Showing posts with label Syria. Show all posts
Showing posts with label Syria. Show all posts

Saturday, April 03, 2010

Wednesday, February 03, 2010

Friday, November 27, 2009

Արմէն Անոյշ։ Թաղում

Յաջողեցայ վերջապէս. սէ՛ր, կը թաղեմ քեզ այսօր.
Այսուհետեւ ես կրկին պիտի քալեմ յաղթական.
Երէկ դուն տէրն էիր իմ, ես քու գերիդ յանցաւոր,
Այսօր դարձած ես արդէն օրերուս շուքն անկենդան։

Լուսնի լոյսին տակ դողդոջ՝ կը թաղեմ քեզ այս գիշեր,
Յիշատակներս զերթ կերոն կը փայփըլին տրտմագին,
Հոգիէս փերթ փերթ կ՛իյնան անցեալի խե՛նթ անուրջներ,
Կ՛իյնաս անդարձ, յուսահատ, ու քեզի հետ կը թաղուին։

Կը թաղեմ քեզ. բայց ինչու՞ սիրտըս յանկարծ կը հեւայ,
Զղջումի դառըն շունչէն մատուըներըս կը դողան…
Ու հոգիիս մէջ կը զգամ ապաշաւը մեղանչման…

Բայց կը թաղեմ ես զքեզ, թէեւ քեզի հետ ահա
Պիտի թաղուի անկասկած մենաւոր սիրտս այս հըպարտ.
Կը թաղեմ քեզ, Սէր . արքայ, հողը թեթեւ գայ վըրադ։

ԱՐԴԻ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Ժողովածու), Բ. Հատոր, Արտասահմանի Գրողներ, ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ Մատենաշար 12, Փարիզ 1941

Friday, June 26, 2009

Մարուշ Երամեան։ ԴՌՆԵՐ

Բանտիս դռներն էին եօթը
մուտքերով
մտերիմ ու անքարտէս

եօթ դարպասներ
եօթը կողպէք պատմութեան
եօթ հմայիլ աքսորի

պատուհան չկար որ երկինք մը
սահմանէր
մուտքերէն դուրս անապատ մը
կը լայննար
եւ անոր մէջ ցեղս ինքզինք
կը փնտռէր

ո՞վ փակեր էր դռները
ու յետոյ
լծուեր զանոնք μանալու
առեղծուածի պորտին վրայ
ապրելու
չմեռնելու
ծանրութեան տակ բառերու եւ
շղթաներու
ոսկեզօծ ու թիթեղեայ

Բանտիս դռներն էին եօթը
մուտքերո՞վ թէ ելքերով

թափանցիկ են անունները
ժանգոտած ծխնիներով

որո՞ւ արիւնն էր որ լուաց ժանգերը
եւ իւղեց ծխնիները
ելումուտը դարձաւ կարծես կարելի

Դռները վաւերական
պատմութեան կամ առասպելի
կնիքով

անկիւնի սեւամորթը
- միակն այստեղ -
տեսարժան վայրերու կարգին
դասուած

յաւիտեանս խարսխուած
խարկուող պիստակներու
ծխնելոյզին առջեւ
պատմուածը կը կնքէ
իր կնճիռներուն թիւով

ծանծաղ՝ հոսքը մարդերուն
սակայն հզօր՝ հոսքը սեռին
որ կը պահէ ամբողջ ցեղ մը
խաբկանքներու սօսնձուած
գոհացումով գիջութեան

բանտախուցերուն մէջ միայն
ազատութիւնն իմաստ կ՚առնէ
եւ μոլորը կը միանան միայն մէկը
գոնէ մէկը
փրկելու

բանտիս դռներն էին եօթը ելքերով

Wednesday, March 05, 2008

Տիգրան Գաբոյեան։ Հալէպ

Հալէպ






………սանձուած էշը մօտեցաւ թաղամասին մեր
ու լուացքը չտեսած արթնցուց
մեծ մօրս ծրագիրները




ակումբիս մէջ պրազիլեան պաստառով պատառիկները
կազմեցին եսս
մանկութենէն շիկացած սհովռի մը համար
անչափաս չարապէսքռին դիմաց



մեքենաս անցաւ
(արտաւազդեան նախշով ու մասիսեան sticker-ով)
հետք թողելու տեղ ու տուն
կոչուած
եւ
չկոչուած
փողոցներուն վրայ





իսլամական աշխարհի մայրաքաղաք
կոշտ բարբառով արաբական
ու աւանդ անկործան
քամահրանքի աստիճանը մագլցող
առանց ժամադրութիւններու





կը փթթի հանրային պարտէզի
նետուածութիւն խմբային
կէդդհոռի տարածքային սնապարծութեամբ
ու խանութային թեյով
ուր տանիքը գիշերն է յաւերժապէս
լքուած առտուներու

բայը խնդրի մակդիր

դէպքը անկատար սողուն

տապը անլուայ սեռ

հայեացքը զրնգուն Մեզափօթամիա




եկեղեցիներու ցուցադրուած թատրոնը
կիրակիի տարազներուն գերին է
մզկիթներու ղեկավարելի քննարկումը
ըլլալռչըլլալու թեթեւութեան հոսք



աղջիկներ
J.Lo-ներ առաքինի
կամ մաքէ ըբռով քարացած մագտալենաներ

տղաք
դասակարգումի կերտիչներ
սերնդափոխութեան ախտերը միշտ կեանքի վերածող
իսկ բոլորը միշտ ազնիւ
չարտատպուած էութեան ժամանակով
կամ անկէ փախած ըլլալու տենչով երբեմնի








հայութիւն



եկեղեցիի պատգամին մասունքները
ցեղասպանութիւն կը ծորին
գալիք դարու արմատները համտեսելու վճիռով

Gucci-ին քրիստոսի վարտիքէն մոլորուած
թել է
մեծ հաւատքով ընդօրինակուած




հայութիւն


հայաստանը կար ու չկար
կամ
կայ ու պիտի ըլլայ
դատովռակումբով ու մարտական
ինքնապաշտպան արշաւանքով
(առանց որեւէ կերպ դաշնակցելու հակառահաբեկչական պայքարին)




եւ արեւմտահայաստան
երբեմն տոհմիկ պար
խօսկապի մը ընթացքին
կամ
անմնացորդ նուիրատուութիւն պարահանդէսի մը մէջ



անձս կը բերեմ
որպէս հօլիուտի չորդեգրուած գաճ
համբուրելու սրբազանի մը աջը
զայն սեպելով Գ.Լուսաւորիչ






իտէալը կը քնանայ դուրս եկած բիբերով
մեծաւորի կամ հարուստի մը
հետքէն պարտուած
իսկ տնային սուրճը
կանձրեւէ բանահիւսութիւն
անբիծ բանբասանքի տեսքով



օրը անմաշ կրկնելի առիթ
գործը աննահանջ զբաղում
ու վախը կոճղ կառավարական անարդարութեան սեմին








ոսկերիչներու թաղի զրոյցներուն առընթեր
հոգեբանութեան զենումը կը հեւայ
ու կանգնած եսը
անկրկնելին
որպէս հոյամողէզ թա’անցիկ
հոյամողէզ հաշուետար շարժին համար
կսպասէ



Հալէպ

Օ

Հալէպ






Տ.Գաբոյեան

Wednesday, February 13, 2008

Տիգրան Գաբոյեան: Apocalypse

Զծուխս 
—Դատարկութիւն—
Apocalypse* 





Գլխուս մէջ Ռոպէրթ Ֆիսք*
Միջին արեւելեան տագնապի չաստուած





Գլխուս մէջ Իան Փալա(ք)*
21-րդ դարու ճառաքման թմբիր ու վառելանիւթ
Քրիստափոր Միքայելեանի չսահմանուած սփիւռքի
առեւանգման համար






Գլխուս մէջ Սիպերիական վերարձակուած մոլեգնութեան
Աքսոր
Չէկէվարա—Քասթրօ հիւանդագին լաւայով





Գլխուս մէջ թել
Էրօթիզմի ապաշխարհայնացման նուէր






Գլխուս մէջ արտադրանք
Հայրենական—ազգային ստորագրութիւններով
Ու պանիր տան հոտով ծօդուած
Զուիցերիա արտադրող նախշ ու պաշարէն փոքր մշակոյթի







Գլխուս մէջ NBA channel*
ու Հօլիուտի հայկական խնդրակերտում
Պիլ Կէյց կամ Ուալիտ պըն Թալալ
Սրս’ուն խսիրով խաղաղած

Գլխուս մէջ Անանեան Լյովա *
Լոռիի հանքերուն նաֆթ






Գլխուս մէջ Ես որ Չեմ երբեմն
Ջուրով կտրուած օղիէն
Պարահանդէսի սհովռին մէջ
Տղոց ու առանց տղերքին
Կամ
Տղերքով ու առանց տղոց —միտովին—
Բայց միշտ միասին





Գլխուս մէջ Ղարաբաղի ազատագրական շարժումի կնիք
Ուժ եւ արդարութիւն տարածող





Գլխուս մէջ ունայն ձայնը
Եւրոպականացումի ԸՍՊԱՏՐԻՆին*
Որ կը քալէ առանց տէսքիս
Հրավառեցնելով պատկերացումս իմ մասիս





Գլխուս մէջ Dolce & Gabana
Ու յաճախ Ferrari

Կամ հայու մը միւռօն ճակտիս անկիւնը
(գրելով գլխուս մաշկին մասին)







Գլխուս մէջ 33 թիւ մը տարիք
PC-ներով լարուած ու խորտակուած






Գլխուս մէջ պագ հոգուն համար
Ծափ—ծափ Կարոյին*
Ապրող ու շնչող





Գլխուս մէջ Թայրա Պանքս* ու Փարիզ Հիլթըն*
Մհեր Փապուճեանին* տենդը մկրտող
Կամ հայօրէն ճոխացնող



Ու տօն մը անթուակիր
Ցմահ
Ցայսօր





Գլխուս մէջ սրիկա Փէնթակօնէն չժամանած հրաման
Արեւմտահայաստան կերտելու

Ետքը ռուսական մաֆիայի տանջալից ջանք
Դիմա—արտայայտութեան






Գլխուս մէջ Քրիստոնիա Մարիամի սերմեր վեր ու վար
Եւ չեկած — չեղած արժէք
Վարմունքի— քունի տիեզերականացման






Գլխուս մէջ բանաստեղծութեան կտղուցքը չգրուած
Քաղաքներու հաւաքագրկման պահեստով






Գլխուս մէջ սպանական ցուլ շեշտակի ինձ նայող
Ու հայերէն խօսելակերպով դաջուած
Անկատար եզրացումի աւիշ



Տ.Գաբոյեան


Apocalypse* =Քօղազերծում ։
Րոպէրթ Ֆիսք* = The Independent թերթի թղթակից ։
Իան Փալաք* = Հունգարացի յեղափոխական, որ առաջին անգամ իր անձը հրկիզեց բողոքելով Սովէտ Միութեան դէմ ։
NBA T.V channel* = Ամէրիկեան արհեստավարժ պասքէդպալլ խաղերու արբանեակային կայան ։
Անանեան Լյովա* = Լեւոն Անանեան’ ներկայ նախագահը Հայաստանի գրողներու
միութեան։
ԸՍՊԱՏՐԻՆ=Մեր խօսակցական Հայերէնին մէջ գործածուող բառ, որ կը նշանակէ մարզական կօշիկ։
Ծափ—ծափ Կարօ*= Հ.Մ.Ը.Մ—ի համակիրներու ներկայացուցիչնէն մէկը։
Թայրա Պանքս*=Մօտէլ , խօսնակ ։
Փարիզ Հիլթըն*=Երգչուհի .....եւյլն։
Մհեր Փապուճեան*= Շատ մտերիմ ընկեր Պէյրութէն ,Քանատա փոխադրուած 1991-ին։

Մայիս -2007
Տիգրան Գաբոյեան

Saturday, February 09, 2008

Արա Ճուհարեան։ Բանաստեղծը

Click to hear the audio clip The poet read by Lola Koundakjian.

Ես կը վառեմ ձեր տան լոյսը
դուք կը մտնէք սեմէն ներս

կը փնռէք նստասենեակը - ննջարանը
կը գտնէք բաղնիքը - խոհանոցը
կ՛որոշէք ուր դնել հեռատեսիլը
գրադարանը
կը կախէք վարագոյրները
նկարները

յետոյ երբ սուրճ մը ուզէք առնել
որպէս սկիզբ
ձեր նոր տան նոր օրերուն
մի մոռնաք
ես էի ձեր նոր տան լոյսը վառողը


Արա Ճուհարեան


Copyright Ara Djouharian. This poem has appeared in Volume 1 of Yert, the Syrian-Armenian Writers Association's annual publication and is used here by kind permission of the author.

Friday, February 08, 2008

Տիգրան Գաբոյեան: Տեսակ Թափ

///////Տեսակ/////
,,,,,Թափ,,,,,
Եւ 
.

ՄԵՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ







Արի պայուսակս
եւ ընտրեցի խմբակ մը

թեքերումի



Ինչքան տարբեր են մարդիկ

Ամբոխին մէջ
Տունէս անդին
օտար քաղաքներու ընթացքին հետ




Գտայ
անզէն բջիջներուս համով
շարժումներ
չկերտուած դէմքերու
Բնազդը ինքնակոչ
Սնուած է արդէն
Տեսակով մը
Անձայն դարի մը համար
Եւ
Ուտեստեղէնի





Հաստ ու կլոր ոտքերը
Նոյն գոյնը դէմքի
Հայկական
Թրքական
Տեսականիի միախառնութեամբ
Կը սառեցնեն առատը թափի
Եւ եւրոպացիի ընկերաբանութեամբ
Կը լուացուին







Արի պայուսակս
ու
քալեցի
փողոցի մը մէջ
Ուր պատերը մօտ են ամպերու պէս
յուսալով թէ
թախիծը պիտի մաղուի հիմա
ժխորի զարանցանքէն
Աստ
Կը ննջէ երազը
Ազգագրական խտացմամբ
Իբրեւ համատարած
Նոր տարուայ ծառ ու հոգի


Զրոյցը
ընկերութեան շերտացող
Ու երաժըշտութեան սիրտը
Տեսակի կշռոյթը կրծող

Զմրսած են եւ իմ ապագան





Հեռացայ հաստ ոտնաթաթէն
Ու
Մազի գոյնէն սիրելի





Առի պայուսակս
բեղուն նկարներով
Տեսակաւորման


Եւ քիչ ետք շպրտեցի զայն
Մայթի երեսին

Monday, December 24, 2007

Վրէժ Գլընճեան։ Խօսք Նոր Գրիչիս

Ցոյց տուր հնարքդ տեսնեմ հիմա այս թերթ մը թուղթին,
Որ փորձաքարդ է անշուշտ, պիտի կրնա՞ս քանդակել
Հոն Քերթուած մը դաշնաւոր, որ խոհերուս սա մթին
Հանդիսանայ ապաւէն յոյսի ճրագ մը վայել...

Վաճառորդդ մինչ երէկ կը հիւսէր գովքդ ինծի,
Ու կը թուէր դրական յատկանիշներով անթիւ,
Անշուշտ անի չէր գիտէր, որ ճոխ տեսքէդ աւելի,
Կ՛որոնէի քու կոչման գիտակցութիւնը ազնիւ։

Ի՞նչ գրիչ ես դուն եթէ չտարփողես յարաժամ,
Խաղաղութեան եւ սիրոյ Աստուածատուր մեղեդին,
Եւ չդառնաս գոռ բողոք էնդդէմ վատին ու չարին։

Երանի թէ աշխարհի ողջ գրիչներն ապաժամ
Զղջումով մը խոր, անդարձ եւ անխափան որպէս ուխտ,
Առաջադրեն չաղարտել իրենց գիրով ո՛չ մէկ թուղթ...։


Copyright Vrej Klendjian. This poem has appeared in Volume 1 of Yert, the Syrian-Armenian Writers Association's annual publication and is used here by kind permission of the author.

Saturday, December 22, 2007

Գէորգ Թեմիզեան։ Բանաստեղծութիւն՝ Ուշացած Քերթուածի մը Համար

Click to hear the audio clip of today's poem read by Lola Koundakjian.


Բարեւ ձեզ,
Ես եկայ, հոգ չէ,
Քիչ մը ուշ,
Որովհետեւ սպասեցի որ հասնիմ
առօրեայ խօսակցութեան
մակարդակին՝
Ձեր տան ու գաղտնի կարծուած երազներուն...
Սխալ չհասկնաք,
Բառերը ուրիշ իմաստ չունին,
Ոչ ալ անոնց ետին
Խորհուրդ կայ
պահուած.
Օրինակ՝ երազները՝
Ըսել ուզեցի գիշերային
Կամ ցերեկային ձեր երազները,
Ո՛չ աւելի
Ո՛չ պակաս։
Սպասեցի որ խօսելու պէս գրեմ
Գրելու պէս շարժիմ
Եւ շարժելու պէս գրեմ
Ձեզի...

Պէտք չկայ իմաստութեան,
Որովհետեւ եկած եմ միայն ըսելու՝
Բարեւ ձեզ,
Կամ՝
Բարի լոյս,
Որ լոյսով հանդիպինք իրարու՝
Ուր որ կ՛ուզէք,
Սակայն պիտի չըլլայ սալոնի մը մէջ,
Ուիսքիի կամ օղիի
սեղանին շուրջ,

Ո՞ւր որ կ՛ուզէք,
Կարեւորը՝
Նստած կամ քնացած չըլլանք,
- Նոյնիսկ մութին մէջ -

Աշխատանքի՝
Կամ
Բան մը ընելու ատեն,
Բան մը շինելու,
Քանդելու ատեն,
Դպրոց կամ գործի,
Ցոյցի կամ ճակատ
երթալու ատեն,
Երբ որ պատրաստ էք
Բարեւ ըսելու,
Բան մը ընելու
Բան մը քանդելու -
Շինելու ատեն,
Շինելու ատեն,
Շինելու ատեն...

Բարեւ ձեզ,
Նախ ըսեմ,
Որ մինակ չզգաս,
Տաքնաս շունչով իմ լուռ բարեւիս,
Չերթաս մանկութեան անապատներուն,
Մահուան հետ կրկին չնստիս խաղի՝
Որպէս առանձին ու անզէն զինուոր.
Ճակտի գիր ըսիր՝
Ուրֆայէն...Տէրզօր
Տէրզօրէն Հալէպ...
Սակայն բառ չունիս
եւ բացատրութիւն՝
Հեռատեսիլի
Թիւ 10-11 կամ 12
Կայանին փակած.
Այնթապի կայանն ի՞նչ ունի տալիք
Բացի հատնելու
Բան մը չընելու
Բութ-լեղի համը
Մինակութեանդ...
Երանի իրաւ մինակ ըլլայիր,
Չունենայիր քիթ,
Չունենայիր պեխ,
Պատմութիւն կռուի՝
Բազուկ հարուածող,
Չունենայիր տուն,
Չունենայիր հող,
Չըլլար հայրենիք,
Չըլլային թոռներ՝
Ամէն տեղ ցրուած,
Որ այսպէս մինակ
Մինակ չըզգայիր...
Այնթապի կայանն
ի՞նչ ունի տալիք այս մինակութեան։
Գիտէիր սակայն որ այդ կռիւը
Չէր կրնար այսպէս
Սպառիլ,
Հատնիլ,
Կայան թիւ 10-ի կամ 12-ի մօտ.
Չէր կրնար հատնիլ,
Բան մը՝
Տեղ մը,
Սխալ մը կար,
Ու անոր չափ,
Անկէ ուժեղ,
Կեանքի հեւքին,
Առօրեային
Մօտիկ -
Մօտիկ
Բարեւ մը կար
Ու բան մը կար,
Բաներ կային
Շատ ընելիք
Համտեսելիք,
Շարունակող... շարունակուող՝
Տեղ մը,
Դի մը,
Բարեւ բերող-
Կռիւ բերող
Խենթ,
կռուազան
տղայ մը կար,
Որ պիտի գար
Հալէպ քաղաք,
Հացնէր Տէրզօր
եւ Ռասիւլայն,
Ըլլար բառը եւ շարժումը ամենօրեայ
Ասդին - անդին ցրուած... կորսուած
մեր քայլերուն,
Ու թափ առնէր արձակուելով՝
- Յստակ - ուղիղ
Թիրախին...

ՇԱՐԺՈՒՄ
Հալէպ 1983

Գէորգ Թեմիզեան
Kevork Temizian (1945-1999)
This poem has appeared in Volume 1 of Yert, the Syrian-Armenian Writers Association's annual publication.

Wednesday, December 12, 2007

Յարվարդ: Անվերնագիր

Սիրտեր մէկտեղող
Կարճագոյն ուղին
Գիծ մըն է Ուղիղ
- Ըստ Երկրաչափին -

Եկո՛ւր տե՛ս որ այս
Աշխարհագրութեան
Էն կարճը սակայն
Էն դիւրինը չէ

Գագաթներ կապող
Կարճատեւ ճամբան
Կամուրջն է ճօճուող
Ու սարսափազդու

Քարտէսին վրայ
Բեն մօտ է Այբին
Բայց եւ իսկին մէջ
Հեռաւոր - հեռո՜ւ

Սիրտեր մէկտեղող
Հին ու կուռ ուղին
Գիծն է Ծուռումուռ
- Ըստ Հողագործին -

Կ'իջնէ փշածածկ
Ցից կածանն ի վար
Ու կը մագլցի
Բարձր Սարն ի վեր

2007
Յարվարդ


Copyright Harout Vartanian (Harvart). Used here by kind permission of the author.

Friday, November 09, 2007

Թորոս Թորանեան: Ըլլալ

Եթէ ըլլալ է պէտք
Բնութեան պէս ըլլալ
Ու մայրանալ հողի նման.
Ու հայրանալ Վահագնի պէս.
Քամիներուն դիմաց կանգնիլ,
Ծարաւի դէմ ճագիլ
Նուռի նման ճագիլ
Ու հազարաչ նայիլ
Արփիափայլ գոյնով
Պերճ հակինթի։

Մայիս 2004

Թորոս Թորանեան

Copyright Toros Toranian. This poem has appeared in Volume 1 of Yert, the Syrian-Armenian Writers Association's annual publication and is used here by kind permission of the author.

Monday, November 05, 2007

Թորոս Թորանեան: Երթա~լ

Երթա՞լ, ու՞ր երթալ, տակաւ տնտնա՞լ,
Շարքէ դուրս ելած գառնուկի նման
Մայե՞լ շուարած, երբ բաց է ճամբան
Մեր հայրենի տան, երթալ հո՛ն միայն։


Թորոս Թորանեան 2004

Copyright Toros Toranian. This poem has appeared in Volume 1 of Yert, the Syrian-Armenian Writers Association's annual publication and is used here by kind permission of the author.

Sunday, November 04, 2007

ԵՐԹ: Բերիոյ Հայոց Թեմն ու Սուրիահայ Գրողներուն Տարեգիրքը










YERT is a new publication by the Syrian-Armenian Community's and its Writer's Association. Volume one appeared in 2005 and is dedicated to the "1600's anniversary of the Armenian script". The second volume is dedicated to Armenian schools. Both contain prose, poetry and in-depth studies, including author's biographies and contact information.

The Armenian Poetry Project would like to acknowledge Ms Talar Kazandjian for her gift of books including these two beautiful volumes.

Thursday, August 23, 2007

Տիգրան Գաբոյեան։ Սեղանէս չեմ կրնար հեռանալ

Սեղանէս չեմ կրնար հեռանալ,
Տունէս չեմ կրնար հեռանալ,
Թաղամասէս,
Տեղէս,
Քաղաքէս,
Երկրէս,
Ետքը ինչպէս
Այդպէս արագ,
Ջինջ շուքի պէս,
Պիտ հեռանամ աշխարհէն։


Sunday, August 19, 2007

Յարվարդ : Դարձի՛ր ջրանիւ դարձի՛ր

Դարձի՛ր ջրանիւ դարձի՛ր
Ի զուր չէ որ կը դառնաս
Ամպ կը տանիս հանդին արտին
Որ պայթին ծաղիկներ ծիածան
Օ՛ն ջրանիւ մի հանդարտի՛ր
Ի դերեւ չէ լացդ մեղմիւ

Դարձի՛ր Նիւթընի սկաւառակ
Ծիածանդ ի զուր չի ծածանիր
Շերտ շերտ երազ հիւսէ՛ ճերմակ
Զոր պրիսմակը տուաւ ցրիւ
Ստուգիւ պարզէ՛ իսկն սպիտակ
Ի զուր չես պահանջեր հաշիւ

Դարձի՛ր տէրվիշ դարձի՛ր միշտ
Ի դերեւ չէ դառնալն արագ
Սպիտակ փեշդ հրեշտակի թեւ
Փակ աչքդ բա՛ց ծիածան Դէմքին
Սուֆիզմդ ամպէն անդին ճրագ
Ի զուր դուրս չես գար դուն քեզմէ

Լուացքի մեքենա՞յ օ՛ն դարձի՛ր
Չես խառներ դեղն ամպին ի զուր
Ծիածան թէ սաւան դուն անխտիր
Թել-հանդէսին տա՛ր լաթերդ մաքուր
Թէեւ չհիւսենք գովքդ ընտիր
Ի դերեւ չի դառնար սիրտդ թափուր

Դարձի՛ր ջրանիւ դարձի՛ր
Ի զուր չէ որ կը դառնաս
Ամպ կը տանիս հանդին արտին
Որ պայթին ծաղիկներ ծիածան
Օ՛ն ջրանիւ մի հանդարտի՛ր
Ի դերեւ չէ լացդ մեղմիւ


Յարվարդ

Copyright Harout Vartanian. Used here by kind permission of the author.

Monday, April 30, 2007

Յարվարդ: ԼԻ

ներկա ՛յ ներկա՛յ ներկա՛յ ներկա՛յ
ներկա՛յ ներկա՛յ ներկա՛յ ներկա՛յ
ներկա՛յ ներկա՛յ ներկա՛յ
ներկա՛յ ներկա՛յ ներկա՛յ ներկա՛յ
ներկա՛յ ներկա՛յ ներկա՛յ ներկա՛յ
ներկա՛յ ներկա՛յ ներկա՛յ ներկա՛յ







* Չորսով-վեց աղիւսակը պատահականութեան արդիւնք չէ: Ապրիլ 24: Վիճակագրութիւն է, կ'ուզենք գիտնալ վերապրողներուն թիւը: Ներկաները արդէն կ'ըսեն «ներկայ», քանի որ կան հիմա, ներկայիս, կը շեշտեն իրենց ներկայութիւնը: Միակ բացական զոհն է, ըսելիք չունի. եւ կամ, ըսելիքը՝ « »՝ մեծ ու ցաւալի լռութիւն մըն է, չակերտեալ: Բացակային զետեղումը պատահական չէ, «պաստառ»ի գեղագիտական կեդրոնն է, ըստ նկարչութեան: Քսանչորս հատ ներկայ՝ նուազ մէկ, կ'ընէ քսաներեք, Ապրիլ 23, Համաշխարհային Մանուկներու Օր, Թուրքիա... որ եւս պատահականութեան արդիւնք չէ... Մանուկներ, որ չեն գիտեր իրենց «ներկայութեան» բուն պատճառը:


Յարվարդ/Harout VARTANIAN, «ԼԻ», 2007

Tuesday, February 06, 2007

Harout Vartanian/Յարվարդ: ԱՆՈՒՆ ՄԱԿԱՆՈՒՆ

Բոլոր ծաղիկներն անուն ունին
ընտանեկան ծառերն ալ
մականունը մէկ է – Հող

բոլոր անասուններն անուն ունին
ֆինլանտուհի թէ սեւամորթ
մականունը մէկ է – Երկինք

սուտի պէս թէ իրաւ
սիրային ֆիլմերը համբաւ ունին
Բեմադրիչը մէկ է – Սիրտ

մահազդ թէ տապանաքար
հրաժեշտներն անուն ունին
մականունը մէկ է - Փոշի


Յարվարդ

Copyright Harout Vartanian
2006 - Հալէպ

Friday, January 19, 2007

Harout Vartanian/Յարվարդ: ԲԱՑԱՌԱԿԱՆ

Բոլորս անհամբեր
ակամայ կեցած էինք Կարմիր Լոյսին

Շտապ Օգնութեան Օթօն եկաւ
կարմրասփիւռ կանչով
բոլորս քով քովի կամովին
նեղ ըրինք տեղ ընելու

Կեանքն էր անպայման
որ անցաւ արագ
ուա ուիիի՜


Անդին Մեռելաթաղի Օթօն դանդաղ
կ'առաջնորդէր թափօր մը կաղ
- դագա՜ղ -


4
3

Իջի՜ր գահէդ Կարմիր Լոյս
2
1
կամովին իջի՛ր ու դալարի՛ր

Արիւնն էր որ անցաւ


Լոյսը Կանաչ է - երթա՛ք բարի

Յարվարդ Հալէպ

Copyright 2005 Harout Vartanian

This poem has appeared in the March 2005 issue of Բագին/Pakin literary magazine, a monthly published in Beirut, Lebanon