Wednesday, August 08, 2007

Սոնիա Սանան: ԿԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐՋԻՆ ԸՆԹՐԻՔԸ

Ս. Արեանին


Պուրճ համուտը լռած է։
Ժամը մէկ է։ Կէս գիշեր։
Թաղին ծայրը կատուները միս մինակ
տիեզերքի մութին դէմ փամփուշտի պէս մլաւիւններ կ՛արձակեն
աղբակոյտի մնացորդին մէջ ինկած։
Պուրճ Համուտը լռած է։
Կոյր սրճեփի ծեր կառքէն
սուրճի հոտը թաղը ամբողջ բռներ է,
այրած սեւցած սուրճի հոտը
առաւօտեան սուղ-սուղ ծախուող փլասթիքէ գաւաթներով
սուրճի հոտը կոյր սրճեփին
որ դիմացի պատշգամէն ապօրինի ձեւով ճարուած ու լուացքի թելէն կախուած
դրօշակի գունատ լաթը
մէկ աջ մէկ ձախ կը թօթուէ
որուն հոգը
թէ դրօշակն այդ գողցուած
նշան է լոկ վարչապետին զօրակցութեան
եւ պիտի
փրթի իյնայ օր մը
անցորդներուն գլխուն անմեղ
ճօճանակուող չարչարանքէն իր խեղդուած։

Պուրճ Համուտը լռած է։
Բայց միշտ լուռ է թմրութեան դէմ իր սպաննող
աղմուկին դէմ յոգնեցնող
փողոցին մէջտեղը թաւլի կը խաղան ու դուն կը լռես
քէպապի ծուխով ննջարանդ կը մտնեն ու դուն կը լռես
ամբողջ տունդ կեղտաջուրով կը խեղդեն դուն կը լռես
միակ յստակ ու պերճախօս
պատասխանը թաղամասի խաղաղութեան
լռութիւնն է
այս օրերուն
եկուր գնայ դիմացիր լռութեան ու մի ճչար
թաղին ծայրը
փերեզակի մուճակ հագած կատուներու ցեխոտ փտտած
պահուըտուքին մաս կազմելով։
Պուրճ Համուտը լռած է։
Թաղին ծայրը աղբակոյտը փոքրիկ բլուր կազմած է
մահաթոյնէ դրոշմաթուղթ փակցնելով
խաւարին մէջ բազմապատկուող կատուներու երազներուն։
Ծեր շէնքերուն անթէնները երկնքին մէջ վիժած են
պաստառներուն խաբկանքը
երկնքի առեւտուրին ձրիաբար յանձնելով։
Քանի հոգի դուրսը մոռցած
կը գիջանայ այս պահուն
բազկաթոռին մէջ ընկղմած
սուտերուն իր հաւատալով։
Քանի հոգի հիմա պառկած
հոլիվուտեան կեղծ աստղերուն
շորթիկները կամաց կամաց կը վերցնէ
ու կը սառի իր հաճոյքէն թլփատուելով։
Ժամը մէկ է։ Կէս Գիշեր։
հէտֆոններս ականջներուս պատշգամէն կախուեր եմ
կատուներու սեռ մուրացող մլաւիւնին ականջ տալով
Վէվ Օշականն ու Դուրեանը
սրտիս խորը
լճակի մը թրաժէտին կը գրեն
Քանի հոգի լուռ սիրեցին
մեծ քաղաքի մեծ սէրերով
յետոյ ինկան
ոստրէներու չորցած-հինցած
կափարիչներ հաւաքելով
քանի հոգի
ահազանգի խելառ-մելար ոռնոցի մը ականջ տալով
կոշտուկ կապած բոպիկ ոտքով
բեմ բարձրացան
բարձախօսով ճառ կարդալու
քանի հոգի կիրակնօրեայ բիժամայով
քարոզ լսեց ու հայհոյեց
եւ քանիներ ամէն տարի
խոր հաւատքով եւ լրջութեամբ
տարեդարձի մոմեր բռնած
հին Վրէժ-ին յիշատակը դեռ կը յարգեն։
Պուրճ Համուտը լռած է։
Բայց միշտ լուռ է աղէտին դէմ
որ հարսի պէս ուրախ զուարթ կը պտտի իր թաղերէն
ճիւերուն ալ հոգը չեղող
քէֆի թմբուկ խաղցնելով։
Ժամը մէկ է։
Աղբատարը ահագնացող սպառնալիք կը կարդայ կատուներու
գլուխներուն մուրացկան
ու կը խլէ անոնց ճանկէն
խաղաքարտի պէս բախտաբեր
պատառիկներն աւելցուքի։
Ով պիտ՛ փրկէ
կատուներուն վերջին ընթրիքն առատաձեռն
ով պիտ փրկէ
ականջներս հէտֆոններու լռութենէն
կատուններու փամփուշտներէն
սիրտս ծակող լճակին լուռ արտասուքէն։

Copyright Sonia Sanan.

This poem has previously appeared in ETTEB.com, the online version of the periodical etteb/Ի Դէպ and is reproduced here by kind permission.

No comments: