Tuesday, August 21, 2007

ԽԱՉԻԿ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ: ՁՕՆ

Մինչ նաւակը լռութեան
Ափ կը հանեմ այս գիշեր
Ուռկանիս մէջ անթիւ խօսքեր հին ու նոր
Տեւաբար կը թպրտան:
Վաղը առտուն, պիտի բերեմ քու սեղանիդ
Ընթերցո՛ղ
Կարօտներուս հրայրքներով բոցակէզ՝
Աւարն յուշի գանձերուն:

15 Հոկտեմբեր 2000

Copyright Khatchig Mouradian. Used here by kind permission of the author.

No comments: