյալից 
փոսի մը չափ բաց բերնին մէջ 
պիտի կրնա՞ս իր չթաղած մարմինները շպրտել 

դուն չես կրնար զայն անտեսել աւելի 
յաջորդ անգամ երբ մօտենայ դռանդ 
դիմաւորէ անձնապէս 
մեծաբար հրաւիրէ 
գահիդ ձախի մինչեւ հիմա գործ չտեսած առաքեալիդ ժամանակը անցած է 
աշխատելու պահն է հիմա 
ներողութիւն խնդրելու պէս 
զայն բազմեցուր անոր տեղ 
եւ սկսէ մտիկ ընել այլեւս։ 

Friday, June 21, 2019

Գէորք Կառվարենց։ Աշնանային ծեր ծառը

Անցան յիսուն տարիներ,
Ամենածախ աւարի.
Անցայ եւ ես տարուբեր
Ընդմէջ լոյսի, խաւարի:
Սրսըփացի դառնօրէն
Եւ սակայն ոչ ի դերեւ .
Տերեւաթափ անտառէն
Ջի կորչիր ոչ մի տերեւ …

Ու չի կորչիր մեղեդին
Որուն հոգին կուտայ թիռ.
Զայն կ՛ընդունի վերստին
Անհունը՝ հայր մըտադիր:
Բայց մինչեւ օրն այն բարի,
Անառակին վերադարձ,
Պիտի պանդուխտ թափառի
Երգէ վէրքին զուգընթաց.
Եւ քանի որ ազցաւեր
Բաներ են սէրն ու գորով,
Մեր հոգիներն ալ վեհեր,
Պիտի լեցուին մոխիրով…
Բայց ոչ մէկ հով ու ժըխոր,
Վըհատութեան վայնասուն ,
Ջեղաւ այնքան մեծ ու խոր
Որքան իմ ցաւս, ո՜վ աշուն։

Արդ նըշանտուքն է նորէն,
Անագորոյն փեսային.
Արմատն ի վար կատարէն
Սեւ սարսուռներ կը սահին;
Իր կեանքն երազ մ՛էր համակ
Երազի կեանք մր պայծառ.
Որ միայն սէր ու նըւագ,
Ուրիշ ոչինչ չէր բաղձար :
Հիմա արմատն եմ այն ծեր
Ծառին հսկայ երրեմնի,
Զոր կայծակներն են կոծեր
Եւ սակայն դեռ կը կանգնի։
Կը կանգնի հեզ եւ հըլու
Նահաատակի մը նըման
Նախապատրաստ զոհուելու,
Եւ սակայն ոչ ընդունայն...

Ու կը յիշէ՜։ Մեղմօրօր
Ան բարունակ մ՛էր կանաչ
Ու, սըլացիկ, օրէ օր
Կ՛ըմպէր շաղեր ու ճաճանչ:
Կողերն ի վեր կենսուրախ
Ոխտն աւիշին կը ցայտէր,
Բեղմնափոշին փրփրերախ,
Ծաղիկ ծաղիկ կը կայթեր։
Արդ ի խորոց կը ցաւի,
Վակժուժելով իր կաւին,
Ամէն հովի, արշաւի
Դէմ յուսալով տակաւին:
Գիտէ թէ որդը փոսին
Կը սպասէ զինք, — եւ արդէն
Անկասելի օրհասին Կը շողայ շեղբը մօտէն.

Ո՞վ գիտէ մութ ապագան,
Գուցէ վաղոտըն հանենք,
Երբ ամառներ կը սըգան
Ձըմեռն ունի հարսանիք:
Կը տապալին մի առ մի
Ծառերն ամէն թալ ի թալ,
Եթէ գարունն իսկ տանի,
Անոնց պարտիքն է երթալ…
Խեցեվըճիռն է անոնց,
Ըլլալ դագաղ մը դժնէ,
Կամ դիւրարեկ օրօրոց,
Ուր մահը լոյս կը տեսնէ...

Կամ արծարծել անըզգած
Մէծատան բովն անոպայ,
Մինչդեռ աղքատն՝ իր առկայծ
Օճախին դէմ կը զոփայ...

Օճախն մ՛ալ ես ունիմ եոս
Բոյն ազնուական գորովի
Որ թեւերուս վըըայ գօս
Աստանդական կ՛օրօրուի։
Գէթ ձագերուն ու մ՛օրկան
Որ վախ ի վախ կը գաղթեն,
Տէր իմ շնորհէ մշտական
Թառ մը գութիդ սաղարթէն։

Ո՞վ պիտ՛ երգէ ծառը ծեր
Մենաւոր ծառը սարին,
Որուն ճիւղերն արփաջեր
Մահուան դողէն կը սարին...
Իցի՜ւ թէ ծառ ալեւոր
Երբոր իյնամ տախտապար
(Քանի որ մեզ ամէն օր
Կը տապալէ նոյն տապար...)
Թող մահս ի վեր ծովէ ծով
Կանանչն անհուն ծաւալի,
Եւ թող հնչեն ջովէ ջով
Գեղգեղանքներ հրճուալի։
Իսկ ես, դագաղ իմաստուն,
Անմեղ օրրան մ՛էր երբեմն,
Օրրեմ անկումը մարդուն
Մահուան զարթօնքն ամփոփեմ...
Այլ մանալանդ, եւ ի գին
Ողջակիզմանըս բարի,
Տաքցընեմ ուղն ու հոգին
Ամէն անյոյս թշուառին...;


Լիտօ, Վենետիկ, Յունիս 1945



Գէորք Կառվարենց
(1892-1946)


Յառաջ 1978

Thursday, June 20, 2019

Շուշանիկ Մանոյեան։ [ Լռի՛ր]

Լռի՛ր։
Հորիզոններում մթնշաղը թող մակարդուի։
Բնա՛ւ՝ մեկնումները չեն դառնում վերադարձ։
Ես քեզ վերլուծում եմ անսխալ.
Դու ինձ հետ կը լուծուես հեռուներին։

Խօսի՛ր։
Մի՞թէ հասկերը ձգտող սրտեր չեն,
Հասուն կրքեր չեն, -- ոսկեայ խոստումներ։
Մի՞թէ երգերը սիրոյ տենչեր չեն, --
Զուր սպասումներ։

Ու հոսի՛ր։
Անհունութիւնն է գաղտնիքն աշխարհի.
Ու արտը հասուն, որ կրակի պէս
Հողի կուրծքն է այրում՝
Պարզապէս խոստում։

Աստղերը ինձ խոստովանել են ճշտարտութիւնը։
Ես քեզ կը սերմանեմ ամէնո՛ւր՝ ամբարելով ի՛մը։




Շուշանիկ Մանոյեան
Մարսէյլ

Յառաջ 1978





Monday, April 29, 2019

Նորա Պարութճեան։ ՅԵՐԻՒՐԱՆՔԻՆ ՏԱԿ

յերիւրանքին տակ լուսէ
թիւր բերկրանքով
ստուերներու շէկ դերձաններ կը մանէ 
ոչ երդիքը
ոչ ալ պատերն չորս բոլոր
սիլուէթին բախտին համար հոգ կ’ընեն
ճմռթկուած դրօշի պէս
կը շարժտկի ծածանելու հովերով
ատենօք փախուստ տալ կ’ուզէր
բարի կամք մը զինք պայտեց կարմրաւուն բառերով
հիմա վեր-վար
ոսկորներէն մէկէն միւսին
ցատկռտելով արիւնին մէջ չխեղդուիլ կը փորձէ
ու տակաւին չէ հասկցած որ
խայծը մարդուն բջիջին մէջ կը վերածուի կրակի
ինք յանցաւոր եղնիկի պէս     
գազանին դէմ կը փռուի   
իր մարմինին պատասխան մը գտնելու     
ու մորթին տակ հաւաքուածը
հոսեցնելով նուաղումի հալումին
դէպի ներքեւ դէպ’ խորխորատ կը սահի

ալ յոգնած է
ճեղք-ճեղք մատին ծայրերէն
վերջին փուշերն կը ցցէ
իր մնալը մեկնելէն ետք ձգելու

ան եղած էր նրբահիւս
լարերու վրայ պարելու պէս ապրելու
բայց լարերը
հիւանդացած ստամոքսի հիւսկէններ
այսուհետեւ նոր ախորժակ չեն շալկեր







Sunday, April 28, 2019

Նորա Պարութճեան։ ՁԵՒ ՉՈՒՆԻՄ ԸՍԵԼՈՒ



երբ գաս վրաս գծելու
այն վայրկեանին որ մոմի պէս կը հալիմ
բռնած կ’ըլլաս յատակս
ու պէտք չըլլար ձեռքերուդ լոյս բռնելու
երկաթաշունչ մկաններս լեզուախաղի պէս ճարպիկ
կ’ելեւէջին պարապութեան մէջ խօսքին   
ու կը հանգչին ձեւին մէջ քու գիծերուդ
մորթերը կ’իյնան մէկիկ մէկիկ եւ արագ
վախէն անկրկնելի զօրութեան
որ ինկած տեղն երբ իր տեղը չգտնէ
փախուստի պէս անճար փոշի կը ձգէ

ես ձեւ չունիմ ըսելու
կարծրանալիք յուզիկութիւնը մաշկիս
կ’երթան պահերն անգութ ծլարձակման
երբ ըլլալուն մէջ յարատեւ մանուկ մը նոր
անարտօնեալ պարոյրին մէջ կը մտնէ
 մոռցուելու
ձեւ չունիմ զայն քեզի ըսելու

կը ջրիկնայ շիկացումը ժամերուն
ու երբ հանգին ժամերը
իբրեւ միւռոն կը ծորի ան դղրդալէն
պատերուս դէմ զարնուելու
փախուստ չունիմ ու
ձեւ չունիմ ըսելու


Sunday, February 24, 2019

Շուշանիկ Մանոյեան։ Քե՛զ

Ես ուզում եմ լուծուել մթնշաղներին.
Հորիզոնից այն կողմ երազներին ի զուր են.
Ես ուզում եմ ձուլուել աշնան գոյներին,
Հմայքները այնտեղ ամնարմին են։

Արեւի հետքերը տխուր են։
Նրա մեղքն է երկինքը լքուած։
Հրաշքները զգոյշ մակարդւում են
Եւ աստուածային պատուաստն է ստեղծուած։

Սիրտդ բաց է, երկի՛նք,
Ու արիւնդ հոսող կաթ է շուրթերիս։
Ծուխդ լաց է, երկի՛ր,
Ու շիւղերիդ դողը իմ չտուած բերքն է։

Քե՛զ, առանց երդումի մի օր եթէ լքեմ,
Մեղքս՝ սիրուդ վարձն է.
Լռութիւններիդ հուրը անհուն,
Մեռնող լոյսերդ դու չվճառես։

Քանզի երկինքները…
Սանդղամատեր չեն որ ծայրը ելնես՝
Այլ… տենչանքներ են,
Օծուած երազներ։

Արեւներից այն կողմ լռութիւնները
Քայլող սէրեր են.
Հրաշքները՝ զտուած սպասում…
Հողը մայրացաւ գիշերի գրկում։



Մարսէյլ


Յառաջ 1977

Monday, February 11, 2019

Զուլալ Գազանճեան։ [Մշուշէն անդի՞ն]

Մշուշէն անդի՞ն .-- ոչի՛նչ։
Ինչ որ տեսայ՝ սրտիս մէջ էր միայն.
Ալիքներ որ ընդմիշտ ալիքներ կանչեցին,
Ձեռքեր որ միացան ձեռքերու։

Հեռաւոր ու մօտիկ քայլերու
Ոտնաձայնը միայն՝
Ես քարափն եմ -- մշուշին մէջ։
Կարեւոր չէ ուրկէ՛ կու գաս, ո՛ւր կ՛երթաս։
Թէ ալիք ես՝ պիտի կանչես
Ալիքն ընդմիշտ,
Ձեռք ես՝ դարձեալ պիտ՛ միանաս
Սիրած ձեռքին
Վերջին հրաժեշտին համար։

Մշուշին մէջ
Խարշափող ու տարտամ ձայներու
Արձագանգը հեռու՝
Ես քարափն եմ միայն։
Եւ բոլոր նաւերը մեկնեցան.
Եւ ոչ ոք, ոչ-մէկ տեղ կրցաւ հասնիլ
Ոչ երկինքին մէջ
Ոչ երկրին
Ոչ սրտին։


Զուլալ Գազանճեան, «Յառաջ» ՄԻՏՔ եւ ԱՐՈՒԵՍՏ, Դեկտ. 5 1976

Friday, February 08, 2019

Նորա Պարութճեան։ ԿԷՏ Մ’ԻՍԿ ՎՐԱՆ ՉԵՄ ՈՒԶԵՐ



եկուր
մեռնելէդ առաջ
գերեզմանէն դուրս ելլենք
լեռները պատռենք    
նկատենք Չկան ու
գլտորինք անոր վարդեփուշին գիրկն քաղցրիկ
ծակծկինք
հոգեվարքի հառաչանքէն սպառած
պահ մը թէկուզ
մէկ երկվայրկեան
ես ըլլանք

ե՜ս գամ    
մեռնելէս առաջ
ետեւէս փակեմ գերեզմանիս դարպասը
բացուիմ  քեզի
ճիշդս բանամ
չխօսինք
փրփրինք թքած
մաս մաքուր
պարապ
անիրական 
մենք մեզի

լուսապահ մը
մեռնելէն առաջ
կործանինք
կարենանք փշրիկ մը մնալ      
տեւեցնել ցանկութիւնը իրարու       
բառերը մեր սրբացնելու
ուղարկելու առ Աստուած
մեռնելէն առաջ
Աստուծոյ  դուռը կայնելու

կէտ մ’իսկ վրան չեմ ուզեր




Thursday, February 07, 2019

Նորա Պարութճեան։ ԳՈՑՈՒԱԾ ԽՕՍՔ

փշրուած ազդր մը՝ մէկ կողմ
պայթած աչքի նայուածքին տակ
դեռ կ’երազէ որ վառելով
պիտի կրնայ հանգուցուիլ
միւս կողմ ինկած յոյսին հետ
(բայց) յօդերէն զրկուած
արմատներն իր լարերուն
ցիր նօթեր են տնանկ ձայնի
որոնց վրայ  երգի հոտ էր սրսկուած ատենին
ատենին սուտի մը չափ imposant էր իր կազմը
կը վայլէր անոր սիրոյն դաւաճանել ինքզինքին

տարտղնուած ոսկրագունդը ծունկերուն
տէր չի կանգնիր արցունքներուն զղջումի
որոնք վտարանդի
ծնրադրումի գութ կ’աղերսեն
որ թափուելով ըլլալու մէ՜ջ գլտորին
ու չներեն ինքզինքին

պատռուելով անջատուեցաւ կարկտնուած բաժինը
բախտի բերնին թուք արձակեց  
խպնեցուց միամիտ սրտիկը անոր                              
որ հաւատաց հինցած մորթին հակառակ
իր մանուկին
ու վերյիշած կաթին բոյրը մոռցուած
նոր ցանկութեամբ մը ճչաց
քակուած ինքզինքին դիմաց

ինքզինքին
գոցուած

Saturday, January 19, 2019

Նորա Պարութճեան։ ՆՈՒԷՐ



նուէր մըն է
բայց այնպիսին
որ փաթթուելով ծրարի մէջ փայլփլուն
կը ծառայէ տրուելու
բացուելէ ետք՝
չեսգիտերուրդնես մը տրորուած
ուրիշի մը համար
ուրիշ թուղթով պարուրուելու
անոյժ հաճոյք դառնալու
հոսհոնետուած առարկայ
նուէր մըն է
նուիրուելու պաշտօնով
մտմտուքէ մտմտուք
պահարանէ պահարան
ու ձեռքէ ձեռք կը շրջի
հանդիսաւոր պահը տալու՝
փրկելու

բացուելէ առաջ՝ թագուհի
ետքը՝ երեսչնայուելիք Յունուար երկու
զոր կ’աշխատին ամէն գնով թօթափել
քաշքշելով ոտքին կառչած բեռան պէս
եւ յուսալով որ պէտք կ’ըլլայ
եթէ ոչ վաղը գոնէ գալ տարի

նուէր մըն է անունը
բայց ամէն ոք
մտածումէն ջերմանալու փոխարէն
զերթ հրագունդ բամբասանքի
կը շպրտէ ուրիշի

նուէր մըն է սիրտը խոց
փախստական մաղթանքներու համր վկայ
լեղի լեզուն երբ դառնայ, եթէ դառնայ
պիտի պատմէ
թէ սրբելու իր երեսը սկրթած
քուն թէ արթուն
չնուէր մը կ’երազէ




















Friday, January 18, 2019

Նորա Պարութճեան։ ԱՍՏՈՒԱԾ ՔԵԶԻ ԱՅՑԵԼԵՑ



աստուած քեզի այցելեց
կատակեցիր անոր հետ
խաղի ելար ձայնին հետ
որ կաթեցուցած էր կուրծքիդ
իրմէ փախած հրեշտակին պատկերով
ծպտուեցար քարի պէս
ու քարի պէս քանդակուեցար
սրտիդ վերջին անկիւնը

ան վշտացաւ
իր ստեղծած հաւատքէն
չէր տեսած իր սխալը
քեզմէ ուզած էր մէկ բան                                   
որ բանէիր մի՜միայն
քու եւ իր միջեւ
հաղորդելի
ներսլացքը շեշտի                                  
ու դրած էր ձեռքերուդ մէջ իր կամքը
թելիկ- թելիկ հիւսելի

դուն ծաղրեցիր
ալիւրին մէջ նոր թաթխուած ձեռքերդ
ինչպէ՞ս կրցար անգոսնել                                    
մասունքը դեռ չշաղուած                                       
ու խոցոտել
ձեր միջեւի բանուածքը
ծլումին մէջ իր ճիչին

մանկասպանի մեղքն ահաւոր ուսերուդ
ատեն ատեն կ’ահագնանայ
ու կը սկսի խծբծել
տեսարանը պարոյկիդ
որ ինքնիր վրայ ոլորուելով
կը թնճուկէ երակը
քեզ ցանկացող աստուածային երազին

ան պարտուած է այժմ
չկրցաւ սլացքդ զսպել
իրմէ առաջ խոյացար
ձեռքին ջահը կոկորդիդ մէջ մարելու

հիմա մութ է ամէն կողմ






                                                          

Thursday, January 17, 2019

Նորա Պարութճեան։ ԱՆՕԹԵՒԱՆ


անօթեւան
թմբկափոր   
ու տեղ մըն ալ՝ հաւակնոտ
կուգամ կ’երթամ ուր ուզեմ
չեմ կանգնիր իմ չսիրած վայրերս
-սիրուած վայր մ’ալ մինչեւ հիմա չեմ գտած-
չունիմ գին չունիմ գնորդ
անգին եմ թէ արժեզուրկ
հարցում անգամ չէ ինծի
ոչ սպասող սէր ունիմ
ոչ ալ մասիս հարցնող
-ասոր համար աչքէս արցունք չեմ քամեր
թող չերեւնամ
չլսուիմ
ի՞նչ վնաս
տալիք չունինք
ես ուրիշներ իրարու

բայց երբ դէմս ելլող մը
Յարալէզի հովերով
արիւնս մէկէն խաղցնէ
հոն նետուած հին հունտիկին         
շփոթահար ճաճանչումին
քովէն անցնի
ձեւանալով անտարբեր
ու իբրեւ թէ չտեսած
կոխէ ծիլի ճկոյթին
եւ առանց աչքերուն մէջ նայելու
օդին մէջ
ներողութիւն  ֆշշացնէ  
հոն՝ կը փոխուի ամէն ինչ

-ի՞նչ

կուտը հարկա՜ւ կը լեցուի
բայց ծղօտին աւիշը
արիւնագոյն
տեղ չի գտներ հոսելու
անտուն անտէր կը թափառի անգետին

-ոչինչ

Wednesday, July 04, 2018

Յովհաննէս Ասպետ։ ԱՆԶՈՒԳԱԿԱՆ ՔԵՐԹՈՂԸ

Մ. Մեծարենցի 64 - որդ մահուն յիշատակին.



ԱՆԶՈՒԳԱԿԱՆ ՔԵՐԹՈՂԸ


Կեանքդ ապրիմ մեռնիմ ծաղիկին նման էր.
Քու անհաս երազիդ խորքերէն մեղմահոս
Ծորան գուսանի երգեցիք սիրոյ տաղեր, 
Ծիածանի նրբագեղ ցոլքեր երկնահոս: 

Հոգեվառ քու նուագիդ յուզումն աղու, 
Անոր լարերը պիտի հնչէն առյաւէտ, 
Ո՜վ անկրկնելի հմուտ արուեստագէտ,
Դուն թարգմանը՝ զգայուն հոգիներու: 




Յովհաննէս Ասպետ

Սիրելի Լօլա, սիրով եւ հաճոյքով կը նուիրեմ Անզուգական Քերթողը բանաստեղծութիւնը Հ. Բ. Հ. -ին. 04 Յուլիս 2018-ին Մ. Մեծարենցի մահուն 110-որդ տարեդարձի կապակցութեամբ. Վերի բանաստեղծութիւնը Մ. Մեծարենցի անմահ յիշատակին ձօնած եմ 11/1972-ին. Կը յուսամ որ Հ. Բ. Հ. ի ընթերցողներուն գրական հաճոյք պիտի պատճառէ. Տողերուս գրողը՝ քեզ կը բարեւէ Յովհաննէս Ասպետ