Sunday, August 19, 2007

Յարվարդ : Դարձի՛ր ջրանիւ դարձի՛ր

Դարձի՛ր ջրանիւ դարձի՛ր
Ի զուր չէ որ կը դառնաս
Ամպ կը տանիս հանդին արտին
Որ պայթին ծաղիկներ ծիածան
Օ՛ն ջրանիւ մի հանդարտի՛ր
Ի դերեւ չէ լացդ մեղմիւ

Դարձի՛ր Նիւթընի սկաւառակ
Ծիածանդ ի զուր չի ծածանիր
Շերտ շերտ երազ հիւսէ՛ ճերմակ
Զոր պրիսմակը տուաւ ցրիւ
Ստուգիւ պարզէ՛ իսկն սպիտակ
Ի զուր չես պահանջեր հաշիւ

Դարձի՛ր տէրվիշ դարձի՛ր միշտ
Ի դերեւ չէ դառնալն արագ
Սպիտակ փեշդ հրեշտակի թեւ
Փակ աչքդ բա՛ց ծիածան Դէմքին
Սուֆիզմդ ամպէն անդին ճրագ
Ի զուր դուրս չես գար դուն քեզմէ

Լուացքի մեքենա՞յ օ՛ն դարձի՛ր
Չես խառներ դեղն ամպին ի զուր
Ծիածան թէ սաւան դուն անխտիր
Թել-հանդէսին տա՛ր լաթերդ մաքուր
Թէեւ չհիւսենք գովքդ ընտիր
Ի դերեւ չի դառնար սիրտդ թափուր

Դարձի՛ր ջրանիւ դարձի՛ր
Ի զուր չէ որ կը դառնաս
Ամպ կը տանիս հանդին արտին
Որ պայթին ծաղիկներ ծիածան
Օ՛ն ջրանիւ մի հանդարտի՛ր
Ի դերեւ չէ լացդ մեղմիւ


Յարվարդ

Copyright Harout Vartanian. Used here by kind permission of the author.

No comments: